Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Վերջին Մոմը Դադիվանքում

Տեղւոյն Հայ Հնագոյն Ուխտատեղիները Վկայ 

ԴադիվանքԱմարասԳանձասարԱմենափրկիչ

«Այսօր Դադիվանքում ռուսական դրօշի, ռուս խաղաղարարների, զրահամեքենաների ահարկու հայեացքի ներքոյ իմ վերջին մոմը վառեցի»

ԳՐԻԳՈՐ ՋԱՆԻԿԵԱՆ, Զինուորական Թղթակից

11/14/2020

                                                                  Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Կովկաս Կը Վտանգուի

            Երկու ամիսներ անցան Հարաւային Կովկասի յանկարծական եւ ամենէն կործանարար պատերազմէն ի վեր ընդմէջ Ատրպէյճանի եւ Արցախի եւ հասցուցին հայոց պարտութեան սրտաճմլիկ եւ օրհասական օրը։ Ի պատիւ իրեն Ջանիկեան այնքան սրտագին աւաղելով կուտար նաեւ «Պայքար»ի վերջին համարին 

մէջ իր մոմավառութեան լոյսին տակ լրիւ, անհաւատալի, այն բոլոր 79 վանքերուն եւ ուխտավայրերուն ցուցակը որոնք պիտի անցնին Ատրպէյճանի ձեռքը։ Նոյնպէս բարձրօրէն գնահատելի էր «Զարթօնք» օրաթերթին  մէջ կարդալ Երեւանէն Քրիսթինա Աղալարեանի առաջին անգամն ըլլալով ընդարձակ եւ համատեղելի հայ վանքերն ու եկեղեցիները՝ ցրուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքին։

            Սաստիկ ռմբակոծումներով քանդուեցան մայրաքաղաք Ստեփանակերտն ու շրջանի հայաբնակ գիւղերը, եւ մեծ տէրութիւններ ինչի՛ կը սպասէին հայոց իրաւունքն ու արդարութիւնը պաշտպանելու համար, ո՛չ թէ խօսքով, այլ բանակի ուժով։ Աւելին՝ այս պարտութենէն ետք Հայաստանի սահմաններուն հետ կապուած

ի՛նչ զարգացումներ տեղի պիտի ունենան։ Ե՞րբ եւ ի՛նչպէս պիտի սահմանուի նաեւ 

Արցախի Հանրապետութեան գոյավիճակը։ Պատասխանը ուշ եւ անորոշ տրուեցաւ հիւսիսէն գաղտնօրէն ստորագրուած ծուո եւ կոպիտ պայմաններու 

«շնորհաբաշխումներով» զեղծարար թուղթի մը համաձայնութեամբ։ Ռուսական խաղարարար ուժեր փրկեցին կացութիւնը գոնէ առժամաբար Ջանիկեանի այդ մէկ մոմի լոյսին տակ։ Իսկ այդ թուղթին հետ խաղալ չարժեր, որքան ատեն որ հոն պատմութիւնը կը կեղծուի եւ աստուածային կոթողները 

կ՛ոտնահարուին։

            Եթէ երեսուն տարիներ առաջ Ռուսաստան սրբագրեց Սովետական սերունդի մնացորդացը այն ատեն, այսօր բաւական ուշ եւ «զգոյշ», նոյն հզօրագոյն Ռուս պետութիւնը ներկայ կացութեան տէրը դարձաւ, ներքին քմծիծաղով մը թէեւ, ուզենք կամ չուզենք։ Կրակի դադրեցումն ու խաղաղարար ուժերու 

կայունութիւնը երաշխիքը եղան արեամբ մեծագոյն գնով նահատակ մեր 

երիտասարդներուն, գէթ շունչ մը առնելու առիթը տալով, եւ ոչ թէ մեղաւորներ փնտռելու տենչով։ 

Դժբախտաբար քաղաքամայր Երեւան կ՛եռեւեփի ցոյցերով, առանց յետագայի 

մեծագոյն վնասներն ու հաւանական անակնկալները հաշուի առնելու։

            Ռուսիա վերջապէս «յիշեց»  որ Ղարաբաղը միայն որպէս «ողորմութիւն» ձրի տրուած էր Ատրպէյճանին, առանց պատմական որեւէ հիմքի, մինչ անդին մեծ տէրութիւններ միայն կէս բերան խրատներ կ՛արձակէին, միայն լսելի։ Անողոք յարձակման ենթարկուեցաւ նաեւ պատմական Շուշին, ու անոր յանձնումը նոյնքան խռովիչ ու մտահոգիչ։ Սրտի տագնապ մը անցուց Արցախի թեմին նուիրեալ Թեմակալ Առաջնորդը ։

Սեւագիր Թուղթը

            Պատմական, մշակութային, կրօնական եւ աշխարհաքաղաքական տուեալները բոլորովին ուրանալով Ատրպէյճան յամառօրէն պահանջեց Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը, ուրանալով որ հայոց բնակավայրը եղած է ան դարեր շարունակ, եւ միայն հարիւր տարի առաջ Մարաջախտ Ստալին կատարած էր անարդար եւ կոպիտ այդ սխալը զայն կցելով Ատրպէյճանին, ճիշդ այնպէս ինչպէս յանձնեցին Նախիջեւանի մարզը նոյն հակառակորդին։ 

            Եւ ի՛նչ հեգնանք սեւագրուած թուղթը Հայաստանի միջով «նրբանցք» մը կը պահանջէ եղեր ընդմէջ Ատրպէյճանի եւ գրաւեալ հայկական Նախիջեւանի։ Սա ի՛նչ անհաւասար ու յաւակնոտ ստորագրութիւններ, երբ Հայաստանի Վարչապետը ստիպման տակ վայրկեան մը իսկ առիթը չունեցաւ քննելու եւ սրբագրելու որոշ յօդուածներ, որպիսին եղաւ այդ ճակատագրական ու անպատուաբեր «նրբանցք»ը։ Այդ վատոգի վերջին յօդուածը ի՞նչ կապ ունի Ղարաբաղի խնդրոյն հետ։ Ռուս հովանաւորներ այդ նրբանցքին վրա՞յ եւս խաղարարի դերը պիտի կատարեն երբ թուրք սահմանապահներ իսկոյն երեւան անոր երկայնքին            Վարչապետ Փաշինեան «չէ կրցած» կամ լաւ եւս «չէ ուզած» նոյնիսկ խորհրդակցիլ ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգիսեանին հետ, որուն ի պատիւ պէտք է ըսենք որ անյապաղ ու անկեղծօրէն ձեռք առաւ դժբախտ կացութիւնը՝ իրաւական ու սահմանադրական ուղի մը գծելով։ Նախագահը կրկնապէս ողջունելի է որ ինք կապ մը չէ ունեցած այդ սեւագրութեան հետ։

ՀՀ Նախագահն ու Վարչապետը

Միակ Ելքը

            Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմ. Նախագահ Արմէն Սարգիսեան իր ձայնը բարձրացուց ի տես Երեւանի բազմութեան բողոքին ու անկարգութեանց որոնք կրնան տակաւին քաղաքացիական բարդութեանց հանգիլ։ Եթէ համաձայնութիւնը միակ բարիք մը ունեցաւ, ինքն իր մէջ շատ թանկ, այն ալ յայտնապէս կրակի դադրեցումն էր, առանց որուն ա՛յլ կերպարանք պիտի ստանար դժոխային կացութիւնը։ Հայաստան պիտի շարժէր միայն հրադադարով եւ ոչ կռիւներու շարունակութեամբ։

            Ինչպէս նախկին նախարարուհի Հրանուշ Յակոբեան խոր մտահոգութեամբ ազդարարեց  երէկուան իր դիտողագրին մէջ  «Այժմ ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնն    է վտանգուած, արանքում է լինում Արցախ աշխարհը՝ ցաւալիօրէն անդամահատում ու փոքրանում է։ Գլխահակ ու տխուր է հայկական երբեմնի հզօր Սփիւռքը»։

            Հանրապետութեան Նախագահը անմիջական քայլեր առնելու թելադրանքներ ըրաւ, ընդ որս կառավարութեան եւ Վարչապետին հրաժարականը պահանջելով։ Կասկած չկայ որ Նախագահը ազնուագոյն կարեւորութեամբ մօտենալով հարցին, Վարչապետը չէ որ կը պաշտօնազրկէր, եթէ վերջինս իրապէս հրաժարի, այլ խառնակ եւ վրդով կացութիւնն է զոր փրկել կը փորձէ, նոյնիսկ դիմելով միջազգային պետական անձանց։ Իմ վախը կը փարատի երբ լսենք երկուքին, Նախագահին  ու Վարչապետին, անմիջական գործակցութիւնը, եւ       երբ Վսեմաշուք Նախագահը արտահերթ ընտրութեանց դիմելու նոյնքան անմիջական տարբերակը կը յանձնարարէ՝ հրաժարումովը Վարչապետին ու Կառավարութեան։

Դադիվանքն ու Վերջին Մոմավառութիւնը

            Խորհրդանշականէն շատ աւելին է զինուորական Գրիգոր Ջանիկեանի Դադիվանքի վերջին այցն ու աղօթքը։ Պատմական է եւ հայրենասիրական։ Դադիվանքի եւ Գանձասարի վանքի համառօտ տեղականքը տալով կը փափաքիմ եզրափակել ներկայ գրութիւնս։

            Արցախի Գելպաջար շրջանին հնագոյն վանքն է  Դադիվանքը՝ հիմնուած Հայաստանի առաջին Առաքեալ Թադէոսի աշակերտին Դադէի կողմէ։ Յետագային 9-13րդ դարերուն վերակառուցուած յարակից եկեղեցիներով որուն պատկառելի տեսքն ու աւանդական ոճը շատ յատկանշական կը մնան։ Վերջերս յայտնուած է Դադէի գերեզմանը գլխաւոր եկեղեցւոյ խորանին ներքեւ։ Գլխաւոր եկեղեցին իր անունով յայտնի եղած է հնագոյն արձանագրութենէ եւ 1214 թուականը ճշդուած, որուն համաձայն օրուան «իշխանուհին աղօթք կը խնդրէր իր որդիներուն յիշատակին»։

            Դադիվանքն ու Գանձասարը վերաբացուեցան 1994-ի հրադադարէն ետք, եւ 2004-5

Թուականին վերանորոգչական աշխատանքներ տեղի ունեցան Ամերիկահայ Իտէլ Յովնանեանի հոգածութեամբ։ Մեր մաղթանքն է որ սոյն երկու եւ մնացած տասնեակներով Արցախեան հայ վանքերն ու եկեղեցիները ռուս խաղաղարար զօրքերուն պաշտպանութիւնը վայելեն, քանի որ երբ թշնամին մուտք գործէ անոնց մէջ, հայ հոգեւոր կեդրոնները կը բնաջնջուին։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ