Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Հակիրճ Խօսք Ստեփան Ալաջաջեանի Մասին (Մահուան Տասնամեակին Առիթով)

 Փրօֆ․ ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

 

 ՀԲԸՄիութեան Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան Երկրորդական Հայկական վարժարանի հայերէն  լեզուի ուսուցիչներս, Վահէ-Վահեան, Օննիկ Սարգիսեան եւ Զարեհ Մելքոնեան, իրենց դասախօսութիւններու ընթացքին երբեմն կը խօսէին Ստեփան Ալաջաջեանի  գրական ներդրումին դերակատարութեան մասին։

          Ստեփան Ալաջաջեան ծնած է Յունուար 3, 1924-ին Հալէպ, զաւակը Զէյթունցի  Եղիա եւ Թերեզա Ալաջաջեաններու։ նախնական ուսումը Հալէպի դպրոցներուն մէջ ստանալէն յետոյ,  գացած է Պէյրութ, Լիբանան, Ամերիկեան Համալսարան՝ բժշկութիւն ուսանելու համար, սակայն  չաւարտած,  1946-ին  ընտանեօք Հայաստան ներգաղթեց եւ եղաւ բարձր մակարդակի մտաւորական-գրող մը։        

           Կարեւոր երեւոյթներէն մէկն ալ այն է էր որ նոյն տարին ընդունուեցաւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ  իր ցուցաբերած տաղանդին համար։  Արդէն 1942 թուականին Հալէպի մէջ հրատարակած էր «Վշտի Ծաղիկներ» բանաստեղծութիւններու

 գիրքը։

        Ամէն անգամ  որ Ամերիկայէն Հայաստան կ՜այցելէի  1976-էն  իվեր, անպայման կը հանդիպէի Ալաջաջեաններուն։ Կ՜երթայի իրենց անձնական ընտանեկան լայնածաւալ  բնակարանը որ կառուցած էր հայրը Եղիան եւ  կը գտնուէր ներքին  Զէյթունի շրջանին մէջ, բլուրին վերեւ։

       Երեկոներուն մտաւորականներու հոյլ մը կ՜ըլլար իրենց տունը եւ յաճախ գրական  նիւթերու մասին լուրջ խօսակցութիւններ կ՝ըլլային։

       1973-ի  վերջաւորութեան երկու ամիս Մոսկուա հիւանդանոց 

մնաց Ալաջաջեան  կոկորդի վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ։  

Դժբախտաբար չէր կրնար կանոնաւոր խօսիլ։ Բժիշկները պզտիկ գործիք մը տուած էին եւ այդ գործիքը բերանին սկիզբը դնելով կը խօսէր եւ իր խօսակցութիւնը  քիչ մը կը հասկցուէր։ Վիրաբուժութեան համար նոյնիսկ եկած էր Ամերիկա։

        Օր մը երբ իրենց այցելութեան գացած էի,  գիտնալով որ ինչու բարձրախօսի նման գործիքով կը խօսի, կատակով իրեն ըսի – «Ստեփան այդ գործիքը բերանէդ հանէ եւ կանոնաւոր

խօսիր;»  Յանկարծ Սեւակ Արզումանեան գրողը բարձրաձայն ըսաւ; «Ապուշ, մարդը վիրաբուժութեան ենթարկուած է, ամօթ քեզի»։ Լռութիւն տիրեց եւ Ալաջաջաեան ըսաւ ժպիտով – «Տղան գիտի, Ամերիկայէն եկած է եւ կատակ  է անում,  Ամերիկացիները մի քիչ տարբեր են մեզմէ»։  Արզումանեան  սենեակէն դուրս ելաւ, քանի մը րոպէ ետք վերադարձաւ։ Մօտեցաւ  ինծի եւ ցած ձայնով ականջիս ըսաւ – «Կը ներես տղայ ջան, բարձրաձայն ըսելու չէի դուն ալ բարձրաձայն պէտք է չասէիր։»                 

            Տէր եւ Տիկին Ալաջաջեանները Լոս Անճելըս այցելեցին 1980 թուականին եւ առաջարկեցինք որ Ստեփան դասախօսութիւն մը տայ եթէ հնարաւոր էր։ Քիչ մը մտածելէ յետոյ համաձայնեցաւ։ Վստահ չէինք որ պիտի կարենար խօսիլ։  Եւ  Լոս Անճելըսի մէջ Թէքէեան Մշակութային Միութեան  կազմակերպութեամբ Պեւըրլի Փողոցի միութաեան նախկին կեդրոնին մէջ եղաւ դասախօսութիւնը՝ օգտագործելով խօսակցութեան  փոքրիկ գործիքը եւ շատ լաւ լսուեցաւ ու մեծապէս գնահատուեցաւ ունկնդիրներուն կողմէ։ Ինք շատ գոհ մնաց եւ նոյնիսկ հարցումներուն պատասխանեց մեծ ուրախութեամբ։։

         Որպէս Սփիւռքահայ գրող, Ալաջաջեան  կանուխէն գնահատուեցաւ Հայաստանի մէջ՝ շնորհիւ իր լեզուագիտութեան ու մանաւանդ գրականութեան հանդէպ  ունեցած իր խորունկ իմացութեան։ 1957-ին  նշանակուեցաւ «Սովետական Գրականութիւն» ամսագիրի արձակի բաժինի վարիչ, վեց տարի ետք իրեն վստահուեցաւ  «Հայաստան» Հրատարակչութեան Գեղարուեստական Գրականութեան Խմբագրութեան Վարիչի պաշտօնը, այսինքն Հայաստանի մէջ լոյս տեսած գեղարուեստական բոլոր հատորներուն պատասխանատուն։ Եղած է նաեւ Չարենցի Թանգարանի տնօրէն։

      Շատ կարեւոր պաշտօններ վարած է։

      Այս բոլորին կողքին, Ալաջաջեանի արտադրած գրական ատոք հունձքը կարեւոր  ներդրում  ունեցաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ գրականութեան զարգացման մէջ։ Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու  եւ  ղեկավարած  է զանազան գրական-գեղարուեստական յանձնախումբեր։

      27 հատորներու հեղինակ է – գրած է վէպեր, պատմուածքներ, գրախօսականներ,  գրական տեսութիւններ,  յուշեր, թարգմանութիւններ, որոշ  երկեր շարժանկարի նիւթի վերածած է, եւայլ աշխատանքներ։

         Իր «Եղեգները Չխոնարհուեցին» վէպը լոյս տեսաւ քանի մը անգամ 90 հազար տպաքանակով;        

          Ալաջաջեան թարգմանուած է աւելի քան 10 լեզուներու – անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն,  արաբերէն,  չեխերէն, իւզպէքերէն, պարսկերէն, էստոներէն, պուլկարերէն եւ այլ  լեզուներու՝ տալով ապացոյցը որ իր ստեղծագործութիւնները  համամարդկային մակարդակ  ունին  եւ կը հետաքրքրեն  զանազան  ժողովուրդներ։

Ինք անգլերէնէն հայերէնի թարգմանած է Շէյքսպիրի, Սարոյեանի, Հըրպրթ Ուէլսի հատորներէն։

Ստեփան ամուսնացաւ1958-ին Սեդա Հաւունճեանի հետ եւ բախտաւորուեցան երկու զաւակներով ու չորս թոռներով։, Ընտանեօք Լոս Անճելըս փոխադրուեցան 1992ի Դեկտեմբերին  եւ հաստատուեցան Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա։ Ընտանիքը տարիներով մաս կազմեց համայնքին։

       Ստեփան մահացաւ Դեկտ․ 22, 2010-ին, իր ետին թողելով գրական հարուստ ժառանգ մը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ