Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Նամակ Ամերիկայէն -11- Ամերիկայի Հայկական Համագումարի (The Armenian Assembly of America) Առաքելութիւնը

Ամերիկահայ ժամանակակից տարեգրութեան մէջ սակաւաթիւ են այն հայկական կառոյցները, որոնք ժամանակի հոլովոյթին հետ ժամանակավրէպ դարձած չեն: Կառոյցներ՝ որոնք մնացած են պատնէշի վրայ, պաշտպանելով Հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը յուզող  հարցեր, խթան հանդիսանալով Հայոց  Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն եւ յատկապէս ամերիկեան քաղաքական շրջանակներէ ներս, պայքար մղելով հակահայկական քարոզչութեան դէմ:

Անցեալ դարու 70ական թուականներու սկիզբը կեանքի կոչուած այս կազմակերպութիւնը՝ The Armenian Assembly of America մտայղացումն էր ամերիկահայ կարկառուն եւ լուսամիտ գործատէրերու: Յիշենք երկու անուններէ միայն – Ալեք Մանուկեան եւ Հրայր Յովնանեան, բազմաթիւ այլ ունեւոր ամերիկահայերու եւ մտաւորականներու կողքին: Պատուական հայորդիներ, իրա՛ւ  հայեր, որոնք հակառակ իրենց անկուսակցական հանգամանքին՝ սակայն ըլլալով հանդերձ համակիրները  հակոտնեայ քաղաքական հոսանքներու, անոնք միասնաբար գործի լծուեցան ստեղծելու առաջադրութեամբ համահայկական մարմին մը: Անոնց տեսիլքն էր ամերիկեան չափանիշով կազմակերպութեան մը ծնունդ տալ՝ ծանօթացնելու մեր ժողովուրդին դատը տեղական քաղաքական եւ պետական շրջանակներուն եւ ջատագովելու մեր ժողովուրդը շահագրգռող խնդիրներ:

Վերջին 50 տարիներուն արդարեւ, Armenian Assembly of American-ն հաւատարիմ մնալով հանդերձ էր հիմնադիրներու նպատակներուն, իր գործունէութիւնները պատշաճեցուցած է ներկայ ժամանակներու պահանջներուն: Իր հիմնադրութեան առաջին երկու տասնամեակներուն մենք չունէինք անկախ հանրապետութիւն, սակայն պայմաններու ներած չափով, այս կազմակերպութիւնը բարեացակամ մօտեցում ցուցաբերեց  Սովետական Միութեան կազմեն ներս գտնուող Հայաստանին: Նորանկախ Հայաստանի ստեղծման առաջին օրէն իսկ Armenian Assembly-ն անվերապահ եւ անսակարկ սատար հանդիսացաւ մեր հայրենիքին: Թող վկայեն Ուաշինկթըն Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանները՝ որոնք իրենց հաւատարմագիրները Սպիտակ Տան մէջ յանձնելէն անմիջապէս ետք, ի՜նչ շռայլ օժանդակութեան արժանացան Armenian Assembly-ին կողմէ: Տասնամեակներու ընթացքին, այս կազմակերպութիւնը մշակած է զօրաւոր կապեր ամերիկեան congress-էն ներս, թիկունք կանգնելով Հայ ժողովուրդին համակիր congressman-ներու ընտրութեան կամ վերընտրութեան: Այս կազմակերպութեան հմուտ գործիչները յաճախակի ներկայութիւն են  congress-ի քուլիսներուն մէջ կամ Պետական Պաշտօնատան զանազան բաժանմունքներէն ներս, ուր կը լուսաբանեն մեր ժողովուրդը յուզող հարցեր:

            Armenian Assembly-ն նաեւ կ’աշխատակցի բարեկամ այլ լոպիներու հետ՝ որոնց կարգին յոյն եւ կիպրացի: Երբ Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան տասնեակ միլիոն տոլարներ կը ծախսեն հակահայ ստորին եւ անճիշդ քարոզչական արշաւ կազմակերպելու՝ Armenian Assembly-ն յաջող կերպով կը հակազդէ՝ ոչ միայն չեզոքացնելով անոնց ճիգերը, այլ կը կասեցնէ հակահայ որեւէ քայլ՝ ըլլայ congress-էն կամ Պետական Պաշտօնատունէն ներս: Անոր աշխատանքներուն դափնեպսակն էր Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ Ամերիկեան congress-ին կողմէ:

Armenian Assembly-ի ազդեցիկ եւ արդիւնաշատ աշխատանքներուն յաջողութեան գլխաւոր գրաւականը անոր գործելակերպին եւ անձնակազմին մէջ կը կայանայ: Արդարեւ Armenian Assembly-ի պաշտօնէութիւնը մեծամասնութեամբ համալսարանաւարտ ամերիկահայերէ կը բաղկանայ:

            Այս կազմակերպութեան երիտասարդ եւ կորովի Գործադիր Տնօրէնը՝  Պրայըն Արտունի անցեալ շաբաթ մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարած է, որ կազմակերպութիւնը գործի կոչած է Հանրային Հաղորդակցութեան նոր տնօրէն մը՝ յանձին Թալին Պապայեան: Armenian Assembly-ի բազմամեայ եւ ժրաջան Գործադիր Տնօրէնը դրուատած է ամերիկահայ ծանօթ լրագրող Թալին Պապայեանի համայնքային կեանքէն ներս ձեռք բերած հարուստ փորձառութիւնն ու ակադեմական տիտղոսները, որոնք, որպէս երաշխիք՝ այս պաշտօնին յարմարագոյն անձը կը դարձնեն զինք: Արտունի յատկապէս նշած  է. «Թալինին անգերազանցելի փորձառութիւնը, նուիրումն ու համայնքային լայնածաւալ գործունէութիւնը մեծ նպաստ պիտի ընձեռնեն Assembly-ի արդիւնաւէտ գործունէութեան ծիրէն ներս»: «Մենք մենաշնորհուած ենք նման տաղանդաշատ անձ մը ունենալով», շեշտած է ան:

            Ընդունելով իրեն վստահուած այս յոյժ կարեւոր պաշտօնը Երիտասարդ եւ ծանօթ լրագրողուհին հետեւեալ հաստատումը կատարած է.

«Ինծի համար պատիւ կը համարեմ մաս կազմել Armenian Assembly-ի անձնակազմին, մասնաւորաբար յետ Արցախեան պատերազմին՝ Հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական եւ բախտորոշ այս պահուն:»

 Շարունակելով իր խօսքը Թալին Պապայեան յանձնառու պատրաստակամութեամբ շեշտած է. «Armenian Assembly-ի ազդեցիկ եւ ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ, մենք աշխուժօրէն պիտի հետապնդենք ամերիկահայ համայնքը շահագրգռող կարեւոր հարցեր»:

 

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ