Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Բազմավաստակին «Անցում»ին Առիթով. Արամ Սեփեթճեան. Յանձնառու Մտաւորականը՝ Գրող, Գաղափարախօս, Մշակութաբան, Հրապարակագիր

 

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

 

Արամ Սեփեթճեանը միշտ պատնէշի վրայ մնացող, արտադրող ու գործող կենսունակ մտաւորական էր, նոյնիսկ լիբանանեան ամենէն խառնակ ու քաոսային շրջաններուն, իր խօսքը ունենալով, իր տեսակէտը պարզելով եւ իր դիրքը ճշդելով։

Ուշի-ուշով կը հետեւէր հայրենական ու սփիւռքեան զարգացումներուն եւ ելեւէջներուն, կը տագնապէր ու կ’ահազանգէր, կ’ապրէր ու կ’արձագանգէր այն երեւոյթներուն ու դէպքերուն, որոնք մարտահրաւէրային կարգով կը ցցուէին հայ ժողովուրդին առջեւ։

Գրիչը միշտ ձեռքին էր, ինքնահոսային ու բիւրեղային յաճախականութեամբ, իր մտորումներն արձանագրելու կամ իր խորհրդածութիւնները թուղթին յանձնելու, զգուշօրէն, բայց՝ բծախնդրօրէն, զգաստօրէն, բայց՝ խոհեմօրէն, խստօրէն, բայց՝ չափաւորականօրէն։

Իր հարուստ անցեալը, գրական, մշակութային, գաղափարական, հասարակական, հրապարակագրական ու խմբագրական մարզերէն ներս, ուսանելի ամբողջ ժառանգութիւն մըն է, որ արժանի է համապատասխան գնահատանքի, իր ուրոյն տեղը ունենալով հայ ժողովուրդի նորօրեայ պատմութեան մէջ, ուր ան եղաւ աչքառու ներկայութիւն մը, յատկապէս իր իրերայաջորդ գիրքերու հրատարակութեամբ։

Հակառակ իր գաղափարական առողջ արեւելումներուն, Արամը եղաւ գերազանցապէս մշակոյթի մարդ, գրականութեամբ շնչող անհատականութիւն, մամուլով ապրող հեղինակութիւն, միշտ այն հաւատքով ու համոզմունքով, որ իր ԿՈՉՈՒՄն է իր մէջ խօսողը, զինք մղողը ու գունաւորողը, որպէս իր ժողովուրդի անբաժան մէկ մասնիկը։

Պարտաճանաչօրէն հետեւողական էր հայրենական թէ սփիւռքեան գրական կեանքին, գեղարուեստական գրականութեան հրատարակութեանց, հայ գիրքի նկատմամբ իր անսահման սիրով։

Ուղղակի կ’ապրէր խորհրդահայ գրականութեան վերազարթօնքի ժամանակները, կը պաշտէր տաղանդաւոր հեղինակները, որոնց մեծ մասին հետ անմիջական կապ ունէր, նամակագրական թէ այլ անձնական այցելութիւններով։

Յաճախ կը տխրէր նոր ժամանակներու գրականութեան մակընթացութենէն ու հայ գրողներու թուային նահանջէն, բայց, չէր յուսահատեր. հաւատալով որ իր հողին վրայ թեւածող հայ միտքը չի թառամիր, այլ՝ ըստ ժամանակի ու պահանջի, պայմաններու ու կարելիութեան, ան կը ծնի, կը ճիւղաւորուի ու կ’արդիւնաւորուի։

Ուրախ ու հպարտ էր, որ սփիւռքահայ գրական սերունդի երէցներուն հետ ծանօթացած ու գործակցած էր, սորված ու հետեւած անոնց ուղիներուն, ինչպէս՝ Վահէ-Վահեանը, Օննիկ Սարգիսեանը, Զարեհ Մելքոնեանը, Երուանդ Պարսումեանը, Անդրանիկ Անդրէասեանը, Ալեք Գլըճեանը, Յակոբ Ասատուրեանը, Մուշեղ Իշխանը եւ բազմաթիւ այլ ականաւորներ, որոնք իրեն համար եղած էին դպրոց։

Խոր ակնածանք ու համակրանք ունէր իր ուսուցիչին՝ Վահէ-Վահեանին նկատմամբ, որմէ, ինք կը վկայէր, իր լեզուն յղկած եւ հարստացուցած էր, իր գրական հորիզոնը ընդլայնած եւ արմատաւորած, բայց, մանաւանդ՝ իր մտաւորականի կերպարը կերտած։

Մանկավարժ, դաստիարակ, գրականագէտ, բեմբասաց Օննիկ Սարգիսեանը «դրախտային» ուրիշ աշխարհ մը բացած էր Արամին համար, յատկապէս գրական-մշակութային մարզերէն ներս, համագործակցութեան ու համատեղութեան հիւսուածքներով, ստեղծելով գրականահուր վարակիչ ու գրաւիչ հոգեկան դարբնոց մը։

Ինչպէս իր սերնդակիցներէն շատեր, աւագ թէ կրտսեր՝ Լեւոն Վարդան, Արմէն Դարեան, Գառնիկ Ադդարեան, Պեպօ Սիմոնեան, Զաւէն Մսըրլեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Համբիկ Մարտիրոսեան, Պարոյր Աղպաշեան եւ ուրիշներ, ի մասնաւորի «Շիրակ» գրական ամսագիրի «շիջում»էն ետք, Արամ եւ համախոհներ, գլխաւորութեամբ Ժիրայր Դանիէլեանի, համախմբուեցան «Կամար» պարբերաթերթին շուրջ։ Արամին, յուրախութիւն, թէեւ ան յաճախ երանութեամբ կը յիշէր «Շիրակ»ին անկրկնելի ժամանակները, երբ հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, ան կը գրաւէր իւրայատուկ տեղ, դառնաով գրողներուն համար փնտռուած գրական «ջերմ օճախ» մը։

***

Արամը վերածնաւ, երբ իր տարիներու երազը իրականացուց, հիմնելով իր սեփական հրատարակչական ընկերութիւնը՝ «ՍԻՓԱՆ», որուն նկատմամբ հայրական-ընտանեկան վերաբերմունք ցուցաբերեց, բարձր մակարդակով արժէքաւոր գիրքեր հրատարակելով։

Հրատարակչական իր գրասենեակը, կրտսեր որդւոյն՝ Արմէնին հետ, հարազատ տուն մըն էր, ուր ինքզինք կը զգար հանգիստ ու գոհունակ, մէկ կողմէն՝ վերապրելով Մեսրոպաշունչ բոյրը հայ գիրին ու գրականութեան, միւս կողմէն՝ ըմբոշխնելով իր գրական անդաստանին անուշահամ վայելքը։

Արամը՝ իր գրա-հրապարակագրական լեզուական անարատութեամբ ու հեզասահութեամբ, իր գրական ստեղծագործութիւններու գեղարուեստական համաչափութեամբ ու շարահիսութեամբ, միտքերու ու գաղափարներու ճշմարիտ դատողութեամբ, արտայայտութիւններու ընդունելի տրամաբանութեամբ, կրցած էր իր անհատական-գրական կերպարին տալու սլացիկութիւն մը ու ձեռնհասութիւն մը, որ յատուկ էր միայն իր գրիչին, խառնուածքին ու մտածողութեան։

Արամը, թէեւ լիբանանահայ գրական, մշակութային, հրապարակագրական կեանքին մէջ, գործօն ներկայութիւն մըն էր, իր բազմագոյն ու բազմաբնոյթ գործունէութիւններով, բայց, իր նկարագիրին բերումով, յաճախ կը գտնուէր լուսարձակներէ հեռու, հակառակ իր բազում ներդրումներուն։

Ասիկա կարելի է բացատրել անով, որ Արամը աւելի կը նախապատուէր միտքի ու գրիչի ընտրանքը, քան… հրապարակայնութիւնը, որ օգտակար ըլլալով հանդերձ, վերջին հաշուով, «գնայուն» էր, իսկ միւսը՝ «մնայուն»։

Արամը եղաւ այն քիչերէն, որ իր մտաւորականութեան կողքին, մասնագիտական իր ասպարէզին մէջ յաջողեցաւ, բայց, երբեք չմոռցաւ, չհեռացաւ իր «ներաշխարհի կոչում»էն, մէկը միւսին կապելով, առանց մէկը միւսին զիջելու։

Իրաւացի էր, որովհետեւ լռելեայն կը հասկցնէր, թէ՝ բարւոք ապրելու համար, ընտրանք չկայ, ա՛յս է ձեւաչափը, բայց, առանց թեքելու կամ շեղելու իր կոչումէն։

Այդպէս ալ ապրեցաւ ու գործեց Արամը, հաւատարիմ մնալով իր սկզբունքներուն ու հայեացքներուն, իր աչքերը սեւեռած իր ժողովուրդի բարօրութեանց եւ իր գրաշխարհի կենդանութեան։

***

Վերջին քանի մը տարիներուն, առանց առողջական որեւէ դժգոհութիւններու կամ անհանգստութեան, կարծես հեւքի մը մէջ էր, իր գրական բերքը շարունակելու ու… պարարտացնելու, որովհետեւ հոն կը տեսնէր իր գոյութեան եւ աշխատունակութեան չափանիշը։

Արամին հետ իմ անմիջական ծանօթութիւնը սկսած էր 70-ականներուն սկիզբը, որ խճճուած թէ կայուն տարիներուն աճեցաւ ու նուիրագործուեցաւ, յատկապէս մտաւորական յարաբերութիւններու ծիրերէն ներս, առ այդ, հայր Աղպաշին հետ, ան ունենալով ջերմ, սիրալիր եւ յարգալիր կապեր։

Մօտաւորապէս մեր շաբաթեայ եւ երկշաբաթեայ տեսակցութիւնները, որոնք յետագային վերածուեցան… հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու (տիրող պայմաններուն բերումով), մեր նիւթը, գրական բնագաւառէն դուրս, հայ ժողովուրդին տագնապներն էին, հայրենիքէն մինչեւ Արցախ, Լիբանանէն՝ Սփիւռք։

Իսկ ատոնք ո՜րքան շատ էին, ցաւոտ ու ցաւցնող, որոնց նկատմամբ պոռթկումները, ցասումները կամ մեկնաբանութիւնները չափ ու սահման չունէին, բայց, մենք (եւ ուրիշներ) ի՞նչ այլ լուծումներ ունէինք կամ կրնայինք ունենալ։

Այս առիթով, հոս ստիպուած եմ բարձրաձայնելու Արամին այն ԱՅՐՈՂ տառապանքը, որ զինք կ’եռեւեփէր ամենօրեայ դրութեամբ, ամենօրեայ տանջանքով եւ ամենօրեայ պահանջքով, ատիկա՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ (մօտալուտ) ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿՆ ԷՐ

Շուրջ տարիէ մը ի վեր (եւ աւելի), զինք կը չարչրկէր այս հարցը. հարցադրելով ու պահանջելով, որ ժամանակն է, այժմէ՛ն, լծուիլ այս աշխատանքին, յանուն՝ անոր նշումին արժանաւորութեան եւ յարգելիութեան, բայց, գլխաւորաբար, անոր տարտղնուած վիճակէն դուրս գալու անհրաժեշտութեան ու դէպի միասնականութիւն ընթանալու ուղիին։

Արամին այս վճռակամութեան ու պահանջախօսութեան դիմաց, խորապէս կը գնահատէի իր նախանձախնդրութիւնը, բայց, թելադրական կը գտնէի, քիչ մը աւելի մտածել, ի տես նման վարքագիծով մը շարունակելու, մեղմ ըսած, անիրականութեան։

Պահ մը կը համակերպէր, բայց, յաջորդ հանդիպումի մը, նոյն ցանկութեամբ հանդէս կու գար, որովհետեւ անհանդուրժելի կը գտնէր ձեռնունայն նստիլը, հոգ չէ թէ՝ գիտէր իր նպատակին հասանելիութեան դժուարութիւնները, այդուհանդերձ, չէր ուզեր հրաժարիլ իր տեսակէտէն, որովհետեւ՝ 50-ականներէն ի վեր, ան դարձած էր այս կառոյցին զինուորն ու ճարտարապետներէն մէկը, հետեւաբար, պէտք էր փորձել…։

Բայց, փորձը եկաւ փորձութենէն առաջ եւ Արամը, տխուր օր մը, րոպէի մը ընթացքին, շիջեցաւ ու բաժնուեցաւ իր հարազատներէն ու սիրելիներէն, անակնկալի բերելով բոլորը։

***

Բազմավաստակ գրող Արամ Սեփեթճեանը, իր «անցում»ը ունեցաւ եւ, այսօր, «անցում»ային միւս աշխարհին մէջ կը գտնուի։

(Ի դէպ, ինք կը պատմէր, որ Վահէ-Վահեան, կը խորշէր «մեռնիլ» բառէն, այլ՝ կը նախընտրէր՝ «անցում»ը, օր մը, երբ մեկնէր այս աշխարհէն, իսկ հիմա, Արամը ինք այդ «անցում»ը կատարեց…)։

Արամին այս «անցում»ին առիթով, արդեօք արդար ու տեղին արձագանգ կամ անդրադարձ կատարեցի՞ն, բոլոր անոնք, որոնք իրեն մտերիմներ էին, անհատ թէ կազմակերպութիւն, սկսած՝ եկեղեցիէն, շրջանակներէն, մամուլէն, իր պատկանած կամ անդամակցած կառոյցներէն, իսկ ահաւորը՝ աններելին՝ իր գրչեղբայրներուն, գրչակիցներուն ու համախոհներուն բացակայութիւնն էր, լռութիւնը, որոնց այնքա՜ն անսակարկօրէն ծառայեց եւ անխառնօրէն նուիրուեցաւ։

Իրեն համար սկզբունք ու հաւատամք էր, իր հրապարակագրական գրիչը «կենդանի» պահել՝ Գերսամ Ահարոնեաններու, Հրաչ Երուանդներու, Անդրանիկ Անդրէասեաններու ռամկավար մամուլին մէջ, սակայն, արդեօ՞ք նոյն վերաբերմունքին արժանացաւ իր «անցում»էն ետք։

Տագնապոտ խորհրդածութիւն մը արդարեւ, որուն պատասխանը ո՞ւր պէտք է փնտռել…։

***

Այս տխուր առիթով, մեր խորազգած ցաւակցութիւնները Արամին կեանքի ընկերոջ՝ Մելինէին, որ այնքան գուրգուրոտ վերաբերմունք ունեցաւ անոր ներաշխարհին նկատմամբ, զաւակներուն՝ Հրաչին, որ հօր ուղիով կ’ընթանայ, Արմէնին, որ հօր հրատարակչական գործի արդիւնաւէտ սիւներէն եղաւ, Հուրիին, որ պահապան-հրեշտակի նուիրուածութեամբ փարեցաւ հօր ուսանելի դպրոցին, նաեւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն։

 

(Պէյրութ)

 

 

«Շիրակ» գրական ամսագրի խմբագրական կազմ. ձախէն աջ՝ Զաւէն Մսըրլեան, Պէպօ Սիմոնեան, հայրենի բանաստեղծ Տէր եւ Տիկ. Գէորգ Էմին, Ժիրայր Դանիէլեան, Պարոյր Աղպաշեան, Արամ Սեփեթճեան (Թէքէեան Կեդրոն, Յունուար 1998)


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ