Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մամռոտ Ազգի Մը Պատմութիւնը

Ո՞վ ենք մենք: Ո՞ր գիշատիչը կամ երկչոտ անասունը կրնայ նկարագրել հայը: Շատեր փորձեցին այս հարցումին պատասխան տալ եւ հասնիլ ինքնաճանաչումի, անհատական կամ ազգային: Քնարերգակ բանաստեղծներ, հեղինակներ սրամիտ, Հայկական բարձրավանդակի կենդանական աշխարհէն ընտրուած շնչաւորի մը պատկերով ներկայացուցին հայու նկարագիրը: Այլաբանական այդ գրութիւնները, տաղ կամ առակ, վէպ կամ նամակ՝ գրի առնուեցան այն մռայլ եւ անորոշ օրերուն, երբ հայը արտաքին սպառնալիքի մը դէմ կը պայքարէր, դիմադրութեան փորձ կը կատարէր: Հայոց պատմագիրքի մէջ, յարգելի ընթերցողներ, եթէ դուք լսէք արծիւի մը կռիչը, այծի մը պապաչիւնը, արագիլի մը կափկափիւնը, ծիծեռնակի մը ճչիւնը կամ կռունկի մը կանչիւնը, մի զարմանաք, հայն է ան, մագիլներով, ճիրաններով, ճանկերով իր հողին կառչած, ապրելու ցանկութեամբ հեւացող: Այս պատկերները լոկ գրականութիւն կրնան թուիլ ձեզի, սակայն, կը ցաւիմ ըսելու, թէ անոնք մեր դառն իրականութիւններն են: Բայց արդեօ՞ք թեւաւորի մը կամ քառոտանի գազանի մը նմանողութեամբ կարելի է ամբողջութեամբ ըմբռնել հայը, անոր յամառ կենսասիրութիւնը: Յօդուածիս վերջաւորութեան դուք կը կարդաք մէկ այլ պատկերացում, բոլորէն տարբեր, հայրենի հողին ամուր կառչած, անկէ անբաժան մէկ պատկերացում: Սակայն նախ տեսնենք, թէ մեր նախնի գրիչնե’րը ինչ միտքեր յղացեր են:

 

Խաչատուր Աբովեանը, արեւելահայ աշխարհաբար գրականութեան հիմնադիրը, տեսաւ հայու հեզ ու համեստ բնաւորութիւնը ու անմեղ գառնուկի մը նմանցուց զայն. «Հայը խոնարհ ա, ու Աստուծոյ գառը… Ա՜խ Հայի սրտին, Հայի արեւին ես ղուրբան ըլիմ»: Նոյն օրերուն, երբ անօրինութիւններու եւ կեղեքումներու գազանացած ալիքներ անխնայ կը հարուածէին հայու կեանքն ու գոյքը, Րաֆֆին «Սալբի» վէպի մէջ ընդարձակեց Աբովեանի միտքը. «Մի անմեղ գառն, մնաց գայլերի ճանկերի մէջ»:

 

Ապա եկան ազատագրական պայքարի ոգիով տոչորուած այլ գրողներ: Մէկը Ռուբէն Սեւակն էր, որ հայը ուզեց տեսնել հակա-Աստուածաշնչեան տարազի մէջ, որպէս «գառնուկ գայլի հանդերձով»: Ահա Սեւակին գրի առած խօսքերը. «Սակայն Հայը, ասկէ տասը քսան տարի առաջ գառնուկ ժողովուրդն էր՝ հեզ, համբերատար, մեղմաբարոյ, երեսը՝ հաւասար գետնի հողին, եւ վիզը՝ յօժար ամէն լուծի: […] Սակայն այս պահուս պարտաւոր է հատուցանել չարիքը՝ իր թշնամիին, պարտաւոր է «ոռնալ գայլերուն հետ»։ Այս յօդուածէն լոկ ութը տարի յետոյ բանաստեղծը գայլի վոհմակներուն զոհ պիտի դառնար: Արդեօ՞ք Սեւակը գիտէր իր վախճանը, արդեօ՞ք անոր համար մեզի աւանդեց քառատող մը, որ կը պարունակէ խրատ՝ հայասպան ախտին բուժիչ միջոցը. «Որովհետեւ դեռ հեռո՜ւ է օրն այն, / Երբ գայլ ու գառնուկ սիրո՜վ կ՚արածին…։ / Թէ ապրիլ կ՛ուզէ գառնը նորածին՝ / Պէտք էր իր ակռան սրէ լռելեայն…»։

 

Բայց եղան օրեր երբ հա’յն էր գայլը: Այո, հայոց պատմութեան մէջ «Գայլ» կոչեցինք այն այրերը, որոնք աչքի ինկան իրենց խիզախութեամբ: Պատմական այդ դէմքերէն ամենէն նշանաւորը Գայլ Վահանն էր, 7րդ դարու սպարապետ, քաջ դիւանագէտ եւ հնարամիտ զինուորական, որուն շուրջ ժողովուրդը աւանդազրոյցներ հիւսեր է:

 

Այն դարերուն, երբ հայը դեռ ունէր իր մարտական ոյժերը, երբ սուր աչքով կը հսկէր ու կ’իշխէր իր դաշտերուն, սարերուն եւ ձորերուն, ան արծիւ մըն էր իսկական: Արծիւի այդ հպարտութիւնը 854 թուականին մեզի պարգեւեց Արցախի իշխան Եսայի Ապումուսէն: Երբ արաբ զօրավար Բուղան սպառնական թուղթ մը կը յղէ Եսայիին՝ պահանջելով, որ ան իջնէ հայրենի Քթիշ ամրոցէն եւ յանձնուի իրեն, Եսային հետեւեալ նամակ-պատասխանը կու տայ այդ աւազակին. «Մեք արծուիք «ի վերայ քո, կուրացուցիչք աչաց քոց»: Գրական արժէք ներկայացնող այդ ռազմաշունչ նամակին մէջ կայ նաեւ հետեւեալ տողիկը. «Զօրքն իմ պատառիչ գազան, որ պատառեն զառագաստ սրտի գոյ»: Արցախի իշխանի խօսքերը սոսկ գրական խօսքեր չմնացին: Թշնամին ամբողջ տարի մը մնաց բերդը պաշարած, ձեռնարկեց 28 յարձակում, բայց ամէն անգամ ան ջախջախուեցաւ, Քթիշը մնաց անառիկ:

 

Արծիւի պատկերը յարմար եկաւ նաեւ 19րդ դարու երկրորդ կէսին՝ յատկապէս Գեղապաշտ շրջանին հասարակական եւ գրական ասպարէզ իջած ազգային գործիչներու համար: Արծիւ թռչունի մտապատկերի գործածութեամբ անոնք կ’ուզէին իր դարաւոր թմրութիւնը թոթափող հսկայ եւ ազնիւ ազգի մը այլաբանութիւնը ստեղծել: Այդ գրագիրներէն մէկն էր Զապէլ Եսայեանը: Ըստ անոր, հայը կենդանաբանական պարտէզի մը մէջ վանդակուած արծիւ մըն էր, որ արհամարհելով իրեն շնորհուած փոքր տարածութիւնը, աչքերը փակ, ատելութեամբ լեցուած, կ’երազէր իր ձիւնոտ լեռները: Եսայեանի միտքերը բիւրեղացան «Արծիւը կը սաւառնէր» պատմուածքի մէջ. «… Որովհետեւ երբ աչքերը կը գոցէր ու կտուցը կուրծքին մխրճած կ’երազէր, հոգին կ’երթար բանտէն անդին, պարտէզէն դուրս, դէպի իտէալական եւ ձիւնապատ սարերը իր հայրենիքին… Արծիւը կը սաւառնէր…: Անիկա խորտակած էր շղթաները ճղճիմ ու նենգաւոր մարդու բռնապետութեան եւ կը սուրար դէպի ջինջ պայծառութիւնները իր իտէալին, դէպի վեհ եւ անմատչելի բարձրութիւնը իր մտապատկերներուն»: Արծիւի խորհրդապատկերը գործածեց նաեւ Վահան Տէրեանը: «Մի խառնէք մեզ ձեր վայրի արջի ցեղերին» բանատողով սկսող քերթուածին մէջ հայը գերակալուած, բայց իր դարաւոր վեհութիւնը պահած արծիւ մըն էր. «Գերուած ենք մենք, ո’չ ստրուկ – գերուած մի արծիւ, Չարութեան դէմ վեհ սիրտ միշտ, վատի դէմ ազնիւ»:

 

Միշտ պէտք է յիշել, թէ հայը, ներեցէք արտայայտութիւնս, պատկառելի յիմարութիւններու ալ հեղինակ ազգ մըն է: Միջնադարուն հայրենանուէր բազմաթիւ գրիչներ գրի առին խրատական առակներ, որպէսզի հայը չկորսնցնէ իր շնորհքը ու բարձր պահէ իր արժանապատուութիւնը: Այդ առակագիրներէն մէկը Վարդան Այգեկցին էր: Ան «յիմար» որակեց այծերու այն ազգը, որ գայլերու հետ հաշտութեան համաձայնագիր ստորագրեց ու հեռացաւ իր հովիւէն, իր հօտապահ գամփռէն: Իսկ Ռուբէն Զարդարեանը հայու մէջ տեսաւ այծեամ մը, լեռներու զաւակ, զով անձաւներու բնակիչ, ո’չ միսով՝ բայց մամուռ եւ դալարիներով սնանող երկչոտ այծեամ մը: «Զարնուած Որսորդը» պատմուածքի մէջ արտայայտուեցան անոր միտքերը. «Այծեամը լեռներուն զաւակն է, այդ հսկայ քարերը թխսած են զինք ու անոնց վրայ բուսած մամուռները կերակրած են զանիկա: Մաստառը զանոնք ծնած է. անէ՛ծք այծեամին գնդակ նետողի գլխին … Այծեամին գնդակ նետողը անէծքով կը մեռնի: … Վա՜յ անոր որ այծեամին նշան կը բռնէ»:

 

Իսկ մէկ անգամ, ի՜նչ ծիծաղելի բան, Կիւմրեցի մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեանի գիւտն էր ան, հայը դարձաւ… արագիլ: Ո’չ, յարգելի ընթերցող, բոլորիս ծանօթ, հայրենաբաղձ եւ մելամաղձոտ երգերու «Բարի արագիլ»ն չէր ան, այլ մէկ ոտքի վրայ ցցուած, այսինքն Արցախէն զրկուած, երերուն ժողովուրդ մը. «Երկար տասնամեակներ արագիլի նման / մի ոտի վրայ ցցուած ժողովուրդ, / որն ահա արդէն / երկու տասնամեակ է, ինչ պայքարում է / եւս մի կօշիկի չափ տարածութեան համար, / որպէսզի, ի վերջոյ, կարողանայ միւս բոլոր / ժողովուրդների նման / երկու ոտքով կանգնել / մայր հողին»:

Երբ շատ դաժան էր կեանքը, մեղմ երգերով օրօրեցինք մեր հոգիները. «Կռունկ ուստի՞ կու գաս, ծառայ եմ ձայնիդ», «Կանչէ, կռունկ, կանչէ, բարձր սարերէն», «Կռունկ, գնա, հայոց դաշտի ծաղիկը տար պանդուխտներին», «Ծիծեռնակ, ծիծեռնակ, դու գարնան սիրուն թռչնակ», «Ծիծեռնակը բոյն էր շինում, ե՛ւ շինում էր եւ երգում», «Բարի արագիլ, բախտի արագիլ»…

 

Բայց ամէն բանէ առաջ, հայը իր հայրենի հողին, ժայռ ու քարին, ծառի բունին, վանքի պատին յամառօրէն կառչած, ապրելու ցանկութեամբ շնչող ազգ է, խոնարհ, ազգերու համայնապատկերի մէջ շատ անգամ աննշմար, ու այնքան հին որքան արարչութիւնը: Իսկ դուք կ’ուզէ՞ք այդ ազգը տեսնել իր բնաշխարհի մէջ, իր ամենայն պարզութեամբ ու մերկութեամբ: Զայն մի» փնտռէք անմատչելի գագաթներու վրայ, ոչ ալ լեռնային քարանձաւներէն ներս: Այլ նայեցէք վար, դիտեցէք հայրենի հողը: Մամուռն է ան, դալար, դիմացկուն, լռելեայն աճող, այն մամուռը որ նոյնիսկ յաւակնեցաւ բանաստեղծներ ներշնչել… «Կ’երթամ դաշտն ծեր քարերուն / Վրայ մամուռ բուսցնելու, լալու», «Դուն մամռոտ ճամբէդ կ’երթաս անմոլոր», «Մամռոտ հողակոյտիդ տակ, / Լռի՜ն հանգչէ դուն, փոքրի՜կ նահատակ», Ռ. Սեւակ, «Սեւ, թաւ յօնքերուն տակ թարթած աչքերը այն տեսակ համոզիչ մեղմիչ բան մը ունին, որ կրնան վայրկենապէս չոր ժայռին երեսն ալ կանանչ մամուռ մը ծնցնել», Թլկատինցի, «Ստուար մամուռ մը թաւշային եւ հում կանանչով կը սողար ամէնուրեք», Զ. Եսայեան, «Ժայռէն եղաւ անբաժան` մամուռին գոյնն անուշակ», Մ. Մեծարենց, «Մամռոտ աւերք եւ դամբարան զօրավիգ / Արարատեան հսկայից, / Ուր ծոր ճակտով վիրալից / Հեծէ ոգին հայկական», Պ. Դուրեան, «Աղբիւրը, որ դուրս կը ծորայ / Մամռոտ ժայռերու զով խոռոչին տակ», Լ. Շանթ, «Հեռուն՝ լքուած իր մամռապատ շեմին վրայ / Կը հսկէ գամփռը մինակ», Դ. Վարուժան, «Մամռապատ ժայռերուն գոգը՝ ծառերու շարքին տակ, արծաթէ ջուրը կը ծնծնայ», Գ. Բարսեղեան:

 

Մամուռն էր ի սկզբանէ: Որքան ալ կործանարար կոհակներ կոծեն զայն, կամ քամիներ անցնին անխնայ, մամուռը հնամեայ, կը մնայ փարած իր բնաշխարհին, կը մնայ առոյգ, հազարամեայ աւիշով դալարագեղ: Յօդուածս այսօր կը փափաքիմ աւարտել երկու հոգեւորականներու, Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի եւ Խրիմեան հայրիկի միտքերով: Անոնք է, որ երկու համեստ վանկով, «մա-մուռ», նկարագրեր են Հայաստանը եւ անոր ստեղծարար ոգին. «Մեծամեծ հասարակաց շէնքեր, փայլուն կամ մամռապատ կամարներ, իրենց տակ թաղուածներուն պէս հնացեալ գերեզմաններ», Ղ. Ալիշան, «Յուշ, նա իմ աւերակաց տեսիլ եւ կերպն աշխարելի… Մարմարեայ սիւնք մամռապատ եւ թաւալեալ այն մահարձանք. / Այն փլեալ եկեղեցիք եւ տաճարաց մնացեալ կամարքն»:

 

Հայրենի հողի վրայ, յարգելի ընթերցող, երբ կրկին քալելու բախտաւորութիւնը ունենաս, պահ մը կանգ առ Զորաց քարերու դիմաց, Սեւանավանքի աստիճաններուն վրայ, Տաթեւի կամուրջի կամարներու տակ կամ Նորատուսի խաչքարերու առջեւ: Դիտէ մամուռը, մտաւոր ուխտագնացութիւն մը, հայու յատուկ: Այն ժամանակ է, որ պիտի հաղորդուիս անցեալի հետ, պիտի ներթափանցես ազգի խորհուրդին ու պիտի հասնիս ինքնաճանաչումի:

 

 ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ