Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ

Օգոստոս 10,  1920 պատմական նշանակալի թուական մըն է հայ ժողովուրդին համար: Այդ օրը Ֆրանսայի Սեւր քաղաքին մէջ պետական հանդիսաւոր շուքով ստորագրուեցաւ միջազգային դաշնագիր մը Ա. Աշխարհամարտին պարտեալ Օսմանեան Կայսրութեան եւ յաղթական դաշնակիցներու միջեւ, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային իրաւական ճանաչումը:

 

      Սեւրի Դաշնագրով փաստօրէն կ’անդամահատուէր Օսմանեան Կայսրութիւնը եւ յաղթական դաշնակիցները իրենց միջեւ կը բաժնէին կայսրութեան հողամասերուն մեծ մասը, բաժին հանելով նաեւ փոքրամասնութիւն եղող ազատագրուած ազգերուն:

 

      Սեւրի վեհաժողովին հրաւիրուած էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Նորանկախ Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Աւետիս Ահարոնեան, իսկ Արեւմտահայութեան պատուիրակութեան նախագահն էր Պօղոս Նուպար Փաշա: Դաշնագիրը ստորագրեց յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան Աւետիս Ահարոնեան: Իսկ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ ստորագրեցին չորս անդամներ, որոնք լիազօրուած էին Սուլթան Մէհմէտ 6-րդի կողմէ:

 

      Սեւրի Դաշնագիրը կը բաղկանար 110 մեծադիր էջերէ, 13 անջատ գլուխներէ եւ 433 յօդուածներէ: Դաշինքի 88-րդ յօդուածէն մինչեւ 92-րդը Հայաստանի առընչուող հարցերու հետ աղերս ունէր: Յօդուած 88 կը սահմանէր. «Թուրքիա, համաձայն Դաշնակից Պետութիւններու կողմէ առնուած քայլերուն, կը ճանչնայ Հայաստանը որպէս ազատ եւ անկախ պետութիւն»:

      Յօդուած 89 կը սահմանէր. «Թուրքիան եւ Հայաստանը, ինչպէս միւս դաշնագիր բարձր կողմերը կը համաձայնին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (ԱՄՆ)-ի նախագահի վճռին յանձնել սահմանի որոշումը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ, Էրզրումի, Վանի, Տրապիզոնի եւ Պիթլիսի վիլայէթներուն մէջ եւ ընդունիլ անոր վճիռը, այլեւ բոլոր այն միջոցները, որ կրնան հրահանգել դէպի ծով ելք ունենալու եւ յիշեալ սահմանին կից գտնուող Օսմանեան որեւէ հողի զինաթափման մասին»:

 

      Այստեղ անհրաժեշտ է համառօտ ակնարկ մը նետել այն կարեւոր դերակատարութեան համար որ ԱՄՆ-ի Նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն ունեցաւ Հայկական հարցին նկատմամբ: Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն շուրջ մէկուկէս տարի յետոյ, Յունուար 19, 1920-ին Դաշնակից Ուժերու Գերագոյն Խորհուրդը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ պայմանաւ որ հետագային անոր սահմանները յստակացուէին: Ապրիլ 26, 1920-ին նոյն Խորհուրդը Սան Ռեմոյի Համաժողովի ընթացքին որոշեց դիմել ԱՄՆ-ի Նախագահ Ուիլսընին երկու խնդրանքով.- 1) ստանձնել Հայաստանի հոգատարութիւնը (mandate), 2) իրաւարար վճիռով որոշել Հայաստանի եւ Թուրքիայի սահմանը:

 

      Դժբախտաբար, հոգատարութեան առաջարկը մերժուեցաւ ԱՄՆ-ի Ծերակուտական Տունէն (senate): Բայց, Մայիս 17, 1920-ին Նախագահ Ուիլսըն ընդունեց Խորհուրդին երկրորդ խնդրանքը: Յուլիս ամսուն 1920-ին Ուիլսընի հրահանգով կազմուեցաւ «Հայաստանի եւ Թուրքիայի Իրաւարարութեան Յանձնախումբը», որ անմիջապէս գործի լծուեցաւ:

 

      Սեւրի վեհաժողովը պաշտօնապէս հաստատեց Նախագահ Ուիլսընի իրաւարարի պաշտօնը եւ յանձնառու եղաւ անոր առաջարկած սահմանային վճիռին: Յանձնախումբը իր գործը աւարտելէն ետք, Նոյեմբեր 22, 1920-ին Նախագահ Ուիլսըն ստորագրեց իր իրաւարարի վճիռը եւ անոր կցուած 241 էջերէ բաղկացած փաստաթուղթերու փաթեթը: Ըստ պատմաբան Րիչըրտ Յովհաննէսեանի, Ուիլսընի գծած քարտէսին համաձայն Հայաստան պիտի ունենար 155,000 քառակուսի քիլոմէթր տարածութիւն, որ պիտի երկարէր Բաղեշէն դէպի հիւսիս որ կը հասնէր Կարին եւ Տրապիզոն: Իր մէջը պիտի պարփակէր ամբողջ Գանձակի եւ Քազախի նահանգները, ինչպէս նաեւ Վասպուրականի, Տարօնի եւ Սիւնիքի շրջանները:

 

      Դժբախտաբար, դեռ Սեւրի Դաշնագրին մելանը չի չորցած՝ աշխարհի քաղաքական կացութիւնը բոլորովին փոխուեցաւ: Ռուսիոյ մէջ համայնավարութիւնը զօրացաւ եւ Սովետական կարգեր չ’ընդունեցին Սեւրի որոշումները: Մինչ այդ Քեմալական շարժումը զօրացաւ Թուրքիոյ մէջ եւ Թուրք բանակը կարգ մը յաղթանակներ տարաւ յոյներու, հայերու եւ այլ փոքրամասնութեանց վրայ: Միւս կողմէ, դաշնակիցներն ալ սկսան իրենց շահախնդրական աշխատանքները յառաջ քշել: Իրենց ներքին մրցակցութենէն առաւելագոյն չափով օգտուեցաւ թրքական ազգայնական շարժումը: Քեմալականները Խորհրդային Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն կնքեցին եւ բացարձակապէս մերժեցին Սեւրի Դաշնագիրը: Տարաբախտօրէն, դաշնակիցները մոռցան իրենց խոստումները եւ քանի մը տարի ետք 1922-ին Լոզանի տխրահռչակ Դաշինքով անտեսեցին հայոց իրաւունքները:

 

        Սեւրի Դաշնագիրը պատմական վաւերագիր մըն է, որ հայ ժողովուրդը կը դարձնէ իրաւատէր եւ պահանջատէր: Սեւրի վեհաժողովէն 100 տարի յետոյ, Դաշնագիրը կը մնայ պարտադիր փաստաթուղթ մը (binding document): Հայ Դատի արդար լուծման համար անհրաժեշտ է զայն վերակենդանացնել: Անհրաժեշտ է որ ողջ հայութիւնը պահանջատէր դառնայ Սեւրի Դաշնագրով միջազգային ճանաչումի արժանացած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արդար սահմանագծումին:     

 

 Վեր. Դոկտ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ