Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Մեղմ ըսած, 2020 ընթացիկ տարին հայոց արդի պատմութեան մէջ աննախնթաց արհաւիրքի եւ կորուստներու տարի մը եղաւ: Մինչ Միջին Արեւելքի հայկական տարբեր գաղթօճախներ ծանրագոյն ընկերա-տնտեսական դժուարութիւններու ենթարկուեցան, եկաւ վրայ հասնելու Արցախեան պատերազմն ու հայութեան անգնահատելի մարդկային եւ հողային կորուստները: Այսօր երբ ալեկոծած է հայկական աշխարհը, պարզ է որ ազգովին ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնենք գտնելու վերակազմակերման եւ յանուն Հայաստանի ու հայութեան աւելի պայծառ ապագայ մը կերտելու ուղին:

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը իր աշխատանքային ընթացիկ տարին կ’աւարտէ, իր ետին թողնելով համախոհական հիմքերու վրայ ծրագրուած իր գործունէութիւնը, որուն շարքին էր Արցախի պատերազմի օրերու զանգուածային քայլերթը, եւ Լիբանանահայութեան կարիքներուն համար կազմակերպուած նուիրահաւաքը:

Ինչպէս մեր համայնքի զաւակներուն յայտնի է, Լիբանանի մէջ ծանօթ պայթումի գործած արհաւիրքի

որպէս անդրադարձ, Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը անմիջապէս նախաձեռնեց

նուիրահաւաքներու շարքի մը, որոնց թագադրումը հանդիսացաւ Օգոստոս 30 ի կազմակերպուած թելեթոնը, եւ որուն որպէս արդիւնք հանգանակուեցաւ $1,378,255 տոլար։  Այսու կը յայտարարենք, թէ թելեթոնէն 4 ամիսներ անց, մեր հաշուեփակը արդէն իսկ ամբողջական է:

Ընդհանուր խոստումներու 97.7% հաւաքուած ըլլալով, ու ծախսերու բաւարարումը կատարուած ըլլալով (ընդհանուրի 3.2%), Խորհուրդս Լիբանանի Հայութեան Վերականգնումի Յանձնախումբին փոխանցած է $1,300,000, չորս հանգրուաններով։

Ներփակ կը ներկայացնենք Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ ուղղարկուած հաստատագիր-գնահատագիրը:

Կը մաղթենք որ եկող տարին ու անոր յաջորդողները աւելի պայծառ եւ աւելի յաջող տարիներ ըլլան մեր ազգին եւ հայրենիքին համար, քան ընթացաւարտ տարին: Այս իմաստով, Խորհուրդի հաւաքական յանձնառութիւնն է շարունակել մեր ազգային վերելքին միտուած իր քայլերն ու գործունէութիւնը:

Արեւմտեան

Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ


Հայաստանեաց Արաքելական Եկեղեցի Արեւմտեան Թեմ

Առաջնորդարան Հայոց ԱՄՆահանգներու Արեւմտեան Թեմ

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն

Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան Միութիւն

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Նահանգներու Շրջան

Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն

Միացյալ Հայ Երիտասարդներ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ

Ամերիկայի Հայկական Համագումար

Հայ Իրաւաբանական Միութիւն

Պոլսահայ Միութիւն

Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւն

Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն

Լոս Անժելեսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն

Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն

Ծառայողական Աշխատողներու Միջազգային Միութիւն

Հարաւային Գալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ


 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ