Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր

 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Պսակաձեւ ժահրն ու Դրամատիրական Տրամաբանութիւնը . . .

Պսակաձեւ ժահրի համաճարակը դիմագրաւելու համար շատ մը կանխազգուշական միջոցներ դրուեցան կառավարութեան կողմէ։ Անոնցմէ կարելի է յիշել դիմակ գործածելը, իրարմէ երկու մեթր հեռու մնալն ու յաճախակի կերպով ձեռք լուալը, ի միջի այլոց։

Այդ միջոցներէն ոմանք տրամաբանական են եւ ոմանք ալ անտրամաբանական։ Հիմա թոյլ տուէք խօսիմ օրինակներով։ Տրամաբանական է որ շուկաները (malls), մարմնամարզի սրահներ (gyms), սինեմաները եւ ճաշարանները փակ մնան որովհետեւ անոնք անհրաժեշտ չեն մարդոց առօրեային համար։

Սակայն անտրամաբանական է որ Քազինոները բաց մնան երբ անդին եկեղեցիները պէտք է փակ մնան։ Քազինոները շաբաթը եօթը օր կը գործեն, մինչդեռ եկեղեցիները՝ շաբաթը մէկ օր։ Ըստ ինծի՝ քազինոներուն գործելու արտօնութիւն կը տրուի, որովհետեւ անոնք իրենց եկամուտին վրայ տուրք կը վճարեն պետութեան, մինչդեռ եկեղեցիներէն շահ մը չունի կառավարութիւնը . . .

Պետական պատկան մարմիններ՝ անսալով գիտական մարդոց վերլուծումին թէ կեդրոնական զովացումը (Central Air Conditioning) կարեւոր ազդակ մըն է ժահրի տարածման, կ՛արգիլեն եկեղեցի երթալը։ Սակայն չմոռնանք որ քազինոներն ալ կ՛օգտագործեն նոյն սարքաւորումը, իրենց սրահները զովացնելու համար!

Պետութիւնը ճաշարաններու կապակցութեամբ բացառութիւն մը հաստատած է, ըստ որուն՝ անոնք կրնան օգտագործել ճաշարանի յառաջամասը գտնուող մայթը, երթեւեկի փողոցին մէկ մասը եւ կամ ճաշարանին կանգառը՝ ինչպէս կցուած նկարը ցոյց կու տայ։ Ինչո՞ւ՝ դարձեալ որովհետեւ ըստ ինծի, անոնք պէտք է իրենց շահին վրայ տուրք վճարեն պետութեան։

Ուրեմն շատ յստակ է, դրամատիրական երկիր մը որոշումներ կ՝առնէ եւ յաճախ կը բեկանէ այդ որոշումները, ի շահ իր տարեկան պիւտճէի բարգաւաճման՝ չէ՞ք խորհիր! 

Անշուշտ պէտք է հասկնալ որ ես կը խօսիմ Գալիֆորնիոյ մասին։ Թերեւս ուրիշ նահանգներ տարբեր օրէնքներ ի գործ կը դնեն, իրենց ժողովուրդի բարօրութեան համար։ Բայց միշտ պէտք է ի մտի ունենալ այդ նահանգին նիւթական կացութիւնը, որը կը գերազանցէ իր ժողովուրդին հանգիստ եւ բարգաւաճ կեանք մը ապահովելը՝ դժբախտաբար եւ վերջ։

Աւելի Լաւ Ուշ՝ Քան Երբեք . . .

Մանուկներու հանդէպ ցուցաբերուած ոստիկաններու անխղճութեան այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ֆլորիտա նահանգի ծովեզերեայ Քի Ուէսթ քաղաքէն։ Թէեւ դժբախտ այս դէպքը պատահած է երկու տարի առաջ, սակայն անոր դատական թղթածրարը վերջերս յանձնուած է պատկան իշխանութեանց։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ թէ ի՞նչ է վատահամբաւ այդ դէպքը։

Ուրեմն 2018 թուականին՝ վեց տարեկան մանչ մը որ կը տառապի մտային խանգարումէ, անհանդարտ իրավիճակ մը ցուցաբերած է դպրոցի ճաշասրահին մէջ։ Իսկ երբ հսկող ուսուցչուհին սաստած է զինք, ան սաստիկ բարկացած ըլլալով՝ բռունցքով հարուած մը իջեցուցած է ուսուցչուհիին կուրծքին։

Ուսուցչուհին անմիջապէս դպրոցի ոստիկանութեան լուր տուած է, որոնք չեն ուշացած գալու։ Անոնք ձերբակալած են աշակերտը (տես նկարը) եւ ձեռքերը կապելով առաջնորդած են զինք ոստիկանատուն։

Բարեբախտաբար դատաւորը անպարտ արձակած է աշակերտը՝ նկատի ունենալով անոր փոքր տարիքն ու մտային անհաւասարակշռութիւնը։ Առաւել՝ ուսուցչուհիին կրած հարուածին ալ մեղմ ըլլալը դրական անդրադարձ ունեցած է դատավճիռին վրայ։

Հիմա՝ երկու տարի վերջ, մայրը (Bianca Digennaro) փաստաբան մը (Jacob Crump) վարձած է եւ թէ դպրոցին եւ թէ ալ քաղաքի ոստիկանութեան վրայ դատ բացած է՝ առարկելով որ զաւակը անտեղի կերպով ենթարկուած է ոստիկանութեան ձերբակալումին եւ պահանջած վնասուց հատուցում։

Է՜հ մինչեւ հիմա ու՞ր էիր այ կնիկ, խելքդ գլուխդ նո՞ր եկաւ . . . Բայց երեւի ան ալ հետեւեցաւ հայկական մեր ասացուածքին որ կ՛ըսէ, «Աւելի լաւ ուշ՝ քան երբեք» չէ՞ք խորհիր!

Ըստ ինծի, ինչ որ ալ ըլլան վերոյիշեալ մանչուկին անվայել ընթացքին հետեւանքները՝ հանդէպ հսկիչ ուսուցչուհիին, վեց տարեկան երեխան բանտ չեն առաջնորդէր եւ վերջ։ Այս պարագային յատկապէս որովհետեւ երեխան կը տառապի մտային եւ զգացական բարդոյթներէ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ