Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Երէկ՝ Սիսի «Սուրբ Սոֆիա»ն, Իսկ Այսօր՝ «Այա Սոֆիա»ն

Համայն աշխարհի լրատուամիջոցները բազմաթիւ կրկնութիւններով ու պատ­մութեան համառօտ բացատրականներով զիրար գերազան­ցե­ցին ու յաճախ իրարու արձագանգ հանդիսացան, ներկայացնելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Թա­յիպ Էր­տո­ղանի կողմէ, Կոստանդնուպոլսոյ յունաց «Այա Սոֆ­իա» հռչակաւոր մայր եկե­ղե­ցին մզկիթի փոխակերպելու անիրաւ որոշումը եւ անոր հետեւող տխրահռչակ յայ­տա­րարութիւնը:

            Վեցերորդ դարու կառոյց ¥537¤ եւ Բիւզանդական կասրութեան փառքը հանդի­սա­ցած այս Մայր տաճարը, Սուլթան Մեհմետին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած օս­մանցիներուն արշաւանքով ու Կոստանդ­նու­պոլսոյ անկումով ¥1453¤ գրաւ­ուած էր, եւ մինչեւ 1935 թուականը ծառայած իբրեւ մզկիթ: Սոյն թուականին, Մուստաֆա Քէ­մա­լի աշխարհիկ

Յունաց «Այա Սոֆիա» եկեղեցին՝ մզկիթի տեսքով

կառավարութեան որոշու­մով թանգարանային կարգավիճակ ստա­ցած «Այա Սոֆիա»ն, մինչեւ այսօր՝ 2020 քա­ղաքակիրթ տարեշրջանը, կը շարունա­կէր մնալ իբրեւ զմայլելի թանգարան, հի­աց­նելով այնտեղ մուտք գործող իւրա­քան­չիւր անհատի: Իր լայնանիստ բացառիկ գմբէթը, որու վերակառուցողն է Անիի Մայր Տա­ճարի շինութեան վարպետ Տրդատ ճար­­տա­­րապետը, համաշխարհա­յին ճարտարապետութ­եան համար սքանչելի օրինակ է: Տրդատ ճարտարապետը Անիէն  յատկա­պէս հրաւիր­ուած է Կոստանդնուպոլիս, 10-րդ դարու մեծ երկրաշարժէն փլած «Այա Սոֆ­իա»ի հսկայական տա­ճարին տանիքը վերածածկելու մեծաթռիչք նոր գմբէթով մը, զոր չէին կրցած իրակա­նաց­նել տեղի ճարտա­րապետ­նե­րը: Եր­կա­­րաձիգ թեւե­րով մէկ ծայրէն  միւսը  նետուած  աներեւոյթ  սիւները պատճառ հան­դիսացած են, որ գմբէթին ներքեւ սիւներ չբարձրացուին եւ ատեանը դարձեալ մնայ միանաւ: Անշուշտ Կոս­տանդ­­նուպոլսոյ գրաւումէն ետք, երբ օսմանցիներ մզկիթի վերածեր են տաճարը, անոր չորս կողմը կառուցեր են մինարէթներ, իսլամական աղօթավայրի լիարժէք կարգա­վի­ճակ տալու համար քրիստոնէա­կան նախկին տաճարին:

            Թուրքիոյ կողմէ առնուած վերոյիշեալ որոշումը, Յուլիս 2020 թուին, հակառակ ընդհանուր քրիս­տոնեայ աշ­խարհի ապրած ցասման եւ հոգեւորական թէ քաղաքա­կան ազդեցիկ անձ­նաւորութիւններու արտայայտած բողոքներուն ու կատարած խոր­հըր­դատուութիւններուն, սոյն քայլը «Թուրքիոյ բնական իրաւունք»ը համարուեցաւ նա­խագահ Էր­տողանին կողմէ: Համայն աշխարհը երբ ափ ի բերան մնացեր է ի տես այս կեցո­ւածքին եւ ի լուր թրքական այս որոշման, հայ ժողովուրդը իր մօտաւոր անց­եա­լը վերյիշելով, բնաւ պէտք չէ՛ զարմանայ ու շատ «բնական» համարէ օսման­ցի­նե­րուն ուղղակի ժառանգորդ՝ Թուրք­իոյ ներ­կայ ղեկավարութեան առած այս անպա­տաս­խա­նատու քայլը:

          Եւ ինչո՞ւ այս «բնական» զգացողութիւնը մեր մօտ, Թուրքիոյ աւելի քան տխուր ու սահ­մռկե­ցուցիչ սոյն արարքին դիմաց, երբ 24 Յուլիսին Էրտողանի ծունկերը առա­ջինները ըլ­լալով պիտի կթոտին «Այա Սոֆիա»ի յատակին, իրականացնելով որոշ­ուած «նամազ»ը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը՝ Անթիլիաս, Լիբանան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, միակ կենդանի վկան Հայոց Ցեղաս­պանութեան, հակառակ յաճախ իր շուրջ ստեղծուող բազմաթիւ անբաղ­ձալի իրա­վիճակնե­րու, դեռ խիզախօրէն կը շա­րունակէ պահպանել իր ֆիզիքական գո­յու­թիւնը Սփիւռքի տարածքին, տարագրութե­նէն ետք հազիւ վերըն­ձիւղուած այնտեղ՝ հիւրըն­կալ Լիբա­նա­նի մէջ, Անթիլ­իասի ա­փունքին:

            Անաչառ պիտի ըլլա՞յ արդեօք Հայ Եկեղեցւոյ պատմիչն ու Հայ եկեղեցւոյ պատ­­մութեան դասագիրք պատրաստող մանկավարժը, արդար գնահա­տականը տա­լու տառապակոծ մեր Սուրբ Աթոռին, գէթ անոր ֆիզիքական գոյութեան համար: Այս Աթոռը շօշափելիօրէն  կրցաւ պահպանել իր գոյութիւնը, երբ Կիլիկեան թագաւո­րու­թիւնն իր Լեւոններու ու Թո­րոսներու փառքով չկրցաւ չվերապրիլ, պատմու­թեան ծո­վու ամեհի ալիք­նե­րուն անձնատուր ըլլալով. իսկ Հայոց Ցեղաս­պանութենէն վերապ­րած մեր հայրերն ու մայրերը կրնայի՞ն մինչեւ այսօր պահպանել իրենց ֆիզի­քական գոյութիւ­նը…:

            Կիլիկեան Սուրբ Աթոռը պատմութեան շնորհքն ու հրաշքն է ընծայուած մեր եկեղեցւոյ ու սփիւռքացեալ ազգին: Անուն մը, որ նոյնացած է իր տառապեալ ազգին հետ: Անիկա փակ աչքերո՛վ իսկ տե­սանելի է ցե­ղաս­պանին: «Մեծի Տանն Կիլիկ­իոյ Կաթողիկոսութիւն». անուն՝ որ նոյնիսկ ջրածեծուած մտածողութեամբ, երբեմն դժկա­մա­կութ­եամբ կը կարդացուի Հայ Եկե­ղեցւոյ Նուի­րապե­տութեան քառատող շարքին մէջ:

Հայաստանի անկախացման շատ թանկագին պատճառաբանութիւնն ալ, որուն մեծաձայն քարոզչութիւնը կատարելով Կիլիկեան Ս. Աթոռի «ժամանակավրէպ» ըլլա­լը ներբողեցին նոյնիսկ մեր ազգային պատմութեան առաջին էջը չկարդացած մար­դիկ, բացայայտօրէն սկսած է կորսնցնել իր վեհութիւնը՝ ներ­հայկական ստորացուցիչ խայտա­ռա­կութիւններով, իսկ անոնց դիմաց՝ համազգային յուսախաբութիւններով: Իրավիճակ­ներ, որոնց պատ­ճառով ամէն օր բռածեծ կը դառնան բիւրաւոր հայերու ազ­գասիրա­կան ու հայ­րենասիրական զգացումները, մայր հայրենի­քէն սկսեալ մինչեւ հոն՝ ուր նոյնիսկ մէկ հայ կայ:

          Հակառակ դարաւոր կաղնիէն՝ Սիսի Կաթո­ղիկոսարանէն արմատախիլ եղած ըլ­լալուն, իր նորաբոյս արմատներով դարձեալ ծաղկած է ան՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կա­թողիկոսութիւնը, Անթիլիասի Մայրավանքը դարձնելով աշխարհացրիւ հայութեան բա­­­բա­խող սիրտը: Սուրբ Աթոռ մը, որ կորսնցուցած է ամէն ինչ, սրբացեալ քար ու պատ, դաշտ ու արտ, թեմեր եւ կառոյցներ, «Խաչ Օտա» վեհարանն ու յատկապէս Կի­րակոս Մեծագործ Կաթողի­կոսի վերանորոգած հոյակերտ Սուրբ Սոֆիա Մայր Տաճարը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը Սիսի մէջ, արեւելքէն դիտուած: Ձախին՝ բերդանման՝ Ս. Սոֆիա Մայր Տաճարը

Ահա՛ թէ ինչո՛ւ հայ ժողովուրդին համար «բնական» պէտք է թուի Թուրքիոյ առած որո­շումը յունաց «Այա Սոֆ­իա» տաճարին առնչութեամբ, եւ այն ալ դեռ «մե՜ղմ» որոշում՝ որ քարին ու պատին չի՛ դպչիր: Բայց 80 տա­րի­ներ առաջ, 1940 թուին, ի՜նչ հեգնող զուգադիպութեամբ, երբ Անթիլիասի մէջ օծումը կը կատարուէր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ նորակառոյց Մայր Տա­ճարին[1], Սիսի մէջ թուրքը կը քանդէր Մե­ծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքը եւ անոր Սուրբ Սոֆիա Մայր Տաճարը…:

Սիսի Կաթողիկոսարանը արեւմուտքէն դիտուած: Աջին Ս. Սոֆիա Մայր Տաճարը աւերակ. փակած՝ Ս. Էջմիածին մա¬տուռը (1943)

          1915 թուականին Պոլսոյ մէջ ծնած եւ 1940-ին թրքական բանակին զինուորագ­րըւած տասնապետ Տիգրան Գույումճեանը, իր ընկերոջ՝ դարձեալ նոյն բանակին ծառայող Ստեփան Մանուէլեանի հետ, սքանչելի պատեհութիւն ունեցած է այցե­լելու Կիլիկիոյ շրջանի նախկին հայկական քաղաքներն ու գաւառները:[2] Ան իր լու­սան­կար­չա­կան գոր­­ծիքով միաժամանակ անմահացուցեր է այն՝ ինչ որ մնացեր էր, հայութեան տե­ղահանութենէն ու աքսորէն ետք անոնց սրբա­վայ­րե­րէն եւ նա­խապէս հա­յկականութեամբ տրո­փող բնակա­վայ­րերու մշակութային անշարժ հարստութենէն:

            Սիսի Ս. Սոֆիա Մայր Տաճարը, այդ հսկայական կառոյցը, Կիլիկիոյ Կիրակոս Մեծագործ Կաթողիկոսի օրով հիմնովին վերանորոգուած եւ 1810 թուին ­

Ս. Էջմիածին մատրան արտաքին մուտքը   

աւարտած է, նախկին Մայր Տաճարին որոշ բաժինները միայն պահպանելով եւ ներառելով նորին մէջ, ինչ­պէս մայր մուտքը, որ կոչ­ւած է «Արքայական մուտք», ուրկէ ներս կը մտնէին Կի­լիկ­իոյ թագաւորներն ու թագուհիները, իշխանա­զուն­ներն ու ազնուական դասա­կարգը: Տաճա­րը իր հիւսի­սա­յին եւ հարաւային արտաքին պատերուն փակած, ու­նե­ցած է մատուռներ: Հարաւային պատին՝ Ս. Էջմիածին մա­­տուռը, իսկ Հիւսիսային պատին՝ «Հոգին Սուրբ»ի եւ ա­նոր  մէջէն  բացուող  դուռով՝«Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ» մա­տուռը,  որ  միաժամանակ գանձատունն էր Ս. Լուսաւորչի դարաւոր Աջի պահպանման, յատուկ արկղի մէջ՝ խորանին տակը դրուած:

          Մայր Տաճարի ճակատի մարմարեայ արձանագրութիւնը, այնտեղ զետեղուած Կի­րակոս Կա­թողիկոսի հրամանով, հետեւեալ բովանդակութիւնը ունէր.

     «Դուռն իմ մտից ի լոյս վերին Լուսոյ փառաց խառնարանին. Զի աստ խառնի մաքուր գինին, Լինի զենումն անմահ գառին Հաստեցելոյ սեամբ շնորհին Նոր կա­ռուցելոյ բոլորովին. Թէ ես թէ շէնս արդեամբ Վեհին Հիմնեցելոյ ի բան վերին Տէր Կի­րա­կոս սրբազանին Եւ հոգելից հայրապետին. Ի թուին Հայոց ՌՄԾԹ ¥= 1800¤ մայիս Ժ օրն Սուրբ շինուածոյս վերականգնի Եւ այլ սենեակս ընդ պարսպի Մեծաւ ջանիւ կա­տարողի, Ի Հայոց գրոցն թուահաշուի. Այսքան ամօք աշխատողի Արիաջան փո­խա­նորդի Ընտիր Վեհիս Կիրակոսի Տէր Եղիա եպիսկոպոսի Որ է տեղեաւ Խարբեթացի Յիշման անունն է արժանի»:[3]

         Ս. Սոֆիա Մայր Տաճարը, վերաշինու­թեան ընթացքին, իր բերդանման կառոյցով ուշադրու­թիւնը գրաւեր է տեղացի թուրքե­րուն, որոնք Սուլ­թանին մօտ ամբաստաներ են Կի­րակոս Կաթո­ղի­կոսը, ըսելով թէ Կաթողիկոսարանի պարիսպները ամրացնելով, ինքնիշխան տէրութիւն պիտի հռչա­կէ ան, նոր բերդով մը, ե­կե­ղե­ցիի անուան տակ:[4]

         Սսոյ մէջ գահակալած վերջին Հայրա­պե­տին՝ Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան Կաթո­ղիկոսին օրով, որ իր ժողովուրդին հետ աք­սորական ե­կաւ եւ վերջապէս կայք հաստա­տեց Անթիլիասի մէջ, Կա­թողիկոսարանը ա­ւերակ եւ տխուր պատկեր մը կը ներկայացնէր, հակառակ իր շքեղ ու բերդանման կառոյցին: Իր ընտրութենէն ետք, Սա­հակ Կաթո­ղի­կոս որոշ

Ս. Սոֆիայի մայր խորանին խաչկալը

վերանորոգութիւններ կը կա­տարէ Մայ­րա­վանքին մէջ, յատկապէս բնա­կելի դարձնե­լով Մի­ա­բանական խուցերը, իսկ կարգ մը ան­հրա­­ժեշտ նորոգութիւն­ներ՝ Մայր Տաճարին մէջ, ամ­րաց­նե­լով մանաւանդ անոր խար­­խլած բաժին­ները: Հսկայական ու բարձր սանդ­ղամատներով խո­րանը այնքան լայն տա­րածք է ունեցեր, որ Բաբգէն Կա­թողիկոս Կիւլէ­սէրեան կÿըսէ, որ Երուսաղէ­մի եւ Էջմիածնի բոլոր զարդերը եթէ տե ղադ­րէին անոր վրայ, դարձեալ դատարկ տեղ կը մնար:[5] Խո­րանին վրայ կառուց­ուած է եղած գեղա­կերտ Խաչկալը, փակո­ւող-բացուող դռներով, իսկ աջ ու ձախ ա­ւան­դատուներուն վրայ դարձեալ մա­տուռ­ներ՝ նեղ­­լիկ եւ ոլորա­պտոյտ քարէ աստի­ճաններով բարձրա­նալու հնարաւորութ-եամբ, ո­րոնք ներքնապէս զար­դարուած եղած են 12 աշակերտներուն որմ­նանկարներով:

 

  Ս. Սոֆիա Մայր Տաճարի «Արքայական մուտք»ը

Ս. Սոֆիա Մայր Տաճարի Կաթողիկոսական գահը

Սիսի Մայրավանքի Ս. Սոֆիա Մայր Տաճարը դեռ լրիւ չէ՛ աւերուած: Արեւելեան պատը դեռ կանգուն է 1943 թուին

    Սիսեցիներու առաջին աքսորէն ետք, 1915-ին, Ս. Սոֆիան վերածուեր է մզկի­թի: Կարճ պիտի տեւէր սակայն այս յարմարեցումը: Կէօյ Ֆագը[6] անունով թուրքը

ա­ղեր­սագիր յղեր է տեղւոյն կառավարատունը, որ­պէս­զի տաճարին Խաչկալը վար առնուի, ըսելով որ ե­տեւի պատու­հան­ներէն ներս մտնող արեւուն լոյսը կը խափա­նէ: Կառա­վարիչը գիւ­ղացի թուրքերուն կը հրա­հանգէ կացիններով քան­դել ոսկեզօծ Խաչ­կալին վա­րի մասերը, իսկ վերի մասերէն պարան­ներ կապելով տապալել կու տայ ամբողջու­թեամբ: Խաչկալին ա­ջակողմը՝ Մովսէս, իսկ ձա­խակողմը՝ Եղիա մար­գա­րէներու իւղանը­կար­­ները  եղած  են,  իսկ Մայր Խորանի ինը աստիճաններով  հսկայ բաժինը, Սուրբ Եր-րոր­դութեան իւղանկարը ունեցած է: Նոյն միջոցին, միեւ­նոյն ճա­կատագրին կÿար­ժանանայ նաեւ Հայրա­պե­տա­կան Գահը, որուն բեկորնե­րուն հետ Խաչկալին կտոր­նե­րը վան­քին ախոռը կը տանին, ուր հայ գործա­ւորներուն կը ստիպեն մուրճերով փշրել զանոնք: Սուրբ Սոֆիա Մայր Տաճարի մարմարա­կերտ Հայրապետական գահը ինք­նին Կիլիկեան Հա­յաստանի «Հայոց պատմութիւն»ն էր, որով­հե­տեւ անոր պատուան­դանը եւ մինչեւ մէկ մեթր բարձ­րութեամբ մասը՝ Կիլիկիոյ թագաւորներու ար­քայական գահն էր, զոր Կիրակոս Կաթո­­ղի­կոս իր կատարած

Ս. Էջմիածին մատուռը՝ Տաճարի հարաւային պատին

հիմ­նական վերանորո­գու­թ­եանց ըն­թացքին, իբ­րեւ անմոռանալի յուշ Հայ­կական Կիլիկիոյ թագաւորութենէն, բերել եւ զե­տեղել տուած էր Ս. Սոֆիա Մայր Տաճարի դա­սին մէջ, ու անոր վրայ հովանի գմբէթ շինել տա­լով, դար­ձուցեր էր Կիլիկիոյ Կաթո­ղիկոսներու գահը:[7] Թէ՛ հոյակերտ խաչկա­լը եւ թէ՛ մեր ազ­գային պատ­մութեան անգնա­հատելի յի­շատակ ու ար­ժէք ներկա­յաց­նող Կաթո­ղի­կո­սական գահը ոչն­չաց­­ուած են 1915 թուին, Ս. Սոֆ­իա Մայր Տա­ճա­րի ամբողջական աւեր­ումէն (1940-1950¤ առաջ:

         2010 թուականին Սսոյ Մայրավանքի աւերակնե­րուն մեր տուած յիշատակելի այ­ցելութեան  ընթացքին  ընդհանուր աւերածութեան վայրին մէջ մնացած մի քանի պա տերն ու անոնցմէ ինկած քարերը մեր արցունքով թրջեցինք, յիշելով բնիկ սսեցի մեր մեծ հօր՝ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանային տուած տեղե­կու­թիւնները Ս. Սոֆիա Մայր Տա­ճա­րին մասին, յատ­կա­պէս անոր մէջի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մատրան, ուր իր կա­նուխ պատա­նե­կութեան տարիներուն համ­բու­րած էր ան Հայոց հա­ւատքի հօր աջ ձեռ­քի սրբա­զան մասունքը իր մէջ պար­փակող ոսկեայ Աջը: Անոնց տունը Սիսի «Ասլան Փա­շա» թաղամասին մէջ եղած էր, որ ծանօթ էր «Թափան­ցիներու թաղ» ա­նու­նով, աշխար­հագրական դիրքով շատ մօտ Սսոյ Մայ­րա­վանքին: Այդ պատճառով ան յաճախ այցելած էր Վանք, ինչպէս ինք կը պատմէր՝ բռնած իր իշուն պա­խուր­ցէն:

 

Տիգրան Գույումճեան

Աներդիք Ս. Սոֆիան եւ տեսարանը փրկած հայ զինուորները

Մինչեւ 1922 թուական, Սիսի ազնիւ ու հայա­սէր Միւֆթի՝ Հաճի Չամրտանի տան մէջ իբրեւ հա­րեւան ապաստան գտած եւ Հայոց Ցեղասպանութենէն հրաշ­քով փրկուած մեր մեծ հօր ընտանիքը, ծնող­ներով եւ քոյր-եղբայր­ներով, Աթա­թուրքի իշխա­նութ­իւնը ստանձ­նելէն ետք միայն կա­րո­ղացեր է դուրս գալ Թուրք­իայէն եւ հասնիլ Թրիփոլի՝ Լի­­բանան, վերակազմակերպելով

«Հոգին Սուրբ»ի խորանը

իր կեանքը նոր երկնքի տակ: Ճամբորդութիւն, որ  իրա­կանացեր էր անցագրի հա­մար լուսա­նկարո­ւելէ ետք, որ դժուարու­թեամբ ըն­դու­ներ էր մեծ հօրս հայրը, ընտանիքի իւրա­քանչիւր ան­դամի ձեռքը Սուրբ Գիրք ըլլալու պայ­մա­նով, այլա­պէս նկարուիլը իր հաս­կա­ցու­թ­եամբ, մեղքի հա­մազօր երեւոյթ ընդուած է եղած: Մեր մեծ հօր պատ­մած  ու  երգած Սիսը, իր մեծ ու փոքր մզկիթ­նե­րով, իր

 

Մայրավանքի փողոցին ցուցանակը

Մեծ հօրս ընտանիքը Ս.Գրքերը իրենց ձեռքին

 

փողոցներով, իր արտերով  ու այգի­նե­րով, ինչպէս նաեւ այլ յիշարժան վայ­րե­րով, մեր այցելած օրերուն այնտեղ էր՝ թեթեւ փոփոխութիւններով: Դէպի Սսոյ Մայ­րավանք տա­նող փո­ղոցին նոր ցու­ցանակն իսկ բա­ցայայտ կը նշէր «Մանասթիր Սօգաք» անունը ¥թրգմ.՝ «Վանքի փողոց»¤, այդ զառի­վեր ճամբուն սկիզբը դրո­ւած, սա­կայն բարձ­րա­նա­լէ ետք պարզ դար­ձաւ, որ այնտեղ այլեւս չկար Սսոյ դարաւ­որ Մայ­րա­վան­քը, իր հրա­շակերտ Ս. Սոֆիա Մայր Տա­ճարով: Անոր աւերածութեան ականա­տես վկան եւ լու­սա­նկարիչը՝ Տիգրան Գույումճ­եան, բարեբախտաբար Ս. Սոֆ­իայի ներքին եւ ար­տաքին մանրա­մաս­նու­թիւններէն ալ բաժիններ լուսա­նկա­րեր էր, ինչպէս «Հոգին Սուրբ»ի մատրան խորանին վերը, պա­տին վրայ նկարուած իւղաներկ պատ­կերը Քրիստոսի, նաեւ Ս. Էջ­միածին մատ­րան արտաքին բաժինը, որ հին լու­սա­նկար­ներէն կը բացակայի, որովհետեւ ընդ­հան­րա­պէս Մայ­րա­վանքը լուսա­նկարուած է հիւ­սիս-արեւել­եան անկիւ­նէն, եւ այս մա­տու­ռը հարաւային պատին տակ ըլ­լալով, լու­սա­նկարչական գործիքի ոսպնեակի տեսադաշ­տէն դուրս մնացած է միշտ: Տիգրան Գու­յում­­ճեան իր զին­ուոր ընկե­րոջ հետ նաեւ լուսանկա­րած է աւերուած ու ա­ներ­դիք Ս. Սոֆ­իայի կտրուածքը՝ արեւմտեան կողմէն դի­տ­­ուած, ուր կÿերեւին մայր խո­րանի երկու կող­մերու երկ­յար­կանի ա­ւանդատուները, որոնց վերի յարկերը ա­ռան­ձին խո­րան­ներ ե­ղած են, իսկ ձախակողմեան ա­ւանդատան վերի յարկը ծառա­յած է իբրեւ  զանգակատուն, տրուած ըլլալով, որ Ս. Սոֆիան զան­գա­կատան արտաքին աշտա­րակ չէ՛ ունեցած:

Երէկ կա՛ր Սսոյ Մայրավանքի Ս. Սոֆիան, ուր թագադրութեան հանդէս­ներ տե­ղի ունեցեր էին, երբ եկե­ղեցական յատուկ թագադրութեան արարո­ղու­թեամբ, Հա­յոց Կաթողիկոսներու ձեռամբ իրենց ար­քա­­յական օ­ծու­մը ստացեր էին Կիլիկիոյ Հա­յոց թա­գաւորները: Արա­րո­ղու­թիւն, որուն ձեռագիր բնօրինակը կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կա­թողիկոսութեան «Կի­լիկիա» թանգա­րա­նին մէջ պահպանո­ւող «Մայր Մաշ­տոց»ին վերջաւո­րու­թեան: Վերջապէս, Սսոյ Ս. Սոֆիան, որ երէկ կար եւ այսօր չկայ, այն սրբա­վայրն էր, ուր բազմաթիւ անգամներ Սր­բալոյս Միւռոն էր օրհ­նուեր Հայոց Կաթողիկոսներուն

Ս. Սոֆիայի ամենօրեայ մուտքը

ձե­ռամբ եւ գիշեր ու ցերեկ ժամասա­ցու­թիւն եւ պատարագ էր մա­տուցուեր Միաբանութեան կողմէ:

           Այո՛, երէկ կա՛ր Ս. Սոֆիան, բայց այսօր չկա՛յ: Մեր Սիս կատարած այցե­լութ­եան օրերուն երբ հարց տուինք տե­ղացիներուն, թէ ո՞ւր են այս ոչնչացուած Մայ­րավան­քին քա­րերը, մեզի ըսուեցաւ, որ անոնց­մով 1950-ական թուականներուն Սիսի մէջ նոր սերունդին դաստիա­րա­կու­թեան համար դպրոց կառուցեր էին:  Ճիշդ էր տրուած տեղեկութիւնը. մենք սոյն դպ­րո­ցը տե­սանք, մեր երկօրեայ կեցութեան ընթացքին, որ վանքին հնաբոյր քարերով էր կա­ռուցուած:

         Այո՛, երէկ կա՛ր Ս. Սոֆիան, բայց այսօր չկա՛յ: Վան­քի շարժուն գոյքը փութով հաւաքելով տալով ու զա­նոնք արկղերու մէջ լեցնել ու ջո­րիներու վրայ կապել տալէ ետք երբ Եղիշէ Կարոյեան Սրբա­զանը Սսոյ Մայրավանքի բանալիները կը յանձնէր Սիսի Վա­լիին[8], Միաբանները այն տպա­ւո­րութիւնը ունէին, որ խաղաղելէ ետք, ետ պիտի վե­րա­դառ­նա­ն Կաթողի­կոսարան: Ո՛չ ոք չէր գիտեր, որ Վանքի բանալիներուն յանձ­նումը, զայն պահպա­նելու  

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

հա­մար  չէր   տրուեր   թրքական  պետութեան  ձեռքը, այլ քանդելու եւ հիմնայատակ կործա­նե­լու…:

            ­Ա­նոնք որոնք դեռ երէկ ապահով երաշխիք ունէին, որ եթէ Սիսի Ս. Սոֆիան չկայ՝ կա՛յ Կոստանդուպոլսոյ հըս­կա­յական Այա Սոֆիան, այսօր անո՛նք եւս կա­տարուած իրողութեան առջեւ կը գտ­նուին, ո­րով­հետեւ Սիսի Ս. Սո­ֆիան հողին հաւա­սարեցնողը, Այա Սոֆիան դիւրաւ կըր­նայ դի­մափոխել, եւ այդ ալ՝ քաղաքակիրթ 21-րդ դա­րուն, ամ­բողջ

Անընթեռնելի վերջին նշոյլ՝ քարեղէն Սիսէն

աշ­խար­հի բաց աչ­քե­րուն դիմաց: Այն աչքերուն, որոնք դարձեալ բաց վի­ճակով բայց ժպտուն, հե­տե­ւե­ցան Սիսի Ս. Սոֆ­ի­այի եղե­րա­կան վախճանի տխուր արարին:

            «Կը յիշենք, կը յիշեցնենք ու կը պահանջենք» կուռ եզրոյթին իս­կական հե­ղինակ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ Ն.Ս.­Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, սոյն եզրոյթը նոր սերունդին յանձնարարողը չեղաւ միայն: Նո­րին Սրբու­թեան հեղի­նակած այս պահան­ջատի­րա­կան մար­տակոչը, 2015 թուականի նախօրեա­կին, թեթեւ ձե­­ւափոխումով՝ «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» տարազաւորումով որ­դեգրուեցաւ Հա­յաս­տանի Հանրապե­տու­թեան կազմած Հա­յոց Ցե­­ղաս­­պա­նու­թեան 100-ամեակին Յանձ­նաժողովին կողմէ, եւ ապա՝ նոյն առիթով պաս­­տառներու, կրծքանշաններու եւ ար­տա­­յայ­տու­­թ­եան այլ միջոցներու տեսքով ամէն տեղ երեւ­ցաւ:

        Սոյն մարտակոչը, որ 100-ամեակէն ետք արդէն սկսեր էր սովորական  լօզունքի  վերած­ուիլ, արդա­րութեան ի խնդիր կռիւ ստեղծելու «ձեռնոց»ը եղաւ Վեհափառ Հայ­րապետին ձեռ­քին մէջ, որ զայն նետեց թրքական պետու­թ­եան դաշտը: Վեհափառը իբրեւ լիիրաւ իրաւա­տէ­րը Ա­րեւմտեան Հա­յաստանի մէջ գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկ­իոյ Կա­թողիկո­սութ­եան բոլոր կալ­ուածներուն, դատա­կան  հայց ներ­կա­յացուց  Թուր­ք­­իոյ: Դատ մը, որ նաեւ տեղափոխ­ուե­­ցաւ մի­ջազ­գային ատ­եան, պահանջելով ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուրդին՝ նահատակներուն, արդէն մահացած վե­րապ­­­րող­նե­րուն ու ա­նոնց յետ­նորդ սերունդներուն բռ­նա­բար­ուած իրաւունք­նե­րը, սկս­եալ Մեծի Տա­նն Կի­լիկիոյ Կաթողի­կո­սութ­եան Սիսի ոչնչացուած Մայ­րավանքի հողատարածքէն եւ կալուածներէն:

            Այսօր Այա Սոֆիայի մզկիթի վերածուելու խնդրով խօսողներ շա՜տ կան, ցա­ւակցողներ ու միջնորդներ չե՛ն պակսիր, լաւագոյն պարագա­յին՝ բողոքի  կոշտ ձայ­նե՛ր կը լսուին, սակայն բոլորին մօտ ալ թուրքին հետ առերեսուելու քա­ջութեան պակասը զգալի՛է: Համաշխարհային հրապարակի վրայ՝ իրաւական ատեա­նին մէջ, Ցեղաս­պա­նին դէմ յանդիման կանգնողներ չե՛ն երեւիր այսօր: Միջազգային ընտա­նի­քէն սկսեալ մինչեւ մեր իրականութիւնը՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի տարբեր ան­կիւն­նե­րուն մէջ գտնուող «քաջ դատաւորներ»ը իրե՛նք թող դատեն հիմա, ու գէթ ան­գամ­ուան մը հա­մար արդար դատ տեսնեն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութ­եան այս խիզախ քայլին որակում տալու, թէկուզ մշուշոտ դատո­ղու­թեամբ:

            «Կորցրեցինք նիւթական Կիլիկիան, եկէք կերտենք Հոգեւոր Կիլիկիան», ըսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մեր Սուրբ Աթոռի երանաշնորհ Հայրապետներէն՝ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կա­թողիկոսը: Կիլիկիոյ այժմու Գահակալ Արամ Ա. Կաթողիկոս, Հոգեւոր Կիլիկիոյ հետ, նաեւ կորսուած Կիլիկիոյ՝ մեր երազի հայրե­նիքի դատին ի­րա­­ւա­պաշտ­պանը հանդիսացաւ:

            Երէկ՝ Սիսի «Ս. Սոֆիա»ն, այսօր՝ «Այա Սոֆիա»ն, բայց վաղուան չարիքը սան­ձելու մեթոտաբանութիւնը ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի բացատրէ խուլ աշխարհին, որ՝ ըստ երեւոյթին, պատ­մութենէն դասեր քաղելու տրամադիր չէ՛:

11 Յուլիս 2020

Ս. Ստեփանոս Նախավկայի Վանք, Դարաշամբ, Ջուլֆա

[1] Եղիայեան, Բիւզանդ, Ժամանակակից պատմութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 1914-1972, Անթիլիաս, 1975, էջ 515:

[2] Քէլէշեան, Միսաք, Սիս Մատեան, Պէյրութ, 1949, էջ 743:

[3] Ալի­շան, Հ. Ղեւոնդ, Սիսուան – համագրութիւն Հայկական Կի­լիկիոյ եւ Լեւոն Մեծագործ, Վենե­տիկ, 1885, էջ 217-218: Տե՛ս նաեւ Կիւլէսէրեան, Բ. Կթղ., Պատմութիւն Կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ, 1441-էն մինչեւ մեր օրերը, Անթիլիաս, էջ 545:

 

[4] Կիւլէսէրեան, Բ.Կ., Նոյն, անդ էջ 546:

[5] Նոյն, անդ էջ 878:

[6] Քէլէշ­եան, Մ., Նոյն, անդ էջ 201:

[7] Այս մասին տե՛ս մեր ուսումնասիրութիւնը, «Կիլիկիոյ Հայրապետներուն Արքայական Գահը», Հասկ պաշտօնական ամսագիր Մ.Տ.Կ. Կաթողիկոսութեան, Ձ. տարի, թիւ 6, Յունիս, 2011, էջ  483-501:

[8] Եղիայեան, Բ., Նոյն, անդ էջ 166:

 

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Առաջնորդ Ատրպատականի Հայոց Թեմի

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ