Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայոց Լեզուի Ուսուցիչներս (1)

Հայոց լեզուի առաջին ուսուցիչներս եղած են մայրս ու հօրենական մեծմայրս, որոնք, սակայն,   անգրաճանաչ գեղջուկներ էին:  Կրնայ հակասական թուիլ ըսածս, ուրեմն փութամ պարզել: Ես՝ իբրև հինգ զաւակներու վերջինեկ,  աչքերս բացած եմ ընտանիքի մը մէջ, ուր կը խօսուէր երկու հայերէն՝  արդի աշխարհաբարը  և բարբառ մը. այս վերջինը  թրքախառն լեզու մըն էր, որ սեփականութիւնն էր մօրս և մեծմօրս. անոնք երկուքը ուրիշ լեզու չէին գիտեր, մինչ հայրս,– որ Եղեռնէն ետք  տարի մըն ալ ուսուցչութիւն ըրած էր հայ որբերուն,– բարբառի կողքին կը խօսէր նաեւ գրական արևտահայերէնը (լաւ գիտէր օսմաներէն ալ):

            Հինգ քոյր ու եղբայր կատարելապէս ընտելացեր էինք այս կացութեան. հօրս հետ կը խօսէինք գրական հայերէնով, իսկ մօրս ու մեծ մօրս հետ՝ բարբառային:  Այս կացութիւնը բացարձակապէս չէր նեղեր մեզ. նոյն պահուն, խօսքային նոյն շրջագիծէն ներս հօրս ուղղեով մեր խօսքը հեզասահօրէն կ’ըսէինք՝   «ինչպէ՞ս կ’ուզես որ երթամ»,  իսկ նոյնը մօրս դառնալով  պիտի ըսէինք՝ «ինտո՞ր կ’ուզես, քի իյամ»:  Մէկ լեզուէն միւսին անցումը այնքան բնական ու անսայթաք  կ’ըլլար, որ մենք բացարձակապէս ոչ մէկ ճիգ կը թափէինք, ինչպէս դուք պիտի չթափէիք, եթէ ձեր շուրջը ունենայիք հայ մը և չինացի, որոնց առաջինին պիտի  դիմէիք հայերէնով, իսկ երկրորդին…չինարէնով:

         Մինչև այստեղ արտասովոր և ուսուցողական ոչինչ կայ:

         Ուսուցողականը կը սկսի  ասկէ անդին:

                                                                        *   *   *  

         Մայրս,– ուրեմն նաև մեծմայրս,– կատարելապէս յստակ կ’արտասանէr մեր հինգ եռաշարք բաղաձայնները՝ պեր (բե՛ր),  կացի (գացի), տուռ (դուռ), ծիւն (ձիւն), ճուր (ջուր) և այլն: Մինչ հայրս և շրջապատս, ներառեալ ուսուցիչներս, այս բառերը կ’արտասանէին  փեր, քացիթուր, ցիւն, չուր, ինչպէս կ’արտասանենք հիմա մենք՝ բոլոր «զտարիւն»  արևմտահայերս:

         Լեզու մը սորվելու և իւրացնելու լաւագոյն միջավայրը ընտանիքն է. ընտանիքէն ներս լեզուական ամենաբարդ  հարցերը կը լուծուին ամենահեշտ ու պարզագոյն միջոցներով հոն, ուր դպրոցը այնքա՜ն կը չարչարուի ու կը չարչարէ՝ առանց մեծ արդիւնքի հասնելու: Դուք կրնա՞ք պահ մը պատկերացնել, թէ հինգերորդ դարուն հայ մանուկները Հայաստանի մէջ գրաբար կը խօսէին՝ առանց դպրոցի ու գիրքի, իսկ մեր աբեղաները տարիներ կը զոհեն՝ առանց հասնիլ կարենալու  երբեմնի այդ մանուկներու հեզասահ խօսուածքին: Որմէ՞  կը սորվէին այդ գրաբարը,– անշուշտ իրենց շրջապատէն, որ նմանապէս դպրոց ու գիրք չէր տեսած: Ուրեմն, մենք ալ մեր կարգին՝ հինգ քոյր-եղբայր, կատարելապէս, առանց նուազագոյն ճիգի, բայց նաև անգիտակցաբար, կը տիրապետէինք այս երկակի արտասանութեան նրբութիւններուն. օրինակ՝ հոն ուր հօրս  ուղղելով մեր խօսքը պիտի ըսէինք՝ «թուռը  փացի»,  մօրս ու մեծմօրս ուղղելով մեր խօսքը ինքնաբերաբար կ’ըսէինք՝ «տուռը պացի», որ է «դուռը բացի»: Նմանապէս՝ «ցմեռը հասաւ» և «ծիմեռը հասաւ» (ձմեռը հասաւ), «քիւղ քացինք» և «կեղ կացինք» (գիւղ գացինք) և այլն:

         Անշուշտ հիմա, տասնամեակեր ետք, չեմ կրնար զարմանքս զսպել՝ ի յուշ կարգ մը երևոյթներու, որոնք օրին աննկատ անցած են մտքիս ծիրէն: Այսպէս, օրինակ, ինչպէ՞ս կ’ըլլար, որ Փոքր Հայքի այն անշուք գաւառակին մէջ, ուր ծնած ու մեծցած էին ծնողքս եւ նախնիներս, պահպանուած էին եռաշարք բաղաձայնները, մինչ Արեւմտահայաստանի ամբողջ տարածքին  խախտած էին անոնք ու դարձած էին երկշարք: Կամ թէ կանգ առնեմ մօրս միայն ծիմեռ (ձմեռ) արտասանութեան վրայ. այս արտասանութիւնը ո՛չ աշխարհաբար է, ո՛չ գրաբար. իր «ի» ձայնաւորով ան  կը համապատախանէ բառիս նախահայերէնեան փուլին, ուր ան այդպէս կ’արտասանուէր 4-5 հազար տարի առաջ (տես Աճառեանի Արմատականը): Աղէկ, սակայն այս արտասանութիւնը ինչպէ՞ս անփոփոխ հասած է ծնողքիս  բերանը՝ առանց ազդուելու գրաբարի, միջին հայերէնի ու աշխարհաբարի արտասանութիւններէն, որոնք տարբեր եղած են, եւ մնացած է միայն մե՛ր բարբառին մէջ, քանի Աճառեան կը թուէ ձմեռ-ի մօտաւորապէս  15 բարբառային արտասանութիւն, որոնցմէ ոչ մէկը «ի» ձայնաւորը կը բովանդակէ:

         Չեմ գիտեր ու չեմ գիտեր:

         Ահա յիշեալ «գիտելիքներով զինուած»՝ ամէն անգամ որ ուղղագրութիւն կ’ընէինք դպրոցը, ես կը յաջողէի պզտիկ վերլուծում մը կատարել ուսուցիչին արտասանութեան և իսկոյն կը գուշակէի, թէ ինչպէ՞ս պիտի զանազանեմ անոր  արտասանած փ, ք, թ, ց և չ բաղաձայնները, որոնք, անցնելով մօրս  ձայնարանին  մաղէն, ինծի յստակօրէն կը թելադրէին բ կամ  փ, գ կամ ք, դ կամ թ, ձ կամ ց, ջ կամ չ և այլն և որոնց զանազանումը ընկերներուս համար իսկական մղձաւանջ մըն էր, ինչպէս և է ներկայիս ալ բոլոր արևմտահայ դպրոցականներուն և…չափահասներուն: Ընկերներս կը զարմանային, իսկ ուսուցիչներս անշուշտ մեծապէս կը գնահատէին «ուղղագրագիտութիւնս», մինչ ես շատ լաւ գիտէի…թէ այդ յաջողութիւնները իմ շնորհքիս արդիւնքը չէին, այլ կը պարտէի մօրս և մեծմօրս՝ երկու անգրաճանաչ գեղջուկներու  արտասանութեան:

         Եւ միակ չզարմացողը ես էի:                                                                   

 

*   *   * 

 

 

Չեմ գիտեր ինչու, Հրաչեայ Աճառեան, որ այնքան բարբառներ սերտած է, ոչ մէկ ակնարկութիւն ըրած է մերինին: Գոնէ ինքս չեմ հանդիպած  նման ակնարկութեան մը՝ ո՛չ Արմատական  բառարան»-ի, ո՛չ ալ «Հայոց լեզուի պատմութիւն»-ի    մէջ, որոնց երկուքին ալ մօտէն ծանօթ եմ:              

         Իսկ այդ բարբառը այսօր գրեթէ այլեւս մոռցուած է:

         Եթէ անցեալին, ծնողքիս ողջութեան,  մէկ-մէկ կը հանդիպէի զայն խօսողներու, որոնք «հայրենակից» կը կոչուէին, հիմա այդպիսիներէն մնացող չկայ այլեւս:   Զայն խոսողներէն այլեւս չկայ  մեր ընտանիքին անդամներէն ոչ մէկն ալ:         

         Կը մնայ որ ե՛ս խօսիմ զայն:

          Այս ընել կարենալու համար՝  պէտք է որ բոլորովին առանձնանամ, փակեմ աչքերս ու ականջներս ալ, ու մտովի վերականգնեմ մօրս  պատկերը ու…զրուցեմ հետը:

Այլապէս, առանց անոր մտապատկերին, որ է՝ առանց անոր դէմքին  նայելու,  չեմ յաջողիր  վերականգնել հնչիւնական այն համակարգը, որ յատուկ էր  այդ բարբառին:

 

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ