Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Զօրաշարժ Ամերիկահայ Համայնքէն Ներս

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔԸ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Հայ ժողովուրդի Աստուածապարգեւ երկու մեծագոյն սրբութիւնները եղած են եւ կը շարունակուին մնալ, մեր հաւատքի կեդրոնը Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը եւ հայկական Մեսրոպեան գիրերը։

Աստուածատուր տեսիլներով ծնունդ առած այս երկու սրբութիւնները դարեր շարունակ լուսաւորեցին եւ ջահաւորեցին մեր ժողովուրդի յաւերժութեան ճամբան։

Մեր գրականութեան անթառամ փառքերէն՝ լուսապայծառ Խաչատուր Աբովեան արդարօրէն «Փոխիր հաւատքդ, փոխիր լեզուդ, ինչպէս պիտի ըսես, թէ որ ազգի զաւակն ես»։

Հայց. Առաքելական եկեղեցին Արեւմտեան ափերուն վրայ հարիւրէ աւելի տարիներու գոյութեամբ, ոչ միայն եղած է հոս ապրող հայութեան հաւատքի ամրակուռ կեդրոնը, այլ՝ հայապահպանման, հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան եւ հայ մշակոյթի զարգացման անփոխարինելի ազդակ մը։

Այսօր Արեւմտեան Թեմը առաջնորդութեամբ մեր շատ սիրելի Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, իր ոսկեդարը կ՚ապրի։ Մեր թեմի 51 ծուխերու եւ եկեղեցիներու մեղուաջան աշխատանքները, մօտ 40-է աւելի Առաջնորդի անմիջական հսկողութեան տակ գործող յանձնախումբերը, 40-է աւելի կղերականներու հոյլ մը, մշակութային ձեռնարկներ, 20-է աւելի շաբաթօրեայ վարժարաններ, կիրակնօրեայ վարժարաններ, քրիստոնէական դաստիարակութեան բազմաբնոյթ աշխատանքները, վերջին 17 տարիներուն լոյս տեսած 700-է աւելի հոգեւոր եւ ազգային գիրքեր մեր թեմէն ներս։

Տակաւին աւելի քան 1000-ի հասնող դպիրներու, կիսասարկաւագներու, սարկաւագներու եւ քահանաներու ձեռնադրութիւն։

Ս. Էջմիածնի բազմաթիւ նիւթական օժանդակութիւններուն հասնող Հ.Ե. Միջազգային Երիտասարդական Կեդրոնական Մարմնի ղեկավարած Ս. Էջմիածնի վերանորոգման շինարարական ծախսերու դրամահաւաքի յանձնախումբի ատենապետն է եւ Մեքսիքոյի հայութեան հոգեւոր Առաջնորդն է մեր Առաջնորդը։

Սուրիոյ, Լիբանանի, Հայաստանի ու մանաւանդ Արցախի հայութեան համար բազմաթիւ դրամահաւաքներով օգտակար եղած է Արեւմտեան Թեմը։

Այս օրերուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Շնորհազարդ Հայրապետ՝ Գարեգին Բ.-ի կոչին ընդառաջելով, Արեւմտեան Թեմը գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, թեմական ղեկավարներէն բաղկացած բազմամարդ յանձնախումբ մը կազմուած է, Հայաստան ապաստանած Արցախի հայերը ետ Արցախ վերադառնալու համար անհրաժեշտ ծախսերուն, մեր թեմի մասնակցութիւնը բերելու համար։

Վստահ ենք, որ մեր բարեհոգի, ազգասէր եւ բարեգործ հայրենակիցները այս անգամ ալ ընդառաջելով մեր Հայրապետին եւ Թեմական Առաջնորդի կոչերուն, իրենց առատաձեռն մասնակցութիւնը պիտի բերեն Աստուածահաճոյ այս գործին։

 

«SYSTEM OF DOWN» ԽՈՒՄԲԸ 600,000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՀԱՆԳԱՆԱԿԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ ՀԱՄԱՐ

 

Միջազգային ճանաչում ունեցող «System of Down» խումբի չորս անդամները Սերժ Թանգեան, Տարօն Մալաքեան, Շավօ Օտաճեան եւ Ճան Տոլմայեան վերջերս երկու երգեր գրած եւ հրապարակ հանելով նուիրուած՝ մեր Արցախ աշխարհին։

Այս երգով մինչեւ հիմա մօտ 600,000 տոլար հանգանակած են նուիրելու համար Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին։ Այս խումբը ոչ միայն ԱՄՆ, այլ ողջ աշխարհի մէջ ծանօթ եւ գնահատուած է։

Ուրախ ենք յայտնելու, թէ մեր արուեստագէտները միշտ առաջին գիծի վրայ կ՚ըլլան իրենց արուեստով եւ տաղանդով հայրենիքին օժանդակ ըլլալու։

Ձեր վարձքը կատար «System of Down»-ի հերոսներ։

 

ՓԵՐՐԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՆՈՐ ՊԱՇՏՕՆԸ

 

Աթլանթա Պրէվզ (Atlanta Braves) պէյսպոլի խումբի փոխ տնօրէն Փէրրի Մինասեան վերջերս նոր պաշտօնի անցաւ ստանձնելով Լոս Անճելըսի «Angels» խումբի ընդհանուր տնօրէնի բարձր պաշտօնը։

Մինասեան պիտի փոխարինէ պէյսպոլի աշխարհի մէջ մեծ համբաւ եւ անուն ունեցող Պիլի Էփփլըր։

Փերրի Մինասեան ընտրուեցաւ այս պաշտօնին չորս տարի ղեկավարելու համար պէյսպոլի «Angels» խումբը։

Կը շնորհաւորենք մեր հայրենակիցը այս նոր պաշտօնին համար։

 

ԱՐՑԱԽԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԹՈՒԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՆԱԿ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ՄԷՋ

 

Կլենտէյլի կեդրոնական բանուկ շրջանի մէջ եղող «Արցախ» անունը կրող թաղին մէջ, ցուցադրութեան դրուած է շատ գեղեցիկ եւ արհեստավարժ ցուցանակ մը, նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան։

Augmented Realty (A.R.) համակարգչային այս ցուցանակը պատրաստուած է Քամի Աբրահամեան, Նենսի Պէյքըր Քէյհիլ, Մաշինքա Յակոբեան եւ Նելլի Սարգսեան։

Կլենտէյլ քաղաքի կեդրոնական շատ բանուկ եւ առեւտրական կեդրոնի մէջ կը գտնուի Արցախ անունով փողոցը։

 

ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

 

Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ծխականները գլխաւորութեամբ Ծուխի ժրաջան հովիւ Տէր Սարգիս Ա.Ք. Փեթոյեանի, Արցախի հայութեան համար մարդասիրական մօտ 80 արկղ հագուստեղէն, դեղորայք եւ բժշկական պիտոյքներ հաւաքեցին։

Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Յանձնախումբի անդամները եկեղեցի գալով այդ իրերը խմբաւորեցին, դասաւորեցին եւ արկղներու մէջ դնելով Հայաստան ուղարկեցին։

Փասատինայի Հայց. Առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը հիմնադրութենէն իվեր միշտ ալ նման ազգային եւ հայրենական ծրագիրներու իր նպաստը բերած է։

Օրինակելի արարք մը, կը շնորհաւորենք այս Ծուխի հովիւը եւ անդամները այս ազնիւ գործին համար։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ