Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Խմբագրական. Անցնող Տարին

2020-ը  բեկումնային տարի էր մոլորակի համար։ Այն ինչ մեզի համար ծանօթ էր, մեր կեանքի լռելեան բաղկացուցիչ մասը  կը կազմէր, քանի մը շաբթուան ընթացքին փոխուեցաւ։ Փոխուեցան շատ բաներ, սկսեալ մարդկային յարաբերութիւններէն, մինչեւ աշխատանքի ձեւը։  Այն ինչ սովորական էր մեզի համար, անէացաւ, այն ինչ անհնար կը թուէր նոյնիսկ երեւակայութեան մէջ, իրականութիւն դարձաւ։ Թագաժահրը փոխեց իրականութեան մասին մեր պատկերացումները։ Շատ ու շատ բաներ վերաարժեւորուեցան։ Ամիսներու ընթացքին մեզմէ շատերու կեանքը, ապրելակերպը փոխուեցաւ:  

2020-ը կորուստներով լեցուն տարի էր առողջապահական տեսանկիւնէն։ Համաշխարհային առողջապահութիւնը պարզապէս կքած մնաց այս հսկայ բեռի տակ։ Թագաժահրը տարաւ աւելի քան 1.7 միլիոն մարդու կեանք։

2020-ը կորուստներով լեցուն տարի էր տնտեսական առումով։ Բազմաթիւ փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններ  գոյութիւն ունենալէ դադրեցան: Մեծ ձեռնարկութիւններն ու արտադրամասերը նիւթական բեռի տակ մնացին։

Հայ ժողովուրդին համար անցնող տարին չափազանց վատ տարի մըն էր: Վերջին 30 տարուան ընթացքին այդպիսի տարի մը չէր եղած: Արցախեան պատերազմը ջախջախեց մեր իրականութիւնը։ Հայաստանի ողնաշարը կոտրուեցաւ։ Տարաւ մեր եղբայրները, հայրերը, զաւակները։ Մեզի երկար ատեն պէտք պիտի ըլլայ վերականգնելու. 30 տարին քիչ է ոտքի կանգնելու համար։

Այն իրականութեան մէջ, որ յայտնուած ենք, վճռորոշ է մեզի համար։ Պետական, քաղաքական, տարածքային, ապահովական եւ այլ բազմաթիւ  հարցեր կան, որոնք  այսօր ցցուած են մեր առջեւ։ Մենք ոչ թէ թեթեւ  հարուածէ մը, այլ ծանր իրավիճակէ մը պիտի ապաքինուինք: Թոյլ, անօգնական, վհատ եւ յուսահատ ըլլալու իրաւունքը չունինք. այս կարգավիճակը մեզի պատիւ չի բերեր։ Պիտի աշխատինք, որ մեր հայրենիքը փլատակներէն վեր խոյանայ.պիտի կառուցենք,  շէնցնենք, զօրացնենք: Վերջ ի վերջոյ պիտի գա՞յ այն օրը երբ հզօր Հայաստան մը պիտի տեսնենք. եթէ ոչ մենք, ապա գոնէ մեր զաւակները։ Թէ, եւս 80-100 տարի մեծերու թեւին տակ ծուարած, կծկուած պիտի մնանք, փոքրի կարգավիճակով, բայց մեծ երազանքներով ու մեծ փառասիրութեամբ։ Վերամբարձ ճառերը ե՞րբ պիտի գործադրենք, երազկոտ յաւակնութիւնները ե՞րբ պիտի իրականացնենք:  Վերջ ի վերջոյ մենք մեր երկրին տէր պիտի դառնա՞նք:  

Անցնող տարին ծանր հետեւանքներով լեցուն դժբախտ տարի էր մեզի  համար, նաեւ աշխարհի համար։ 2021-ն ու անոր յաջորդող տարիները թող կառուցողական եւ  նորարար ըլլան, գործնական ըլլան, խելամիտ ըլլան, ապագայ կերտող, հզօրացնող ու շէնցնող ըլլան։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ