Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Յետադարձ Հայեացք 2020 Տարուան Վրայ. Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Պատգամը

Սիրելի հայրենակիցներ՝ Հայաստանի մէջ եւ աշխարհի տարածքին,

Բոլորեցինք արհաւալի տարի մը, որ իրերայաջորդ տագնապներով,  իր նմանը չէ ունեցած մեր մօտիկ անցեալի յիշողութեան մէջ: 1918-ի «Սպանական Ջերմավարակ» էն դար մը ետք, Գովիտ-19 -ի համավարակը ցարդ աւելի քան երկու միլիոն մարդկային կեանքեր խլած է ամբողջ աշխարհի տարածքին: Մինչ այդ, արդէն իսկ տնտեսական եւ ընկերային ծանր տագնապներու տակ կքած լիբանանահայութիւնը, մարդկային եւ սեփականութեան ծանրագոյն կորուստներու կ’ենթարկուէր Պէյրութի նաւահանգիստի ահռելի պայթումին հետեւանքով, որ հեգնականօրէն կը զուգադիպէր Լիբանանի անկախ պետականութեան հարիւրամեակին:  Հայաստանի մէջ, մեր ժողովուրդը ապրեցաւ 2020-ի Արցախեան կործանարար պատերազմը, որ մեզի համար յանգեցաւ զինուորական  եւ հանրային-քաղաքական ծանր պարտութեան: Հայութիւնը միաւորուեցաւ երկրագունդի տարածքին, զօրակոչեց իր կարելիութիւնները, թիկունք կանգնելու համար հայրենիքին, կամքի ու կորովի զանգուածային  դրսեւորումներով, սակայն եւ այնպէս, պատերազմին պատճառած նիւթական թէ բարոյական ծանր հետեւանքները, այսօր ցնցումի մատնած են համայն հայութիւնը:

Գրեթէ ամբողջ տարի մըն է, որ աշխարհը համավարակին պատճառով, կը դիմագրաւէ բազմապիսի արգելքներ եւ սահմանափակումներ, որոնք պարտադրաբար իրարմէ հեռու կը պահեն հարազատներ, զրկուած զիրար գրկելու եւ մէկզմէկ վայելելու մարդկային  հաճոյքէն: Շատեր, կորսնցուցած են իրենց սիրելիները, որոնք զոհ դարձած են անողոք համաճարակին: Իսկ Համաշխարհային տնտեսութեան քայքայումին իբր հետեւանք, ոչ ոք, անկախ իր ընկերային դիրքէն, ունեցուածքէն  կամ համայնքային պատկանելութենէն, զերծ չէ մնացած տագնապի ծանր հետեւանքներէն, շատ շատեր կորսնցուցած ըլլալով իրենց տարրական ապրուստը: Այս հսկայական մարտահրավէրներու դիմագրաւումը, մասամբ գոնէ յաղթահարելի կը թուի այժմ, պատուաստի առկայութեան պատճառած յոյսի նշոյլներով:

Յետադարձ ակնարկով սակայն, այս անցնող մթամած տարուան ընթացքին, առկայծող բազմաթիւ դրական իրագործումներ առկայ էին անկասկած: Մինչ դէմ առ դէմ յարաբերութիւններու սահմանափակումին պատճառով շատ մը աւանդական ձեռնակներ դադրեցան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի կամաւորները ճարտարագիտական միջոցներու կիրարկումով, յաջողեցան իրականացնել նոր նախաձեռնութիւններ, հասնելով ամէն տարիքի անձերու, աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն,  զիրենք մասնակից դարձնելով կատարողական արուեստներու ելոյթներու, ինչպէս նաեւ հետաքրքրական եւ այժմէկան խնդիրներու քննարկումին նուիրուած առցանց համաժողովներու, որոնք կը հասնէին նաեւ հանրութեան ոչ-Հայ ստուարաթիւ շրջանակներու, լուսաբանելով եւ վերահասու դարձնելով զիրենք: Մեզի համար իրապէս հպարտութիւն ներշնչող երեւոյթ էր, Հ.Բ.Ը.Մ.ի ցուցաբերած ճկունութիւնը եւ գործունակութիւնը, նորարար մտածելակերպը եւ հոգատարութեան ազնիւ ոգին, որով կարելի եղաւ իրականացնել կենսական օգնութեան մեծածաւալ աշխատանքներ, հոն ուր անոնց կարիքը կը զգացուէր, որուն համար նաեւ երախտապարտ ենք բոլոր անոնց որոնք կարելի դարձուցին այդ իրագործումները:

Մարդասիրական օգնութիւնը, վստահաբար անցնող տարուան ընթացքին Միութեան գործունէութեան առանցքային նախաձեռնութիւնը հանդիսացաւ: Յատկապէս աշխարհի տարածքին կենցաղային կարիքներու եւ սննդամթերքի ծաւալող տագնապը, մղեց մեր համայնքները կազմակերպելու իրենց շրջապատին օգնութեան հասնելու համար բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ, բարերարներու լիաբուռն օժանդակութեամբ  եւ կամաւորներու անխոնջ եւ նուիրեալ ճիգերով:

Կենցաղային նոր իրադրութեան յարմարելու այս գործընթացը, Օգոստոս ամսուն նոր հրամայակններ պէտք է դիմագրավէր, Լիբանանի պայթումին հետեւանքով, երկրի տնտեսական քայքայումին, աւերածութեան եւ մարդկային թէ նիւթական կորուստներուն պատճառած վնասները դարմանելու ուղղութեամբ: Միութեան կամաւորները, բարերարները, սկաուտները եւ շրջանակը, միութենական ոգիի եւ քաղաքացիական գիտակցութեան փայլուն դրսեւորումով, պատուով իրականացուցին վերականգնումի ծանր աշխատանքները, ապահովելով սննդամթերքի, բժշկական օգնութեան եւ շինարարական անհրաժեշտ միջոցառումներ:

Ամիս մը ետք, Սեպտեմբերի 27-ին Թուրք-Ազէրիական ուժերու կողմէ Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը,  անակնկալի կը բերէր համայն հայութիւնը: Հայաստանի մեր Հանրապետութիւնը, որ կայունացումի եւ բարգաւաճումի յուսալի ուղիի մը վրայ կը գտնուէր, հսկայածաւալ ցնցումի  ենթարկուեցաւ: Յարձակումին հետեւանքով կորսնցուցինք Արցախի տարածքին մեծ մասը, քանդուեցաւ անոր ենթակառոյցներու զգալի մէկ մասը: Անշուշտ աւելի եւս կործանարար էր այն, որ պատերազմը վեց շաբթուան ընթացքին խլեց մեր աւելի քան 5000 զինուորներու կեանքը, մօտ 10,000 հոգի ստացան տարբեր աստիճանի վիրաւորումներ, եւ մօտ 70,000 հոգի տեղահանութեան ենթարկուեցաւ: Անցնող իւրաքանչիւր շաբաթ, աւելի եւս կը շեշտէ աղէտին ահաւորութիւնը, յուսալքումի ու ընկճուածութեան մատնելով ժողովուրդը եւ խորացնելով քաղաքական ճգնաժամը: 

Այս ալեկոծ տարուան աւարտը, մեզի համար առիթ է լուրջ խորհրդածութեան: Արդարեւ, մենք քննութեան կ’ենթարկենք Հայաստանի անկախութեան շուրջ երեսուն տարիներու, նաեւ մեր առաջին հանրապետութեան յաջորդող հարիւր տարիներու ընթացքին մեր գործունէութիւնը: Կարեւոր է վերանայիլ եւ հաշուի առնել կատարուած իւրաքանչիւր նախատեսութիւն, իւրաքանչիւր ռազմավարութիւն, իւրաքանչիւր ծրագիր, որոնց շարքին նաեւ պետութեան հետ սփիւռքի մեր փոխ-յարաբերութիւնները: Այդպիսով է որ կարելի պիտի ըլլայ արժեւորել մեր անցեալի գործընթացը եւ բնորոշել մեր հետագայ գործելակերպը: 

Այս ներհայեցողութեան իբր արդիւնք, մենք պիտի կարենանք իրագործել պետականաշինութեան եւ համայնքային կառոյցներու նոր եւ նորարարական նախատիպեր, մշակելով փայլուն ապագայի կառուցման նոր ռազմավարութիւն: Որպէս ժողովուրդ, մենք ունինք անհրաժեշտ կարողութիւնները, տաղանդները եւ յանձնառութիւնը, որոշելու մեր ճակատագիրը եւ ամրապնդելու մեր դիրքերը: Այսօր մենք նաեւ կը վայելենք այնպիսի առաւելութիւններ, զորոնք չենք ունեցած անցեալին: Յատկապէս, արդի ճարտարագիտութեան միջոցները, որոնցմով կարելիութիւնը ունինք հաղորդակցութեան մէջ մնալու իրարու հետ, առանց ժամանակի եւ հեռաւորութեան սահմանափակումներու: 21-րդ դարը գիտութիւններու տնտեսութեան դարն է: Ասիկա այն դարաշրջանն է, երբ մենք կրնանք իրապէս գերազանցող հանդիսանալ իբր ազգ, եթէ յայտնաբերենք մեր հզօրագոյն ներուժը եւ ստեղծենք գործող նոր եւ արդիւնաւէտ համակարգեր: Անհրաժեշտ է որ օգտագործենք մեր այս տուեալները, ձեւաւորելու համար մեր ձգտած ապագայի տեսլականը:

Մեր մաղթանքն է, որ միասնականութեամբ հզօրացած, այս խաւարագոյն պահը վերածենք, մեզ մեր փայլուն ապագային առաջնորդող կերպարանափոխութեան: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր յատուկ դերը եւ ներդրումը ունի կատարելիք մեր ազգի վերանորոգման գործընթացին մէջ: Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, հաստատ կը կանգնի ազգաշինութեան եւ զարգացման առաքելութեան իր յանձնառութեան մէջ: Մենք պատրաստ ենք գործակցելու համայն հայութեան հետ ամենուրէք, նաեւ աշխատելու բոլոր անոնց հետ, որոնք կը գործեն ի խնդիր ընդհանրական բարօրութեան: Բոլորին համար կայ իրենց ժամանակը եւ կարողութիւնները ի գործ դնելու առիթ եւ կարելիութիւն:

Կրկին անգամ խորին երախտագիտութիւնս եւ գնահատանքս կը յայտնեմ հայ կեանքէն ներս ցուցաբերած ձեր հետաքրքրութեան եւ մասնակցութեան համար: Նոր 2021 Տարուան ընթացքին ձեզի եւ ձեր ընտանիքներուն կը մաղթեմ խաղաղութիւն, բարօրութիւն եւ քաջառողջութիւն:

 

Անկեղծօրէն՝

ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ

Հ.Բ.Ը.Միութեան Նախագահ

                                                                                                                                                     1 Յունուար 2021

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ