Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն Ի Յիշատակ Արցախեան Գոյամարտի Նահատակներուն

 

Արցախի մէջ նահատակուած հերոսներու յիշատակի օրուան արարողութիւններու ծիրէն ներս, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Ամենապատիւ եւ Գերեջանիկ Գրիգոր-Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Կիրակի, 22 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ ի յիշատակ Արցախեան նորագոյն պայքարի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր նահատակուած հայորդիներուն։

Սուրբ Պատարագը մատուցանեց Արհիապատիւ Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանը, որ իր քարոզին մէջ ըսաւ. «Աւանդական հերթական տօնակատարում մը չէ որ կը համախմբէ մեզ այսօր այս եւ համայն աշխարհի հայկական եկեղեցիներուն մէջ։ Տօնական առիթով մը չէ որ եկած ենք Սուրբ Պատարագ մատուցանելու եւ աղօթելու։

Հայկական եկեղեցիներու այսօրուան տխրահունչ ղօղանջը հրաւէր մըն է համայն հայութեան յիշելու, նշելու եւ փառաւորելու համար ՝ Արցախեան պատերազմին Հայրենիքի, մեր՝ բոլորիս, մեզմէ իւրաքանչիւ՛րի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսները։ Հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդին հերոսաբար նահատակուած քաջարի հայորդիները, որոնք իրենց անօրինակ սխրանքներով դիմադրեցին Արցախի դէմ սանձազերծուած նուազագոյնը տասնապատիկ թրքական, ազերիական եւ վարձկան ահաբեկիչ՝ արդիական զէնքերով օժտուած ուժերուն։ Անոնք ցոյց տուին որ արժանաւոր յաջորդներն են այն ազատամարտիկներուն, որոնք մեր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ազգի եւ հայրենիքին պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ նահատակուեցան որպէսզի կանգուն պահեն Հայրենիքը, որպէսզի չյանգի իւրաքանչիւր հայու օճախին ճրագը զոր վարեցին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ մեր սուրբ Հայրերը։

Եկած ենք այս սուրբ Պատարագի ընթացքին, մեր աղօթքներով խոնարհելու մեր նորօրեայ հերոս նահատակներու լոյս յիշատակին առջեւ, խնդրելու յաւիտենական հանգիստ անոնց։ Եկած ենք խոնարհելու նաեւ հերոսածին մայրերուն առջեւ, որոնք իրենց զաւակները նուիրեցին հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան գործին, հայցելու ամենազօր Տիրոջ մխիթարութիւնը անոնց եւ նահատակ զինուորներու հարազատներուն։ Եկած ենք միաժամանակ խնդրելու Ամենակալէն փութացնելու վիրաւոր հայորդիներուն ամբողջական ապաքինումը։

Հայկական եկեղեցիներու այս առաւօտեան ղօղանջը նաեւ հրաւէր է միասնականութեան, աղօթելու այս միասնականութեան անսասան պահպանումին համար, որովհետեւ միայն ու միայն այդ միասնականութեամբ է որ պիտի յաղթահարենք մեզի պարտադրուած պատերազմին հետեւանքով տարածքներու կորստեան եւ այլ հետեւանքներուն պատճառած հիասթափութիւնը եւ արդար ընդվզումը, յուսալքութեան եւ պարտուողականութեան ամէն զգացում, պիտի դիմագրաւենք պատերազմին ահաւոր հետեւանքները, պիտի վերագտնենք վերականգնելու, պայքարը եւ մեր գոյերթը շարունակելու ուժը։ Պատերազմին հետեւանքով մեզի պարտադրուած կացութիւնը յաղթահարելու միակ միջոցը հաւաքաբար, ազգովին՝ ազգին ու Հայրենիքին շահերուն յանձնառութեամբ առաջնորդուելու հրամայականն է։

Ահա ասիկա կը յորդորէ հայկական եկեղեցիներուն այս առաւօտեան ղօղանջը։ Հրաւիրուած ենք լսելու այդ ղօղանջը եւ աղօթելու այդ ղօղանջին թելադրած նպատակներու իրագործումին համար։

Հայ ժողովուրդը հաւատացած է աղօթքի ուժին։ Այսօր հաւաքուած ենք խնդրելու որ Աստուած այդ հաւատքով առաջնորդուելու ուժը պարգեւէ մեզի, ուժը աղօթքի եւ միասնականութեան՝ յաջողութեամբ շարունակելու համար մեր երթը ի խնդիր մեր իրաւունքներու ձեռք բերման, արդարութեան եւ խաղաղութեան յաղթանակին»։

          Հոգեպարար Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց հայ քաջարի զինուորներուն, արիասիրտ հոգեւորականներուն, նուիրեալ կամաւորականներուն եւ հայրենասէր ժողովուրդի զոհուած զաւակներուն հոգիներու հանգստեան ի խնդիր, աղօթք բարձրացնելով առ բարձրեալն Աստուած, որպէսզի Տէրը Ի՛նք պահէ ու պահպանէ մեր հայրերուն կողմէ մեզի աւանդուած սուրբ հողը եւ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը վերստին հաստատէ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

 

            Դիւան

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ