Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ-ի Երախտաւորները. Կարապետ (Կարօ) Պապահէքեան (1926′ Պէյրութ – 2020′ Պէյրութ)

Քառասուն օրեր առաջ  94 տարեկան հասակին, ժահրային համաճարակին զոհը դառնալով, Իր ծննդավայր Պէյրութի մէջ մահացաւ ՌԱԿ-ի Վաստակաշատ ու Նուիրեալ Վեթերան՛ Կարապետ Պապահէքեանը։

       Երախտաւորը ծնած է Պէյրութ՛ 1926 փետրուարին, ան երէց որդին էր Եղեռնէն ճողոպրած, Հաճընցի Տէօվլեթ (Հաճի Տէօվլեթ Պայքարունի) եւ Էօժենի Պապահէքեաններուն։  Նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք, Կարապետ երկրորդական ուսման համար կը յաճախէ  Սրբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Յիսուսեան Հայրերու վարժարանը, ծանօթանալով Ֆրանսերէն լեզուին։

       1945ին աւարտելէ ետք իր երկրորդական ուսումը, կը նետուի կեանքի ասպարէզ, աշխատելով Պէյրութի մէջ կապարի հալեցման գործարանի մը համար, ու կարճ ժամանակի ընթացքին կը մասնագիտանայ այդ արհեստին մէջ։ 

      Երախտաւորը երիտասարդ տարիքէն  սկսած էր մաս կազմել Պէյրութի մէջ ծաւալող Հ․Ե․Ը․ի մարզական շարժումներուն, անդամագրուելով  Հ․Բ․Ը․Միութեան։  Իր մէջ կանուխ տարիքէն արդէն կը սերմանի հետաքրքրութիւնը ազգային – հասարակական կեանքի հանդէպ, ու իր մասնակցութիւնը կը բերէ Պէյրութի տեղական ընտրական աշխատանքներուն։ 

      1950ին Կարապետ մուտք կը գործէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերը, քաջալերանքով ատենոյ Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՛ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի, ու կարճ ժամանակի ընթացքին կը դառնայ յարգուած շարքային մը զինք ճանչցողներուն համար, դառնալով վարչական անդամ՛ Ռ․Ա․Կ․ Պուրճ Համուտի Տամատեան ակումբին։

      Կապարի հալեցման իր սեփական փոքր գործարանը կունենայ Կարապետ, Պուրճ Համուտի ծանօթ հայկական թիրօ թաղի շրջանէն ներս, որ կարճ ժամանակի մէջ յաջողութիւն պիտի գտնէր ու ընդարձակուէր։

      Պապահէքեանի առեւտրական ծրագիրները հետզհետէ յաջող ընթացք առին երբ ճարտար մօտեցումով ան  ձեռք ձգեց Պուրճ Համուտի մէջ կարեւոր հողաշերտ մը, որ յետագային կրցաւ շահարկման դնել ու ստանալ   մեծագումար եկամուտ մը, որ սկիզբը դարձաւ իր արհեստանոցի ծրագրի ընդարձակման։

      Երախտաւորի հասարակական կեանքի նուիրաբերումը անկիւնադարձային սկիզբ մը ունեցաւ երբ ան մաս կազմեց Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի հոգաբարձութեան կազմին՛ 1963 ին։ 

     Այս շրջանին ԹՄՄի Հիմնադիրներու մարմինը ծրագիր կը մշակէր Վահան Թէքէեան վարժարանը ընդարձակել ու օժտել նոր եւ արդիական շէնքով մը, որ պիտի իրականանար 1965ի աշնան։

     Վարժարանի նորակառոյց շէնքը բարձրացաւ գաղափարի նուիրեալ ազգայիններու շնորհիւ, որոնց շարքին էր Պապահէքեանը։ Վարժարանն ալ կառուցուեցաւ իր արհեստանոցին դիմացը գտնուող դատարկ հողաշերտին վրայ։

     Կարապետ կեանքի ընկեր կ՛ընտրէ Այնթապցի Յովսէփ Ուզունեանի կրտսեր դուստրը՛ Յասմիկը, ու անոնց հայաբոյր կազմած ընտանեկան բոյնէն ներս, հասակ կ՛առնեն իրենց երեք զաւակներ՛դուստրերը՛Ճենին եւ Սօսին ու իրենց մանչը՛ Սեպուհը։

      Շրջան մը Կարապետ մաս կը կազմէ ՀԵԸ-ի Անդրանիկ-Սեւան ակումբի գործադիր կազմին, ու հոն կը ծաւալի աշխոյժ գործունէութիւն։ 

    1969ին դարձեալ մաս կը կազմէ Վահան Թէքէեան վարժարանի հոգաբարձութեան որուն ատենապետութիւնը ստանձնած էր իր սերտ գործակից՛ Փանոս Թիթիզեանը։ Յաջորդ տասը տարիներուն առաջնահերթ կարեւորութիւն կունենայ իրեն համար վարժարանի տնտեսական բարելաւումը։ 

    1970ին Երախտաւորը մաս կը կազմէ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան,  ու այդ կազմէն ներս մեծապէս կը սատարէ կուսակցական շրջանակի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատուութիւնը ստանձնելով։

     Պապահէքեանի ներդրումը մեծ եղաւ 1975-77ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացին, մանաւանդ իր ունեցած օտար շրջանակներու հետ կապերուն շնորհիւ։

      Հայրենասիրութիւնը ու Հայրենիքի վերելքը իր մօտ առաջնահերթ կարեւորութիւն ունեցած են, ան միշտ քաջալեր եղաւ հայրենի մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու կերտած յաջողութեանց։ 

     1974ին ան մեկենասը դարձաւ Տոքթ․ Ռոպերթ Ճեպեճեանի եւ Վազգէն Թիւթիւնճեանի աշխատասիրութեամբ պատրաստուած «Հայաստանի Յուշարձաններ» կոթողեայ Յուշամատեանին։ 

     1980-81 տարեշրջանին կը դառնայ ատենապետը՛ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային  վարչութեան։

     Իսկ 1982ին կ՛ստանձնէ ատենապետութիւնը Վահան Թէքէեան վարժարանի հոգաբարձութեան, որուն վերելքն ու գոյատեւումը դարձած էին իր գուրգուրանքի առարկան։

     Ան իր շուրջ հաւաքած էր վարժարանը աւարտած շրջանաւարտներ, որոնք կեանքի ասպարէզ նետուած  եկած էին դառնալու վարժարանի հոգաբարձու իրենց աւարտած վարժարանին համար։

    Պապահէքեանի նիւթական օժանդակութեամբ Հայրենիքի մէջ կ՛իրագործուին Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային կապի կոմիտէի որոշ ծրագիրներ, որոնցմէ կարեւորագոյնները կը հանդիսանան խնձորի երեք տարբեր տեսակի տունկերու աճեցում եւ Միջին Արեւելեան հացի արտադրութիւն, որոնք ատենին գնահատուեցան որպէս շինարար աշխատանք։ 

       1988ին Երախտաւորը կը հրաւիրուի Փրոֆ․ Բարունակ Թովմասեանի կողմէ, մաս կազմելու ԹՄՄ-ի Հիմնադիրներու Մարմնին։ 

       Լիբանանահայութեան միութենական կեանքը ու մանաւանդ ազգային-հասարակական եռուզերը առաջնահերթ դարձած էին Պապահէքեանի համար, 1990ին ան կ՛ստանձնէ ատենապետութիւնը Անթլիասի «Տեմիրճեան Կեդրոն»ի շինարարական յանձնախումբին, որուն շինութիւնը կ՛աւարտի 1993 ին։  

      1991-96 ան մաս կը կազմէ ՀԲԸՄիութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին, ստանձնելով ատենադպիրի պաշտօնը, իսկ 1995 ին գումարուած Ռ․Ա․Կ․ ԺԹ Ընդհ․ Պատգամաւորական ժողովին կ՛ընտրուի անդամ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան։

       Պապահէքեանի աշխատունակ ներկայութիւնը Կուսակցական ու միութենական կեանքէն ներս, միշտ ալ բարձր կը գնահատուէր իր գործակիցներուն կողմէ, իսկ որպէս ճարտարարուեստական յաջող գործարար, ան միշտ ալ յարգուած մնաց մանաւանդ օտար շրջանակներու կողմէ։ 

        70-ամեայ Երախտաւորին կը վստահուի 1996 ին կազմակերպել Պէյրութի մէջ, ՌԱԿի 75 ամեայ շքեղ տօնակատարութիւնը «Հայրենիքի Հետ, Հայրենիքի Համար»  նշանաբանով, պետական բարձրաստիճան ներկաներու շարքին էին ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան ՛ Տիար Երուանդ Մելքոնեանը եւ ատենոյ Լիբանանի Վարչապետ՛ Ռաֆիք Հարիրին։

      Նոյն Տարուան աւարտէն առաջ իրեն այս անգամ կը վստահուի ատենապետութիւնը ԹՄՄի Հիմնադիրներու Մարմնին, պաշտօն մը որ ան պիտի ձեռնհասօրէն վարէր յաջորդ 15 տարիներուն։ 

       Իր ատենապետութեան շրջանին, յարաբերաբար երիտասարդ տարրեր միացան Հիմնադիրներու կազմին, իսկ քաղաքի կեդրոնը գտնուող բազմայարկ շէնքը ու Պուրճ Համուտի Վահան Թէքէեան վարժարանը միշտ ալ մնացին Երախտաւորին հոգածութեան կիզակէտին մէջ։ 

      ՀԲԸՄիութեան երկարամեայ ծառայութեան համար ան ստացաւ կրկնակի վեթերանի վկայականը,  իսկ 2007ին ՌԱԿ Կեդրոնական  Վարչութեան  կողմէ  իրեն յանձնուեցաւ Յոբելենական Վաստակաւորի գնահատագիր, ու հրաւիրուեցաւ մաս կազմելու Կեդրոնական Վարչութեան, որպէս պատուոյ  անդամ։

       Պապահէքեանի ազգային երկարամեայ ծառայութիւնը գնահատելու համար, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Կաթողիկոսը զինք պարգեւատրեց «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով։

      Յառաջացած տարիքին  մօտէն կը հետաքրքրուէր ու կը քաջալերէր հասարակական ծրագիրներ, խանդավառ մեկենասը դառնալով ՀԲԸՄիութեան Հաճնոյ որբանոցի Յուշամատեանին, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Հայաստանի «Արմենակ Եկարեան» հրաձգարանի կառոյցին։  

        Երախտաւորը կեանքէն հեռացաւ՛  2020 Հոկտեմբեր 31- ին, յարգուած  ու զոհաբեր ազգային մը մնալով, իր անսակարկ ծառայութեանց համար։

 

 

ՌԱԿ Ի Ընտհանուր  Պատգամաւորական Ժողով – 1996 (Լիբանան) 

Առաջին Շարք՛ ձախէն չորրորդը Կարապետ Պապահէքեան։                                                                              

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ