Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Վաթսունամեակ. Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Պատրիարքութեան Տագնապալի Քառամեայ Շրջանը (1956-1960)

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ 

 

 

Վաթսունամեակն


            Այսօր Սրբոց Յակոբեան Պատրիարքութիւնը իր սրբազան առաքելութիւնը կը շարունակէ պատուով եւ ամբողջական նուիրումով Ամենապատիւ Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանի պատրի- արքութեան ներքեւ։ Սոյն ժառանգը աւանդեցին Ամենապատիւ Եղիշէ Տէրտէրեան (1960-1990) եւ Թորգոմ Մանուկեան (1990-2012) Սրբազան Պատրիարքները իրենց երկարատեւ, երբեմն դժուարին եւ յաճախ խաղաղ պայմաններու տակ, ու զայն յանձնեցին անդորրութեամբ ներկայ Միաբանական Ուխտին։ Վաթսուն տարիներ առաջ տարբեր եղաւ ներքին կացութիւնը նկատի ունենալով մերօրեայ տագնապալից քառամեայ շրջանը ներքին անդորրութեան խախտումի հետեւանքով եւ միջամտութեամբը Յորդանանեան պետութեան։

            Օրուան Պատրիարքական Տեղապահ Եղիշէ Արքեպս Տէրտէրեան 1956 Սեպտեմբեր 19-ին Եւրոպա մեկնած էր առանց Տնօրէն Ժողովի գիտութեան եւ բացակայած անորոշ ժամանակով։ Աթոռին ներքին վտանգը նախատեսելով միաբաններ արտասահմանէն Երուսաղէմ ժամանած էին գլխաւորութեամբ Ամերիկահայ Թեմի նախկին Առաջնորդ եւ Ս. Ուխտին երէց միաբաններէն Տիրան Արքեպս. Ներսոյեանի, որոնք յարաբերաբար անցնող տասնամեակի սանձարձակ գործունէութեան, Կիւրեղ Բ Պատրիարքի 1949 թուի վախճանումէն սկսեալ, Պատրիարքական Աթոռին անկեալ վիճակը վերականգնելու աշխատեցան, կատարելով դրական աշխատանք մինչ Տեղապահը վանքէն կը բացակայէր։

            Անոնք սակայն անտեսեցին պետական հաւանական միջամտութեան վտանգը որուն ետին կանգնած կը պայքարէր օրինաւոր Տեղապահը Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ, երբ մանաւանդ միաբաններ Միաբանական Ժողովի որոշմամբ Եղիշէ Տէրտէրեան Արքեպիսկոպոսը կը դադրեցնէին իր պաշտօնէն ու կ՛արտաքսէին միաբանական շարքէն, ինը կէտերէ բաղկացած ամբաստանագիր մըն ալ հրապարակելով «Սիոն» ամսագրի 1957  Ապրիլ-Մայիս թիւին մէջ։

 

Ընդդիմադիր դիրք


            Եթէ այսքանը հասկնալի էր, միւս կողմէ սակայն բոլորովին ընդդիմադիր դիրք բռնելով, վանքին տիրանալու տենչով, կարելի չէր զսպել եւ ի կարգ հրաւիրել օրինաւոր իշխանութիւնը որ պատերազմի դժուար տարիներուն, անկէ տասնամեակ մը առաջ, տոկացեր էր քաղաքական խիստ աննպաստ եւ կործանարար հակամարտութեանց եւ կրցեր էր պահել գոյութիւնը հնադարեան Ուխտին։ Հարկ է միանգամ ընդմիշտ ըսել թէ օրինաւոր Տեղապահն ու օրէնսդիր ժողովները, լաւ կամ գէշ, դադրեցնել իրենց օրինական կարգավիճակէն մէկ օրէն միւսը շիտակ ձեւը չէր սխալները շտկելու եւ կարգն ու կանոնը հաստատելու։ Առաջին օրէն թէեւ իրատես, եւ սակայն ժխտական դիրք եւ կասկածամիտ կեցուածք ունենալ որպէս առաջնորդող սկզբունք անարդար պիտի ըլլար եւ ապարդիւն։ Դիմադրել օրինաւոր Տեղապահին որ միակ ճանաչուած անձն էր պետութեան աչքին, պիտի նշանակէր համերաշխութիւն չփնտռել եւ քաղաքական միջամտութեան զոհ դառնալ ինչպէս որ եղաւ։

            Միջանկեալ այդ չորս տարիներուն Տիրան Ներսոյեան, Սուրէն Քէմհաճեան, եւ Շնորհք Գալուստեան եպիսկոպոսները դրական եւ արժէքաւոր գործ կատարեցին վանական, սրբատեղեաց, եւ կրթական մարզերէն ներս, յատկապէս աչալուրջ ըլլալով միաբանութեան տնտեսական եւ բարոյական կենցաղի վերաբերմամբ, միշտ սակայն այն մտավախութեամբ որ պետութիւնը յանկարծ կրնար խանգարել գործոց ընթացքը, ի մտի ունենալով Յորդանանեան ոչ-հպատակ հոգեւորականները որոնք ի հարկին կրնային երկրէն արտաքսուիլ։ Վանքին մէջ կային նաեւ երկու եպիսկոպոսներ եւս, մեծ բանասէր ու ձեռագրագէտ Նորայր եպիսկոպոս Պողարեան, որ երբեք չմասնակցեցաւ ժխտական կամ դրական որեւէ որոշման կամ արարքի, չվտանգելով իր համբաւն ու չվատնելով իր գիտնականի ժամանակը յումպէտս։ Կար նաեւ Հայրիկ եպիսկոպոս Ասլանեան որ լռելեայն կը սպասէր Տեղապահի վերադարձին՝ անհամաձայն ըլլալով նոր շարժումին։ Յիշեալ հինգ եպիսկոպոսներէն արտասահման պաշտօնի վրայ էին 11 թեմակալ  եպիսկոպոս միաբաններ եւս։ 1956 թուին յանկարծամահ եղած էր վանաբնակ Պարգեւ եպիսկոպոս Վրթանէսեան յիսուն տարիքը հազիւ լրացուցած։

 

Արդիւնաւէտ Աշխատանք


            Հակառակ ձգտեալ կացութեան վանքին ընթացիկ գործերը բնականոն վարեցին երբեմն Սուրէն եւ երբեմն Տիրան արքեպիսկոպոսները, օժանդակութեամբը լուսարարապետ Շնորհք եպիսկոպոս Գալուստեանի։ Ժողովական, կրթական եւ յարաբերական գործերը որոշ արդիւնք տուին, Ժառանգաւորաց եւ Ընծայարանի տեսչութիւնը վարեց Թորգոմ վարդապետ Մանուկեան, իսկ Թարգմանչաց Վարժարանինը՝ Կիւրեղ վարդապետ Գաբիկեան։ Ամմանի եւ շրջակայից կրթական գործը որպէս տեսուչ յանձն առաւ Արիս աբեղայ Շիրվանեան։ ՀԲԸ Միութեան եւ Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հետ Սրբոց Յակոբեանց հոգեւոր առժամեայ իշխանութեանց յարաբերութիւնը բարենպաստ եղաւ, ու «Սիոն» ամսագիրն ալ իր լուրջ բովանդակութեամբ վերակենդանացուց կրօնական, բանասիրական եւ միջ-եկեղեցական հաղորդում- ները։

            Տիրան արքեպիսկոպոսի տեղապահութեան շրջանին կատարուեցան երկու խումբերու ձեռնադրութիւններ, առաջին չորսը 1957-ին ձեռամբ Տիրան Արքեպիսկոպոսի, եւ յաջորդ վեցը 1960-ին ձեռամբ Սուրէն Արքեպիսկոպոսի։ Ձեռնադրեալներէն Արիս, Դաւիթ, եւ Փառէն արքեպիսկոպոսութեան բարձրացան յետագայ տարիներուն։      Խնամատարական անմիջական գործը յանձն առաւ յատուկ յանձնախումբ մը գլխաւորութեամբ լուսարարապետ Շնորհք եպիսկոպոսի հասնելով արաբ-իսրայէլեան պատերազմի հետեւանքով վանք ապաստանած գաղթականներուն՝ բաշխելով առօրեայ ուտեստեղէն եւ դեղօրայք։ Գաղթականներ յետոյ մեծ մասամբ մեկնեցան Միացեալ Նահանգներ։

 

Ներսոյեան Աքսորեալ

Տէրտէրեան Վերադարձած


            Յորդանանեան պետութիւնը պիտի կատարէր անարդար միջամտութիւնը։ Պիտի աքսորէր Ընտրեալ Պատրիարք Տիրան Արքեպիսկոպոսը որպէս օտարահպատակ (ԱՄՆ), եւ իր պաշտօնին պիտի վերադարձնէր Տեղապահ Եղիշէ Արքեպիսկոպոսը, առաջինը 1958 թուին եւ երկրորդը՝ 1960-ին, որոնց ընթացքին պիտի աքսորուէր նաեւ Շնորհք եպիսկոպոս Գալուստեան։ Ընտրեալ Պատրիարքը գիտնալով իր անյոյս վերադարձը Երուսաղէմ, Շնորհք եպիսկոպոսին հրաժարման գիր մը կ՛ուղարկէր, յանձնարարելով նաեւ որ պատրիարքի նոր ընտրութիւն կատարէին։ Միաբաններ կը մերժէին ընթացք տալ, անպայման Պատրիարքին վերադարձը պահանջելով, երբ նոյնիսկ Երուսաղէմի կառավարիչը կը թելադրէր երրորդ անձ մը ընտրել Հայոց Պատրիարք։

            Թաքուն պահուած ընթացքը իր գլուխը կը ցցէր, միաբանութեան տհաս մերժումն ալ իր գինը կը վճարէր, եւ ի վերջոյ Յորդանանեան պետական միջամտութեամբ հարցը իր վախճանը կը գտնէր Տէրտէրեան Արքեպիսկոպոսի հապճեպ ընտրութեամբը։ Վանք վերադարձին Տէրտէրեան դարձեալ պետական որոշումով պիտի հաստատուէր իր Տեղապահի պաշտօնին վրայ, եւ իսկոյն Տնօրէն Ժողովի որոշմամբ, եւ ապա Միաբանական Ժողովի ընթացքին 1960 Յունիսին ներկայ միաբանները  զինք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք պիտի ընտրէին։ Հակառակ իր կամքին եւ գիտութեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Տ.Տ. Վազգէն Ա Կաթողիկոս, որ այդ օրերուն Ամերիկայի Թեմին իր անդրանիկ Հայրապետական այցելութիւնը կը շնորհէր, ազատ կը կացուցանէր Եղիշէ եպիսկոպոս Տէրտէրեան իր պատուազրկութենէն, կը վերահաստատէր իր արքեպիսկոպոսութեան դիրքը, եւ մինչ ճամբորդութեան վրայ էր տակաւին, հեռագրաւ կը հաստատէր ընտրութիւնը։

 

Եղիշէ Պատրիարքին Գահակալութիւնը


            Իսկոյն Գահակալութիւնը տեղի կ՛ունենար պետական հրովարտակի ստացումէն ետք, եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գիտութեամբ եւ օրհնութեամբ։ Մայր Աթոռէն յանուն Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Վազգէն Ա Կաթողիկոսին, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ատենապետ Հայկազուն Արքեպիսկոպոս Աբրահամեան, Եղիշէ Տէրտէրեան նորընտիր պատրիարքի հայրենակից վանեցի միաբանակիցը, Երուսաղէմ կը ժամանէր ու կը կարդար Հայրապետական շնորհաւորագիր Կոնդակը։ Այս կերպ չորսամեայ անորոշութիւնը կը հարթուէր «շնորհիւ» Յորդանանեան պետութեան։ Եղիշէ Պատրիարք ցկեանս կը մնար իր պաշտօնին վրայ երեսուն երկար տարիներ աւելի զսպուած, խելամիտ, եւ հաշտարար հանդէպ Մայր Աթոռին եւ միաբանութեան։ Կը վախճանէր 1990 Փետրուար 1-ին, ութսուն տարիքը լրացուցած։

 Ներսոյեան՝ Ընտրեալ Պատրիարք


            Թէեւ Ընտրեալ Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն սրբատառ Կոնդակով հաստատուած, Տիրան Արքեպիսկոպոս Ներսոյեան պատմութեան կ՛անցնի որպէս Ընտրեալ Պատրիարք, եւ Երուսաղէմէն իր մեկնումը կ՛ըլլար անդարձ, մեկնելով նախ Լոնտոն, եւ ապա Նիւ Եորք ուր կը վերահաստատէր իր բնակութիւնը։ Հոն կատարեց շնորհակալ մեծ գործ որ կը մնայ Ամերիկեան Հայ Եկեղեցական Թեմին համար մնայուն աւանդ՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Ընծայարանի հիմնադրութիւնը 1961 թուականին, որուն հիմնադիր տեսուչը կը կարգուէր։ Վաթսունամեայ Ընծայարանը բարգաւաճ է այսօր իր երրորդ եւ վերջնական կայքին մէջ, Նիւ Եորք նահանգի Արմոնք աւանին մէջ իր ընդարձակ եւ ի հիմանէ նորաշէն ուսումնական կեդրոնով, հանրակացարաններով եւ մատուռով։ Եթէ Տիրան Արքեպիսկոպոս Ներսոյեան որպէս Պատրիարք չգահակալեց, իրեն գահը դարձուց արդարեւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Աստուածաբանական Ճեմարանը ուրկէ հայ հոգեւորականներ Հայ Եկեղեցւոյ ծառայութեան կոչուեցան։ Առաջին ձեռնասունը իր կարգը ստացաւ Տիրան Արքեպիսկոպոսէն։

            Տիրան Արքեպիսկոպոս Ներսոյեան երբեք իր նամակներուն տակ «Ընտրեալ Պատրիարք» չստորագրեց, մնաց սակայն ամենայարգելի բարձրաստիճան հոգեւորականը Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս։ Վախճանեցաւ 1989 թուին ու հանգչեցաւ Երուսաղէմի Սուրբ Փրկիչ վանքի միաբանական գերեզմանի հանգուցեալ Պատրիարքներու շարքին՝ իմաստուն կարգադրութեամբը Թորգոմ Պատրիարք Մանուկեանի։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ