Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Գովելի Ձեռնարկը

Վերջին քանի մը ամիսներուն առիթը ունեցանք մասնակցելու եւ «ներկայ գտնուելու» ԹՄՄ Մեծագոյն Լոս Անճելըսի բացառապէս երիտասարդներէ բաղկացած վարչութեան ձեռնարկներուն: Մասնակցեցանք շնորհիւ հեռավար առցանց ծրագրերու, որոնք հնարաւորութիւն ընձեռեցին մեզի հետեւելու եւ միաժամանակ մասնակցելու երեք կարեւոր դասախօսութիւններու եւ քննարկումներու:

«Բռնագրաւում եւ կործանում. երիտթուրքերու զաւթումը հայկական անշարժ գոյքերուն»: Առաջին փորձի «գլխաւոր հերոսն էր» USC համալսարանի ՇՕԱ (Հոլոքոսթ) գծով հետազօտող երիտասարդ պատմաբան ՄԵՀՄԵՏ ՓՈԼԱԹԵԼԸ:

Նիւթն ու ներկայացնողի ազգութիւնը գայթակղեցուցիչ էր եւ կը խոստանար մեծ լսարան հաւաքել: Դասախօսը պիտի զրուցէր աքսորուած, ցեղասպանութեան զոհ գացած եւ հայերու կողմէ «լքեալ գոյքերու» խնդրին շուրջ:

Երիտթուրքերու կառավարութիւնը ազգայնացուց կամ պետականացուց եւ կարեւոր մէկ մասն ալ յանձնեց թուրքերու, որպէսզի առօք-փառօք ապրին, տիրանան եւ շահագործեն այդ հսկայական, այսօրուան արժէքով շուրջ երկու թրիլիոն տոլարի արժողութեամբ շարժական կամ անշարժ գոյքերը, կալուածները, տուները, եկեղեցիները, դպրոցները եւ շքեղ բնակարանները:

Պատմաբան Մեհմետ Փոլաթել 30 րոպէի սահմաններուն մէջ ներկայացուց թուրք պետութեան որդեգրած օրէնքը եւ անոր գործադրութեան կերպերը նաեւ անոր հակամարդկային յատկանիշները: Խօսեցաւ այդ կալուածներու տէրերուն իրաւունքներուն եւ Թուրքիոյ կողմէ միջազգային հանրութեան առջեւ պատասխանատու գտնուելու իրականութեան մասին:

Դասախօսին ելոյթը հաւասարակշռուած էր, առանց կիրքի եւ առանց աւելորդ պակաս որակաւորումներու՝ իսկական ակադեմական ներկայացում մը: Ողջունելի էր երիտասարդ պատմաբանին դրական կեցուածքը որպէս պատմաբան եւ որպէս մարդ արարած, որ կը հասկնայ ու կ’ըմբռնէ հայուն եւ միւս փոքրամասնութիւններու անլուր ցաւերուն էութիւնը:

Պրն. Փոլաթել հաճելի անակնկալով մը սկսաւ իր նախաբանը՝ լսարանին դիմելով վերջերս սորված…արեւմտահայերէնով: Այստեղ ողջունելի է Թէքէեանական եւ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի արհեստավարժ ուսուցչուհի Տիկ. Սեւան Տէր Պետրոսեանի ջանքը, որ յաջողած էր արեւմտահայերէն սորվեցնել Մեհմետին:

Երկրորդ առցանց «լսարանի» նիւթն էր հայ բարբառները:

Հին ազգերը ունին տասնեակէ աւելի բարբառներ, ինչպէս հնդիկները, արաբական աշխարհի ժողովուրդները, գերմանախօս ազգերը եւ անշուշտ նաեւ հայերը: Ըստ մեծ հայագէտ Հրաչեա Աճառեանի, իր ստեղծագործութեան տասնամեակներուն հայերը Հայկական Բարձրաւանդակի վրայ եւ անկէ դուրս գաղթավայրերու մէջ կը հաղորդակցուէին աւելի քան 60 բարբառներով եւ ենթաբարբառներով:

Մեր բարբառները կը պարունակեն բազմաթիւ արժէքաւոր տեղեկութիւններ  մեր ազգի պատմութեան, մշակոյթի, աւանդութիւններու, հոգեբանութեան, լեզուամտածողութեան, կենցաղի եւ այլ բնագաւառներու մասին: Անոնց մէջ կ’երեւան մեր տեղաշարժերը, բնութեան եւ աշխարհագրութեան մասին թանկագին տեղեկութիւններ:

«Ներածութիւն արդի հայերէնի բարբառներու» նիւթին շուրջ շահեկան դասախօսութեամբ մը հանդէս եկաւ վերլուծաբան, Արքայական Քոլէճի (Քէյմպրիճ) Ժամանակակից եւ Միջնադարեան Լեզուներու վերլուծաբան դասախօս ԴՈԿՏ. ՊԸՐԹ ՎՈՔՍ: Ան ներկայացուց կարգ մը բարբառներու առանձնայատկութիւնները, նմանութիւնները, եւ զուգահեռներ անցուց անոնց միջեւ՝ ցոյց տալով անոնց առնչութիւնները  դասական հայերէնի հետ: Դոկտ. Պ. Վոքս խորապէս ուսումնասիրած է մեր բարբառներու էութիւնն ու հնչիւնաբանութիւնը: Ներկայացման հետաքրքրական ոճ մը ունէր Դոկտ. Վոքս, որով կրցաւ յաջողիլ հեռավար ձեռնարկին հետեւողները ներգրաւել եւ մասնակից դարձնել, ինչպէս օրինակ հարցումներ հարցնելով, հարցախոյզներով եւ բարբառներով խօսող անհատներ խօսեցնելով:

«Արեւմտահայերէնը եւ սփիւռքահայ նոր սերունդը» վերնագրով ձեռնարկը նուիրուած էր արեւմտահայերէնի ուսուցման նոր առաջարկներուն՝ յատկապէս հեռավար (առցանց) միջոցներու հնարաւորութիւններուն:

Արեւմտահայերէնը առարկայական եւ ենթակայական պատճառներով զգալի նահանջ ապրեցաւ 1980-ականներէն ասդին եւ տակաւին կը շարունակուի անոր շիջումը արտերկրի մէջ: Զանազան հիմնարկներ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի տարածքին ջանք չեն խնայեր առնուազն կասեցնելու կամ դանդաղցնելու այս վայրէջքը: Ըստ երիտասարդ մասնագէտներու եւ պրպտողներու, կարելի է գտնել նաեւ այլ, լրացուցիչ միջոցներ՝ պսակաւոր ժահրի եւ ինքնամեկուսացման պայմաններուն մէջ վերապրեցնելու արեւմտահայերէնը:

Այդ երիտասարդներէն մէկն է 21-ամեայ լիբանանահայ Շահէ Արապօղլեան: Կարճ ատենուան մը մէջ ուսուցման եւ լեզուի փոխանցման մէջ մեծ տարածք կտրած է Շ. Արապօղլեան, որ իր փորձով եւ ստացած ուսման շնորհիւ փորձեց ներկայացնել թէ ինչո՞ւ կարեւոր է երկկողմանի՝ աշակերտ-ուսուցիչ եւ հակառակը մօտեցումը, այլեւ հետաքրքրական խաղերու եւ խաղիկներու ներմուծումը ուսուցման մէջ:

Չի կարելի չհամաձայնիլ գլխաւոր բանախօսի այն մօտեցումներուն հետ, որ ուսուցման մէջ պէտք է  ընդգրկուին նաեւ միջազգային կամ համամարդկային նիւթեր, այսինքն՝ համայն մարդկութիւնը յուզող հարցեր ու խնդիրներ: Միանգամայն ճիշդ է Պրն. Շ. Արապօղլեան, որ կը թելադրէ առաջին իսկ պահէն աշակերտին վրայ չծանրանայ ուղղագրական ու քերականական սխալները կաս-կարմիր սրբագրութիւններով երեսին շպրտելով, այլ շեշտը դնել խօսակցութեան վրայ, օգտագործել զրոյցի մեթոտը, այլ խօսքով՝ քաջալերել պատանին հայերէնով արտայայտուելու:

Քննարկում-զրոյցին մէջ ընդգրկուած էին նաեւ այլ արհեստավարժ մանկավարժներ: Այսպէս՝ Պուենոս Այրեսի ՀԲԸՄ Մարի Մանուկեան վարժարանի տնօրէնուհի Դոկտ. Էլենա Աշճեան առանց բառերը ծամծմելու ներկայացուց արժանթինահայ աշակերտին ու երիտասարդին տագնապը: Թէեւ հայերէնը մայրենի եւ խօսակցական լեզու չէ, բայց հոգիով հայ են, ըսաւ ան, այս պայմաններուն տակ պէտք չէ յուսահատիլ, այլ պէտք է օգտուիլ առցանց բոլոր հնարաւորութիւններէն: Մոնթրէալի ՀԲԸՄ Արմէն-Քէպէք Ալեք Մանուկեանի տնօրէն Պրն. Շահէ Թանաշեան, որ որոշ ատենէ մը ի վեր յաջողութեամբ կը վարէր ՀԲԸՄ-ի ակումբի մշակութային գործունէութիւնները, ընդգծեց արեւմտահայերէնի դերը՝ ըսելով. «Արեւմտահայերէնը հիմնաքարերէն մէկն է եւ մեր ինքնութեան հիմքը»: Այնուհետեւ ան շեշտեց կարեւորութիւնը հայախօսութեան, հոգ չէ եթէ քերականական բացարձակ անսխալութեամբ չ’արտայայտուիր ան:

Խօսք առաւ նաեւ ՀԲԸՄ-ի ամէնէն բազմանդամ վարժարանին՝ Քալիֆորնիոյ
Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի Հայկական Բաժանմունքի վարիչ Պրն. Հրաչ
Սեփեթճեան, որ ըրաւ այն մատնանշումը թէ՝ անհրաժեշտ է ունենալ
արեւմտահայերէնով 24-ժամեայ հեռատեսիլային հաղորդում, ձայնասփիւռ
նաեւ առցանց տարբերակ եւ աւելցուց. «Արեւմտահայերէնին պէտք է նոր շունչ տանք»:

Այս թղթակցութիւնը թերի պիտի ըլլար եթէ չանդրադառնայի «բուն դերակատարներուն», որոնք յաջողութեամբ գլուխ հանեցին իրենց իսկ կողմէ մեկնարկուած ու կազմակերպուած ձեռնարկները: Պրն. Միհրան Թումաճեան արդէն հաստատուած մասնագէտ մըն է, որ քիչ բառերով շատ բան կ’ըսէ եւ ճիշդ կը կառավարէ իրեն վստահուած հանդիսավարութիւնը: Իր հետ համահանդիսավար Տիկ. Սեւան Տէր Պետրոսեան կ’ամբողջացնէ գլխաւոր հանդիսավարի գործը՝ ճիշդ տեղին կատարելով լրացումները՝ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Պէտք է յիշել նաեւ «վարագոյրին ետեւէն» աշխատող Գարլ Պարտաքեանի հեռավար ձեռնարկի հետ առնչուող մասնագիտական աշխատանքները՝ կառավարելով հանդիսավար-դասախօս-ունկնդիր հաղորդակցութիւնը:

Անվարան եւ ուրախութեամբ կրնամ ընթերցողին փոխանցել գոհունակութիւնս, որ ահաւասիկ մեզի յաջորդած սերունդը, որ մեր զաւակներուն տարիքին են, հաստատակամութեամբ մխրճուած են ԹՄՄ-ի եւ հասարակական այլ ձեռնարկներու մէջ եւ պատուով ու հպարտութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած գործը:

«Գեղարդ»

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ