Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Ընկեր Կարապետ Պապահէքեանի Մահուան Քառասունքին Առթիւ. Շիջեցաւ Վահան Թէքէեան Վարժարանի Պահապան Հրեշտակներէն Մին

Վիքթոր Հիւկօ կ’ըսէ. «Երբ քսակը կը պարպուի, սիրտը կը լեցուի»: Եւ այդպէս է. մեր անկեղծօրէն տուածը յաւիտեան մեր սեփականութիւնը կը մնայ, որովհետեւ իւրաքանչիւր բարեգործութեան դիմաց մենք տեղ կը գտնենք զայն ստացողին աղօթքներուն մէջ ու կը ստանանք անոր անկեղծ բարեմաղթութիւնները:

Լուսահոգի ընկեր Կարապետ Պապահէքեանը բազմաթիւ մարդոց աղօթքներուն եւ բարեմաղթութիւններուն մէջ էր իր կեանքի ամբողջ ընթացքին, իսկ հիմա՝ անոր վառ յիշատակը կ’օրհնեն, որովհետեւ ան տիպարն էր մարդկային եւ ազգային կարիքներուն ու պահանջներուն նիւթապէս ու բարոյապէս օժանդակող մարդասէր ու հայրենասէր անձի:

Ընկեր Կարապետ Պապահէքեան գործարարական բազմազբաղ իր ասպարէզին զուգահեռ, մնայուն կերպով նուիրուեցաւ իր ժողովուրդին ու Հայրենիքին: Ան համեստութեամբ, ծառայասիրութեամբ ու զոհողութեամբ նեցուկ կանգնեցաւ բոլորին, նամանաւանդ իր դաւանած կուսակցութեան կառոյցներուն, եւ մասնաւորապէս իր սրտին շատ սիրելի Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանին:

Ընկեր Պապահէքեան եղած է վարժարանիս այժմու շէնքի հիմնարկէքը կատարողներէն մէկը: Ան իր ներդրումը ունեցած է դպրոցի հողաշերտի առքին մէջ, ինչպէս նաեւ եղած է անոր առաջին քարը տեղադրողներէն:  Ուստի, վարժարանիս նորակառոյց շէնքը, որ բարձրացաւ գաղափարի նուիրեալ ազգայիններու շնորհիւ, անոնց շարքին առաջիններէն էր նաեւ ընկեր Պապահէքեանը։ Վարժարանն ալ կառուցուեցաւ իր արհեստանոցին դիմացը գտնուող դատարկ հողաշերտին վրայ։

Ընկեր Կարապետ Պապահէքեան երկար տարիներ եղած է վարժարանիս հոգաբարձութեան կազմի անդամ, եւ առաջին օրէն սկսեալ դպրոցին վերելքն ու գոյատեւումը դարձած են անոր գուրգուրանքի առարկան։ Ըլլալով ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինի անդամ եւ հետագային՝ ատենապետ, ան դարձեալ խնամակալն էր Հիմնադիրներու Մարմինի հոգեհարազատ զաւակ Թէքէեան Վարժարանին: Անկախ իր զբաղեցուցած պաշտօններէն, ան միշտ կողքէն կը հսկէր ու կը պահէր վարժարանիս թիկունքը, թէ՛ բառացի եւ թէ՛ փոխաբերական իմաստներով: Այլ խօսքով՝ կրնանք հաստատօրէն ըսել, որ Կարապետ Պապահէքեան մեծահոգի մարդը եւ ազնուահոգի հայորդին եղած է պահապան հրեշտակներէն եւ հոգատար հայրերէն մին վարժարանիս, անոր հիմնադրութեան առաջին օրէն եւ մինչեւ իր երկրային կեանքի վախճանը:     

Երկար է շարքը բարիք գործող եւ բարին կամեցող ընկեր Կարապետ Պապահէքեանի ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան օրինակներուն: Ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին բանիւ եւ գործով, նիւթապէս ու բարոյապէս սատար հանդիսացած է ոչ միայն իր անմիջական շրջանակին՝ իր հաճընցի հայրենակցութեան, իր դաւանած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, իր հաւատացած Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ու Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան, իր շատ սիրելի «հոգեզաւակ» Վահան Թէքէեան Վարժարանին, այլ անոր հասու եւ լիաբուռ ձեռքին ու բարեգութ դիմագիծին ծանօթ են նաեւ Մայր Հայրենիքի մէջ: Շնորհիւ ընկեր Պապահէքեանի մարդասիրութեան, վեհանձնութեան, առաքինի նկարագիրին եւ առատաձեռնութեան, ան յարգուած էր եւ ընդմիշտ յարգուած յիշատակ պիտի ունենայ բոլորին մօտ:

Ի տես այս բոլորին եւ ընկեր Պապահէքեանի ազգային երկարամեայ ծառայութիւնը գնահատելու համար, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ կաթողիկոսը զայն պարգեւատրեց «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով, որուն արժանի էր ան: Սակայն մենք վստահ ենք, որ շքանշաններէն ու մարդկային գնահատանքէն անդին, ան իր աստուածահաճոյ արարքներուն համար վայելեց երկնային գնահատանք, որովհետեւ բարեգործութիւնը եռանկիւնի նման երեք գագաթ ունի.

– Ան, որ անշահախնդիր կ’օգնէ եւ չի սպասեր գնահատանքի:

– Ան, որ օգնութեան կարիք ունի:

– Երրորդն ալ՝ Աստուած, որ կը տեսնէ այդ բոլորը ու կը գնահատէ:

            Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանը հպարտ է, որ ընկեր Կարապետ Պապահէքեանի ձեռնհասութեամբ, բարեսիրութեամբ, ազգասիրութեամբ ու հայրենապաշտութեամբ գլխագիր մարդ մը ունեցած է իր կողքին, որ միշտ հաւատաց վարժարանիս առաքելութեան ու զայն կանգուն պահելու հրամայականին, եւ անոր պայծառ ապագային ու անխափան ընթացքին համար ոչ մէկ ճիգ ու ջանք խնայեց ան: Ընկեր Պապահէքեան վարժարանիս հանդէպ իր անմնացորդ նուիրուածութիւնը վարակած էր նաեւ իր ընտանիքի անդամներուն՝ իր ազնուափայլ տիկնոջ, զաւակներուն ու թոռներուն, որոնք հետեւած են ու կը շարունակեն հետեւիլ ընկեր Պապահէքեանի՝ Վահան Թէքէեան Վարժարանին սատարելու ուղեգիծին:

 Վարժարանիս մեծ ընտանիքը՝ իր հոգաբարձութեամբ, տնօրէնութեամբ, ուսուցչակազմով, ծնողք-աշակերտութեամբ յաւերժ երախտապարտ պիտի մնայ իր հոգատար հօր, որուն աջը միշտ մնաց դպրոցին վրայ եւ իւրաքանչիւր խոչընդոտի դիմաց շատ յաճախ անյայտ զինուորի հանգամանքով յայտնուեցաւ մեզի նեցուկ կանգնող Պապահէքեան Կարապետ մեծասիրտ եւ ազնուահոգի հայորդին:

            Յիշատակդ անթառամ մնայ, սիրելի ընկեր Պապահէքեան:   

 

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ