Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամենաշատ Աղմկողները Ոչինչ Ընողներն Են

Սովորաբար ամենաշատ  աղմուկ բարձրացնողներն  ու ամենաշատ բղաւողը   ոչինչ արտադրող  մարդիկն են։ Բնականաբար, այս տգեղ երեւոյթը ունի հիմնական նպատակ մը՝ քօղարկել սեփական անձի անպէտքութիւնը։ Ինչպէս յայտնի ասացուածքը կ՛ըսէ՝ «ան որ կարողութիւնը ունի կը գործէ, ան որ անկարող է՝ կը սորվեցնէ»։

Ան, որ զէնք բռնել գիտէ, զէնքը կը վերցնէ ու սահմանին կը կանգնի: Ով, որ  չգիտեր որովհետեւ թոյլ է  կամ վախկոտ, առաջինն է, որ կը  քննադատէ։ Ան, որ գործնական քայլերով նորութիւն բերելու հմտութիւն ունի, լուռ կ՛աշխատի, իսկ ան որ տկար է մտքով ամենաշատ ցուցմունքները ինքը կու տայ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է գործել, կամ  օգուտ բերել։ Անոնք, որոնք իրական մեծ յաջողութիւններ կը  գրանցեն գիտութեան, արհեստագիտութեան, բժշկութեան, կրթութեան, ռազմարուեստի եւ այլ հազար կարեւոր ասպարէզներուն մէջ, աւելի քիչ կը խօսին, քան անոնք, որոնք իրենց օրուայ հացը կը վաստակին ուրիշներուն սորվեցնելով եւ ճանապարհներ մատնացոյց ընելով։

Հարց․ Ինչո՞ւ ։

Պատասխանը կրնամ միայն ենթադրել։ Երբ հաւը ձու  կ՛ածէ հաւաբոյնին մէջ ամենաբարձրը կը  բղաւէ աքաղաղը, որ իր կեանքին մէջ ոչ մէկ ձու ածած է։ 

Ան, որ կը գործէ, խօսելու ժամանակ չունի: Ան, որ կը մտածէ, ելոյթ ունենալու ժամանակ չունի: Ան, որ իրական գործով  զբաղած է, կ՛ափսոսայ իր սուղ ժամանակը պարապ խօսելու վրայ վատնելու։

Կան մարդիկ, որ այս երեւոյթին կարեւորութիւն չեն տար: Կան մարդիկ, որ պարզապէս կ՛անտեսեն այս երեւոյթը։ Կան մարդիկ, որ կը նեղանան: Մինչ կան մարդիկ, որոնք ըմբռնումով կը մօտենան։ Կան  նաեւ մարդիկ, որոնք կը գիտակցին սեփական անձին կարեւորութիւնը ու կը հասկնան որոշ մարդոց կարեւոր ձեւանալու ցանկութիւնը եւ սեփական փոքր անձը մեծարելու անոնց մոլուցքը։ Իսկ այս բոլորին որպէս արդիւնք կ՛ունենանք այն, ինչ ունինք հիմա․ գործողը լուռ կը գործէ իսկ անգործն ու անկարողը ամենաբարձր ձայնով կը շարունակէ կանչել հաւաբոյնին մէջ…։

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ