Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայը, Գոյատեւելու Համար, Դատապարտուած Է Մշտական Պայքարի. Այս Է Հրամայականը 2021-ի եւ Ոչ Միայն

2020 թուականի 27 Սեպտեմբերի պատերազմը,  44 օրուան ընթացքին, աւելի քան երեք տասնամեակ, Հայաստանը իրականութենէն ետ մղեց:  Այն, ինչ որ կայծակնային արագութեամբ տեղի ունեցաւ մեր երկիրի,  պետականութեան եւ մեր հետ, մղձաւանջ մըն է,  որմէ ոչ մէկ ձեւով կրցանք սթափիլ:  Մասամբ այդ մէկը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ մեզմէ ոչ ոք հոգեբանօրէն պատրաստ էր անոր  եւ կ’ապրէր այն ցնցումը, որուն մէջ յայտնուած էր. ծունկի եկած էր՝ հոգեբանօրէն: Մասամբ ալ պայմանաւորուած է այն իրականութեամբ, որ մեր պետական այրերը ջանք չեն խնայեր այդ մղձաւանջը  դարձնելու համազգային դժբախտութեան, պառակտումի եւ պետականութիւնը կործանող քայլերու, որոնց պատճառը իրենց ներքին ագահութիւնն է,  ներքին  «վայ ղեկավարի» փառասիրութիւնը։ Առածը կ’ըսէ. «եզը ինկաւ, դանակ կրողները շատցան»: Ներկայիս Հայաստանի վիճակը այդ առածի մարմնաւորումն է:  Մէկը չկայ, որ կ’ուզէ ինկած եզը ոտքի հանել, օգնել եւ բուժել՝ հոգատարութեամբ:  Ընդհակառակը, կան դանակակիր  յանցագործներ, որոնք ոչինչ ըրած էին եզը մեծցնելու եւ խնամելու տարիներուն, սակայն կ’ենթադրեն, որ մորթուող եզէն իրենց բաժինը առնելու իրաւունքը ունին:

Հայաստանի ներքին քաղաքական կռիւները շատոնց հեռացած է Հայաստանի շահերը պաշտպանելու ուղեգիծէն: Այսօր, իշխանափոխութեան պայքարը անձնական է, եւ ոչ թէ  քաղաքական: Հիմա ժողովուրդը երկու մասի բաժնուած է. ժողովուրդի մէկ մասը, պարտուած ու յուսահատուած, այլեւս ներկայ ղեկավարութիւնը չ’ուզեր տեսնել: Կայ նաեւ մեծ վոհմակ մը, որ կը փորձէ վերջին ամիսներու իրադարձութիւնը օգտագործելով՝  վերականգնել իր աթոռը,  սակայն ոչ թէ ի շահ Հայաստանի, այլեւ նկատի ունենալով անձնական շահերը, եւ յանուն իրենց ցանկութեան պատրաստ են Հայաստանի ճակատագիրը խաղասեղան նետել: 

Ժողովուրդը այլեւս չ’ուզեր պարոն Փաշինեանի վարչապետութիւնը, սակայն «ընդդիմադիր» կոչուող ուժին հանդէպ այնքան մեծ ատելութիւն ունի, վերջին 30 տարիներուն կուտակուած ատելութիւն մը, որ պատրաստ է հանդուրժելու ներկայ ձախող  ղեկավարը, միայն, թէ արնախում այդ վոհմակը ետ չվերադառնայ իշխանութեան եւ չշարունակէ ծծել ժողովուրդի արիւնը մակաբոյծի  մը պէս, որ բացի արիւն ծծելէ նաեւ իր թոյնով ողջ մարմինը կը քայքայէ , կը տկարացնէ, կը սպանէ: 

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, բնականաբար,  Ռուսիան  իր շահը ունի: Ան շատոնց կը փորձէր ամրապնդել իր դիրքը այս տարածքի մէջ, սակայն յարմար հնարաւորութիւն չունէր այդ մէկը ընելու,  առանց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները վտանգելու: Սակայն Ռուսիոյ նպատակը այդ չէր:  Ան յարմար առիթ կը սպասէր, որ մեծ քանակով զէնք եւ զինամթերք բերէ Հայաստան՝ այս տարածքի մէջ ռազմական կեդրոններ ստեղծելու համար: Այսպիսով կ’ապահովէ  իր եւ Թուրքիոյ ուժերու հաւասարակշռութիւնը՝  Թուրքիոյ սահմանի մօտ:   Զսպելով Թուրքիոյ  զօրութիւնը, կը ստիպէ վերջինիս, որ այս տարածքի մէջ իր պայմանները թելադրելու ատեն միշտ նկատի ունենայ Ռուսիոյ կարծիքը։

Գալով արցախեան հարցով ռուսական միջատութեան…: 

Պատմութեան ընթացքին՝ նուազագոյնը վերջին   100-150 տարիներու փորձառութիւնը մեզի ցոյց տուած են, որ մեր բարեկամ երկիրը միշտ սեփական շահը կը գերադասէ, երբ խօսքը Հայաստանի ճակատագրական հարցերուն կը վերաբերի։ Մեր բարեկամութիւնը կը շարունակուի այնքան, որքան իրավիճակը չէ սրած:  Խաղաղ օրերու մեր «բարեկամութիւնը»  մեզ կը ստիպէ հաւատալ, որ նեղութեան մատնուելու պահուն կրնանք իրեն դիմել եւ ստանալ համապատասխան օգնութիւնը: Սակայն փորձը ցոյց  կու տայ, որ մենք օգնութիւն կը ստանանք միայն օրհասական պահուն՝ փրկութեան օղակի մը տեսքով, որ շատ արագ վիզի կապի կը վերածուի, կապ մը, որ քիչ քիչ վիզի շուրջ աւելնալով, մեր կոկորդը աւելի կը սեղմէ։

Ռուսիոյ իշխանութիւնը, փաստացիօրէն,  20 տարի միանձնեայ քաղաքականութիւն կը վարէ,  եւ այս 20 տարիներու ընթացքին Ռուսիոյ սահմանադրութիւնը վերափոխուեցաւ, վերաձեւուեցաւ այնքան, որքան կարեւոր էր  Վլատիմիր Փութինին՝ երկիրի ղեկավարութիւնը չձգելու համար։ Բնականաբար ոչ ոք կրնայ ըսել, որ իր երկիրը լաւ չի կառավարեր: Ռուսիան այսօր հզօր պետութիւններէն մէկն է, որ  չի խոնարհիր ո՛չ ԱՄՆ-ի, ո՛չ Թուրքիոյ, եւ ոչ ալ ՆԱԹՕ-ի առջեւ: Բայց կայ կարեւոր ճշմարտութիւն մը: Ռուսիան ամենաապականած, ամենափտած, ամենակաշառակեր  երկիրներէն է: Կաշառք տալն  ու առնելը պետական գործարքներու մէջ այնքան տարածուած է, որ ոչ ոք կը հերքէ,  նոյնիսկ անոր դէմ պայքարիլը անկարելի է: Քրէական մշակոյթով կառավարուող պետութիւն է:Այս բոլորէն ետք բոլորիս համար  պարզ է չէ՞, որ Փութինը քաղաքակիրթ միապետ  է եւ բնականաբար կ’ատէ թաւշեայ ու գունաւոր ժողովրդական, դեմոկրատ յեղափոխութիւնները: Բոլորս կը յիշենք թէ ինչպէ՛ս, նման յեղափոխութիւններէն ետք Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ հետ լաւ յարաբերութիւնները փոխուեցան: Վերջիններս,  որպէս «պատիժ», կրեցին տարածքային կորուստներ : 

Նիկոլ Փաշինեանը, ընտրութիւններէն յետոյ օրինական իշխանութեան անցնելով, բազմաթիւ երկիրներու նախագահներէն եւ վարչապետներէն շնորհաւորական ուղերձներ ստացաւ, բայց Ռուսիոյ նախագահէն շնորհաւորանք չստացաւ: Ընդհակառակը, ատկէ քանի մը օր ետք պարոն Փութինը բացէ ի բաց , պետական մակարդակով, շնորհաւորեց ՀՀ նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի տարեդարձը եւ այս քայլով յստակ ցոյց տուաւ իր դիրքորոշումը Հաաստանի նոր իշխանութեան հանդէպ։ Մեր վարչապետն ալ, իր «փայլուն» դիւանագիտութեան շնորհիւ,  քայքայեց Հայաստանի յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ՝ հակառուսական իր քաղաքականութեամբ եւ արեւմտամէտ իր յաւակնութիւններով, որ գործնական գետնի վրայ դարձաւ մեր գլուխին վրայ կախուած դամոկլեան սուրը ու քանդեց մեր տունը։

Այս բոլորը չէր կրնար չունենալ իր հետեւանքը,  յատկապէս եթէ նկատի ունենանք մեր բարեկամ երկիրի նախագահի անցեալ, մեծ յաւակնութիւններն ու փառասիրութիւնը։ Մեծ մասամբ այդ է պատճառը, որ հիմա Ռուսիան «կ’օգնէ»  Հայաստանին, բայց արդէն ծունկի բերած,  ողորմութիւն մը շնորհողի կարգավիճակով: Պատերազմի ժամանակ, ճիշդ է, մենք Ռուսիայէն ստացանք այն զէնքն ու զինամթերքը, որ խնդրած էինք,  բայց անոնք ցուցադրաբար հեռու պահեցին իրենց միջամտութիւնը այնքան ժամանակ, մինչեւ որ Հայաստանը ստիպուի համաձայնուելու որեւէ պայմանագիրի, պատերազմը կանգնեցնելու համար: Ռուսիոյ  համար Արցախը մանր դրամ էր,դրամի մնացորդ, անորմով Կովկասի մէջ գնեց իր ռազմական կեդրոնը եւ ամէն բան կ’ընէ իր դիրքը ամրապնդելու համար: Իր հզօրութիւնն ու կայսրութեան հաստատումը աւելի կարեւոր են Հայաստանի շահերէն:  Մեզի օգնելու համար  նուաստացուցիչ այնպիսի պայմաններ կ’առաջարկէ,  որ ստիպուած ըլլանք լռելու եւ չմիջամտելու իր գործերուն՝այս տարածքի մէջ: Իսկ մենք, ստեղծուած օրհասական վիճակին պատճառով, ճարահատ, կը համաձայնինք: Փաստացիօրէն մենք քիչ-քիչ կը դառնանք Ռուսիոյ ենթակայ, Ռուսիայէն կախեալ պետութիւն մը: 

Իսկ ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ,օգտագործելով ստեղծուած իրավիճակը, կը փորձէ խաղալ՝պահպանելով իր շահերը:  Քանի դեռ թուլացած ու պառակտուած է Հայաստանը եւ ուժասպառ վիճակի մէջ  է բանակը, քանի դեռ վատ  է մեր զինամթերքն ու վիճակը այնքան, որ չենք կրնար դէմ դնել, կռուիլ, կը փորձէ իրագործել իր մեծ թուրանական երազանքը: Անշուշտ, ուրախ կ’ըլլայ, եթէ տեսնէ որ Սիւնիքը խլելու հնարաւորութիւնը ունի. բան մը որ ակնյայտօրէն ցոյց տուաւ վերջին օրերուն:  Վերջերս, Պաքու տեղի ունեցած  ռազմական  շքերթի ժամանակ յայտարարեց, որ Հայաստանի տարածքներու հանդէպ մեծ յաւակնութիւններ ունի: 

Ռուսիան, իր շահերը նկատի ունենալով, այդպիսի քայլի մը դէմ կը կենայ: Բայց Հայաստանը, որպէս պետական կառոյց, այլեւս քայքայուած է. խաղաթուղթ է երկու պետութիւններու՝ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ խաղասեղանին: Իսկ իրենք՝ շահագործելով մեր անօգնական եւ խեղճ վիճակը, մեր հետ կը վարուին միշտ նկատի ունենալով իրենց շահերը:  

Չեմ գիտեր, թէ ապագային ի՛նչ պիտի ըլլայ, բայց հաստատ է, որ ապագան խաղաղ չէ: Մենք դեռ կռիւներ պիտի ունենանք: Նոր պատերազմի նախաշեմի մը հոտը կու գայ:  Մեծ պատերազմի մը, որ հայկական հողի վրայ պիտի ըլլայ, բայց ուրիշներու շահի համար:

            Հայաստանը պարտաւոր է իր ամբողջ կամքը  հաւաքելու մէկ բուռի մէջ, ոտքի կանգնելու, կանգնած կռուելու ու ոչ թէ  մահանալու՝ ծունկի եկած։ Մենք, որպէս ազգ, դատապարտուած ենք միշտ պայքարելու մեր գոյատեւման համար։ Մենք պիտի չունենանք արեւելքի դիւանագիտական քաղաքական օգնութիւնը, Ռուսիոյ բացարձակ հաւատարմութիւնը , եւ ոչ ալ թուրքի հետ ընկերանալու շքեղութիւնը, ինչքան ալ որ անոր միամտաբար կամ ՝ ոչ, համոզուած էր մեր յարգելի ձախողած վարչապետը։ Թուրքը երբեք քաղաքակիրթ ու բարեկիրթ պիտի չըլլայ։ Ան իր բարբարոս նախահայրի յատկութիւնները ժառանգաբար  իր մէջ միշտ պիտի կրէ։ Անոնք երբեք մեր բարեկամը չեն կրնար ըլլալ, ինչքան ալ որ կուրօրէն կամ՝ ոչ  անոր կը հաւատան մեր երկիրի «գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը» իր ընտանիքի անդամներով հանդերձ։

            Հայը, գոյատեւելու համար, դատապարտուած է պայքարի։

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ