Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Զարմանազան 2021

Արձանագրութիւնները սկսած են։

«Զարմանազան» 2021՝ արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը նախատեսուած է որ տեղի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու Օթ-Սաւուա շրջանը, Յուլիս 12-էն մինչեւ Օգոստոս 7։

Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ որոնք սերտօրէն առընչուած են իրարու.

      • 10-էն 17 տարեկան պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը։

      • 18-էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը։

Պատանիները եւ երիտասարդները իրենց տարիքին համաձայն զանազան աշ­խա­տա­նոցներու պիտի մասնակցին, ի շարս որոնց՝ տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտա­յայ­տութեան զարգացում, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ։

Բոլոր նիստերուն ու աշխատանոցներուն ընթացքին՝ յարաբերութեան եւ հաղոր­դակ­ցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղե­կից­ներու ներկայութեամբ։ Երիտասարդներու խումբին մասնակիցները պէտք է առնուազն միջին մակարդակով հայերէն գիտնան։

Այս երկու ծրագիրներու մասնակիցներուն թիւը սահմանափակ է։

• Համալսարանական ծրագիր մը, ուղղուած Սփիւռքի արեւմտահայերէնի ու­սու­ցիչներուն։

Սփիւռքեան խտացեալ ծրագիր մըն է այս մէկը, որուն աւարտին Փարիզի Արե­ւե­լեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկը (Ինալքօ) կու տայ վկայագիր մը։ Ծրագիրը, զոր պիտի վարեն մասնագէտ դասատուներ, կ՚առաջարկէ թէ՛ տեսական դասաւանդութիւն մը եւ թէ՛ վերապատրաստութեան խմբային աշխատանքներ։ Այս ծրագրին կ՚ընդունուի միայն 15 ուսուցիչ։

Զարմանազանը այն վայրն է, ուր ծրագիրի մը շուրջ կը հաւաքուին Սփիւռքի երե­խաներ, երիտասարդներ, ուսուցիչներ եւ ուղեկիցներ։

Արձանագրութեան եւ այլ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք մեր կայքէջը։ 

www.zarmanazan.com

Եթէ ստիպուինք կեցութիւնը ջնջել համաճարակին բերմամբ որոշուելիք սահմանափակումներու պատճառով, ձեր արձանագրութիւնը վաւեր կը մնայ նոյն թուականներուն տեղի ունենալիք «Զարցանց 2.1» առցանց ծրագրին համար։

«Զարմանազան» մանկավարժական ծրագիրը ստեղծուած է 2017-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին կողմէ, որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրի մէկ բաժինը։ Ան կազմակերպուած է Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան լե­զու­ներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկին համագործակցութեամբ։

«Զարմանազան» ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ Մարզանքի Նախարարութեան կողմէ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ