Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Պիտի Ամոքենք Մեր Ցաւը. Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանի Սուրբ Ծննդեան Պատգամը

Ու հրաման առնելով երազի մէջ, 

որ նորէն Հերովդէսի չդառնան, 

ուրիշ ճամբով գացին իրենց երկիրը: 

Մատթէոս 2. 12

 

Այս տարի տօնական օրերուն՝ դժուար պարագաներու բերումով մեր տօնախմբութեան հոլովոյթը գուցէ արմատական փոփոխութեան ենթարկուեցաւ:

Շուկաներու տողանցքը, Կաղանդի Ծառի զարդարանքը, նուէրներու փոխանակումը, ախորժաբեր ճաշացուցակը եւ նոյնիսկ հաւաքաբար եկեղեցի հաւաքուիլը անսովոր դարձան:

Թագաժահրը ընդհանրապէս տիրող պատճառն էր: Բայց Հայ ժողովուրդի համար Միջին Արեւելեան եւ յատկապէս Լիբանանի, քաղաքական եւ տնտեսական տագնապը, Պէյրութի նաւահանգիստի Օգոստոսեան պայթումը, գումարած Արցախեան պատերազմի տխուր վախճանը, հերոս բանակի մը նահատակ զոհերու հսկայ թիւը, դառն եւ դաժան  դարձուցած են մեր ժողովուրդին հոգեմտաւոր կեանքը եւ տրամադրութիւնը:

Թերեւս այս տարի, մոգերուն նման մենք ալ փոխենք մեր կեանքի ճանապարհը: Գուցէ այս տարի Բեթլեհեմի Նորածին Մանուկը դնենք մեր ուշադրութեան կեդրոնը: Ողջագուրենք Զինք այս տարուայ Ծնունդին: Ընդունինք զինք եւ կիրարկենք իր վարդապետութիւնը որպէս քաղաքակրթութեան օրրան, որպէս կենցաղ եւ վարուելակերպ: Անտառի օրէնքէն մարդ արարածը դուրս հանող վարուելակերպ: Յարգանքի եւ խոնարհութեան վարուելակերպ: Հոգածութեան եւ սիրոյ վարուելակերպ: Երկայնամտութեան եւ հանդուրժողութեան վարուելակերպ: «Ծանիր Զքեզ»եան վարուելակերպ: Համերաշխութեան առաջնորդող՝ «եղբայր ենք մենք, մէկ հօր որդիք»ի հոգեբանութիւն:

Այս տարի եկէք ուրիշ ճամբով երթանք: Հետեւինք Իրեն եւ ցոլացնենք Իր սէրը մեր շուրջ: Փոխարէնը՝ առանձնապէս, ընտանեօք եւ որպէս վիրաւոր ազգի մը զաւակներ պիտի վայելենք Աստուծոյ սէրը՝ ամոքելու մեր ցաւը, մէկտեղելու մեր ներուժը, ապահովելու մեր Հայրենիքի՝  խաղաղութեան մէջ շարունակուող զարգացումն ու հզօրացումը եւ լուսաւորելու մեր՝ դէպի փայլուն ապագայ մը տանող, ճանապարհը:

Շնորհաւոր Նոր Տարի Եւ Սուրբ Ծնունդ!

 

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ