Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2024

Շաբաթաթերթ

«Սէօզճիւ» Թերթի Ամանորեայ Թիւը Փոթորիկ Ստեղծեց Թուրքիոյ Մէջ

Ընդդիմադիր Սէօզճիւ թերթը նոր տարուան իր առաջին թիւին մէջ հրատարակած էր նախորդ տարուան կարեւոր իրադարձութիւնները, զանոնք մէկտեղելով «2020-ին Կաղանդ Պապայի տոպրակէն արցունք եւ փորձանքներ նուիրուեցան» խորագիրին ներքեւ։

         Նախագահ Էրտողան եւ իշխանամէտ շրջանակներ կրակ ժայթքեցին թերթին դէմ։  Նիւթերու շարքին յիշուած էր Այա Սոֆիա տաճարի մզկիթի փոխակերպումն ու որպէս մզկիթ վերաբացումը որպէս աղէտ ներկայացնելը ռումբի ազդեցութիւնը գործեց իշխանական  շրջանակներէն ներս ու Նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, իշխանամէտ շրջանակները քննադատութիւններով հեղեղեցին զանգուածային մամուլի էջերը։

         Դիտել տրուեցաւ որ այս խորագիրը ցաւ պատճառեց, ցոյց տալով սեփական արժէքներու դէմ թշնամական վերաբերում եւ անտարբերութիւն։

         Շեշտուեցաւ որ Այա Սոֆիայի բացումը 2020 թուականի «թագազարդ»ն էր։

       Նախագահ Էրտողանի խօսքերը բաւական ծանր էին ու ան ըսաւ որ ինք չի կարդար այդ թերթը ու կը յանձնարարէ որ ուրիշներն  ալ ի զուր տեղ դրամ չծախսեն ու չգնեն այդ թերթը։ Թերթին հրատարակութենէն քանի մը ժամ ետք՝ Մամլոյ Պետական Ծանուցումներու խորհուրդը հետաքննութիւն բացաւ։

         «Սէօզճիւ»ի հրատարակութեան տնօրէն Մեթին Եըլմազ խմբագրական մը գրելով պաշտպանեց թերթին տեսակէտը եւ ըսաւ որ ինք միշտ կը զօրակցի Նախագահի խօսքերուն, որովհետեւ այդ յայտարարութեամբ ուշադրութիւն հրաւիրեց երկիրի մէջ կարծիքի ազատութեան վրայ։ «Եթէ չես հաւնիր, չես առներ» տեսակէտը փոխանցեց Նախագահը։

«Սէօզճիւ» անկախ լրագիր է եւ միշտ հաւատացեր է մամուլի ազատութեան սկզբունքին։ Միշտ ջատագովը եղած է ազատ խօսքին։ Թուրքիոյ ամէնէն մեծ տպաքանակ եւ տարածում ունեցող թերթն է։

 

Պոլսոյ «Նոր Մարմարա» թերթէն ամփոփեց՝

Փրոֆ. Օշին Քեշիշեան

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ