Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայրենի Յուշեր (2)

 

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

            Հայաստան ճամբորդութիւնը  տեղի ունեցաւ, ուրեմն, 1965-ի յուլիսի սկիզբը,  խորհրդային «Արմէնիա»  ճամբորդական նաւով[1]: Վեց օրէն հասանք Օդեսա՝  կարճ դադարներ առնելով  Կիպրոս,  Յունաստան,  Պոլիս ու  Վառնա: Գիշեր մը Օդեսա մնալէ ետք օդանաւով ուղղուեցանք Խրիմ, անկէ Թիֆլիս, ապա Երեւան, ուր իջեւանեցանք «Երեւան» հիւրանոցը: Այստեղ  մեզի  յատկացուցին  ընդարձակ ննջասենեակ մը՝ կոկիկ հիւրասենեակով մը:

            Մեր  հասնելուն յաջորդ օրն էր. Պոյաճեանի հետ   կ’ընթրէի «Արմէնիա» հիւրանոցի ճաշարանը: Բաւական ուշ էր, երբ դուրս եկանք: Եւ ահա ան  ըրաւ  բոլորովին անսպասելի  առաջարկ մը:

            –Պէտք է Շիրազը տեսնեմ,– ըսաւ անփոյթ պարզութեամբ մը, որ զարմացուց զիս:             Կարծես կ’առաջարկէր դիմացի կրպակը մտնել ու խանութպանը տեսնել, այնքան պարզ կը թուէր իրեն  Շիրազը տեսնելու գաղափարը: Մինչ  ինծի համար անմատչելի, եթէ ոչ հեքիաթային,  արարած մըն էր Շիրազ, որ այդ օրերուն հայութեան կուռքն էր եւ որուն հանդիպելու յոյսը այնքան ալ դիւրին  փայփայելի երազ մը չէր, իսկ թէ ովքե՞ր իրաւունք ունէին նման յոյս մը  փայփայելու,– ատոր պատասխանն ալ չունէի:

            Ուրեմն  ապշած թերահաւատութեամբ  մը հարցուցի.

            –Ըլլալիք բա՞ն է, ան ալ ա՛յս ժամուն:

            –Ինչո՞ւ պիտի չըլլայ որ…Ես հասցէն ունիմ,– անայլայլ  պատասխանեց՝ առանց  թափանցելու իմ  մտմտուքիս խորը ու բոլորովին բնական շեշտով մը:

            Ուրեմն լուրջ էր, կարելի էր երազը իրականացնելու մասին մտածել:

            Ի՛նչ զուգադիպութիւն. անցորդի մը հարցուցինք, ու բանէն  դուրս եկաւ, որ Շիրազ շատ մօտ կը բնակէր  Արմէնիային, «Լենինեան պրոսպեկտ»  կոչուած  պողոտայի,– ուր կը գտնուէինք արդէն,–  ներքին մէկ շէնքի  առաջին յարկը:

            Դիւրաւ գտանք այդ  բնակարանը,  եւ անոր փակ դռան կից,  պատին վրայ տեսայ մետաղեայ  փորագիր  տախտակ մը,  որ  կը կրէր Շիրազի՝ ինծի շատ ծանօթ  ստորագրութիւնը, որուն առաջին անգամ հանդիպած էի  հայոց լեզուի դասագիրքիս մէջ՝ իր քերթուածներուն տակ:  

            Զանգը զարկի, եւ ներսէն արական  անհանգիստ ձայն մը ինքնութիւն հարցուց:

            Եկրորդ անգամ զարկի, եւ ահա դուռը թիզի մը չափ հեռացաւ շրջանակէն, որուն շղթայուած էր ան, եւ արանքէն երեւցաւ չափահաս տղամարդ մը՝ վարտիքով  եւ կարճ ներքնաշապիկով մը,  երկար ու խառնակ մազերով. ինքը՝ Շիրազը:

            –Ո՞վ էք, ի՞նչ կ’ուզէք,–  հարցուց՝ օտարոտի ու խրտչած շեշտով մը:

            Պոյաճեան դասը լաւ սորված աշակերտի մը պէս   նախ տուաւ  իր  անունը, ապա յայտնեց թէ  կու գայ Պօղոս Սնապեանի կողմէ,  եւ քիչ  մըն ալ յստակացնելու համար այս բոլորը  յիշատակեց  «Բագին»-ը՝  յուսալով որ այսքանը պէտք է բան մը ըսէին  Շիրազին:

            Ներսէն  մանկական ու  կանացի անորոշ ձայներ կը լսուէին:

            Շիրազ անդրդուելի մնաց:

            –Ես ձեզ չեմ ճանաչում,– ըսաւ վանողական, չըսելու համար՝ արհամարհական,  շեշտով մը ու փակեց կիսաբաց դուռը:

            Պոյաճեան արձանացաւ. ոչ մէկ շարժռւմ, ոչ մէկ բառ:

            Ինքս անճրկած  ու ամօթահար էի…ընկերոջս հաշուոյն: 

            Ես այս ամբողջ վերաբերումին մէջ անանուն ու անծանօթ հասցէատէր մըն էի, ուստի այնքան ալ ազդուած չէի, սակայն կը մտածէի այն խոր վիրաւորանքին մասին, որ Պոյաճեան  կրնար արդարօրէն զգացած ըլլալ  այն բոլոր հանգամանքներովը, որ կը ներկայացնէր. ինք սփիւռքահայ ուսուցիչ մըն էր, գրական շատ ծանօթ ու փնտռուած  պարբերաթերթի մը խմբագիրը եւ գրող մը՝ հեղինակ բազմաթիւ հրատարակութիւններու եւ առ այդ ունէր  չգրուած իրաւունքներ, որոնք հիմա կը զլացուէին իրեն  հայրենի անուանի ու սիրուած գրչակիցէ մը:

            Ոչինչ ըսաւ, ոչինչ ըսի:

            Լուռ ու գլխահակ իջանք աստիճաններէն ու ելանք փողոց, որ գրեթէ ամայի էր: Հազիւ քանի մը քայլ առած էինք, երբ   տեղի տալով կրած վիրաւորանքին՝ յանկարծ պայթեցաւ եւ աւրեց բերանը…մուսալեռեան  երգեցիկ բարբառով ու գունագեղ բառամթերքով՝ տո՛ւր հա կու տաս: Ձայնին կ’ընկերանար թեւերուն  շարժումը, որով  կարծես կը կռուէր   շօշափելի ուրուականի մը դէմ:

            Ես այն օրը անդրադարձայ, թէ որքա՜ն գունագեղ կրնայ ըլլալ մուսալեռցիի մը բառապաշարը:

            Չմիջամտեցի, ձգեցի որ ազատօրէն պարպուի, սակայն կը թուի, թէ շատ կուտակուած էր մաղձը եւ զայն սպառելու դժուարութիւն ունէր:  Ի վերջ բանիս՝ լռեց,  հրապարակային,– եւ բացօթեայ,– երդում տալէ ետք, որ ա՛լ պիտի չյիշէր Շիրազը եւ  անունն անգամ բերանը պիտի չառնէր: Թող երթայ ու հասկնայ:

            Ու վե՛րջ:

            Գիշերը զգալիօրէն յառաջացած էր,  եւ հարկ չկար աւելի երկարելու:  

            Մտանք պանդոկ:                                                                       

                                                                                *   *   *

            Միւս օրը բաւական  կանուխ ոտքի էինք:

            Ես մէջտեղերը կը դառնայի՝ գիշերուան տպաւորութեան բեռան տակ,  իսկ  Պոյաճեան կ’ածիլուէր: Չէի համարձակեր խօսք բանալ՝ սպասելով, որ ինք ըլլար առաջին խօսողը,  մինչ ինք ալ ի՛ր կարգին, բոլորովին սմքած,  բնաւ տրամադրութիւն չունէր  ձայն հանելու,  երբ   հեռախօսը անակնկալօրէն հնչեց ու օգնութեան հասաւ:

            Վազեցի ընկալուչին:

            Արական յստակ  ու մեղմ ձայն մը  Պոյաճեանը  կ’ուզէր:

            –«Կ’ածիլուի,– պատասխանեցի,– ո՞վ կ’լլայիք»:

            –«Ես Շիրազն եմ»,– լսուեցաւ:

            –«Կ’ածիլուի, Շիրազ ջան, կրնա՞մ թիւդ ունենալ»:

            Եւ ունեցայ:

            –Աչքդ լոյս,– ըսի՝ փութալով  քովը,– Շիրազն էր, քեզ կ’ուզէր,  ահա թիւը:

            Կարծես չհաւատաց ականջին, պահ մը դադրեցուց շարժումները ու հարցական նայեցաւ երեսիս՝ խոշոր բանալով աչքերը, որոնք աւելի խաղաղ կը թուէին  հիմա:

            –Այո՜,– շեշտեցի,– եւ շատ կակուղցած էր, կը սպասէ, որ կապուիս հետը:

            Սառը հալած էր, ուրեմն, չեմ ալ գիտեր, թէ ան իրապէս գոյութիւն ունեցա՞ծ էր:

            Չուզեցի ականջալուր ըլլալ անոնց խօսակցութեան, ուստի իջայ վար՝ սեղանատուն:

            Գիտեմ, որ անոնք հանդիպեցան, սակայն չեմ գիտեր, թէ ճիշդ ի՛նչ հետեւողութիւն ունեցաւ այդ հանդիպումը, որքա՛ն ու ի՛նչ յաճախականութեամբ ու որակով  շարունակուեցաւ ան:

                                                                          *   *   *

            Այնուհետեւ  ես առիթը ունեցայ  մօտէն ճանչնալու Շիրազը՝ արձանագրել կարենալու համար անոր ձայնին բոլոր նրբերանգները: Այն գիշեր կիսաբաց դռան ետեւէն լսած ձայնս ուրիշ էր, ուրիշ շեշտ ու  տագնապ  կը բովանդակէր ան եւ ուրիշ բան կը մատնէր:

            Մենք շատ հեռու չէինք յիշատակէն այն օրերուն,  ուր այդպիսի ժամու  չարաշուք ձեռքեր նմանապէս  կը զարնէին  մարդոց դռները,  եւ ընտանեկան խաղաղ ու ջերմիկ  ծոցէն խլելով  քաղաքացին՝  կը թխմէին   դուրսը սպասող սեւ ինքնաշարժին մէջ ու անվերադարձ  կը տանէին  անյայտ ուղղութեամբ: Այս բոլորը  սփիւռքահայերս բերանացի կ’իմանայինք, մինչ  հայաստանցին իր կամ հարազատին մաշկին վրայ կը ճանչնար:

            Շիրազ միշտ ալ ապրած է գիշերային կալանաւորումի յաճախանքը, քանի ոչ մէկ ատեն հաշտ եղած է ան իշխանութեան հետ: Մերթ ընդ մերթ հիւրընկալուած է նաեւ   միլիցատունի[2] մեկուսարանին մէջ, չհաշուած յաւուր պատշաճի տնային կալանքները:  Այդ վախը հիմա աւելի շեշտուած էր  իր մէջ, երբ բոլորովին վերջերս կնքած էր  երկրորդ ամուսնութիւն մը՝ իր կէս տարիքով աղջկան  մը՝ Շուշանի հետ,   շուտով  հայր դառնալու համար եօթը նոր զաւակներու[3], որոնց  բոլորն ալ հօր տաքուկ շունչին ու հացին կարիքը ունէին եւ որոնց մէկ քանիին  մատղաշ ձայները կը լսուէին դռան ետեւէն:

 


[1] Օդային կապ տակաւին  հաստատուած չէր:  Ուսուցիչներու վերադարձը, սակայն, տեղի կ’ունենար օդանաւով, որուն ծախսը կը հոգար  հայրենի իշխանութիւնը: Ենթական Երեւանէն նախ կը թռչէր դէպի Մոսկուա, իսկ Մոսկուայէն, Եւրոպայի վրայով,– ուր ազատ կը ձգուէր ան նոյնիսկ էջք կատարելու ու մնալու  ժամանակ  մը,– օդանաւային եւրոպական ընկերութեան մը միջոցաւ կը վերադառնար իր երկիրը: Այնպիսի մեծ ծախս մըն էր այս, որ դժուար թէ հայ ուսուցիչ մը կարենար իր քսակէն հոգալ:

[2] Ոստիկանատուն

[3] Շիրազ ունէր մանչ մըն ալ՝ Արան, 1941-ի ծնունդ, իր առաջին կնոջմէ՝ Ս. Կապուտիկեանէն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ