Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռուս զօրավար Կերասիմովը Հայաստանը Անդրկովկասի մէջ առանցքային դաշնակից անուանած է

Ռուսաստանի Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետ, բանակի զօրավար Վալերի Կերասիմովը բանակցութիւններ վարած է Հայաստանի Գլխաւոր շտաբի պետ Արտակ Դաւթեանի հետ, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»ն:

«Ուրախ եմ ձեզ ողջունելով Մոսկուայի մէջ: Հայաստանը Անդրկովկասի մէջ Ռուսաստանի առանցքային դաշնակիցն ու գործընկերն է»,- բանակցութիւններու սկիզբը ըսած է ՌԴ ԶՈՒ Գլխաւոր շտաբի պետը:

Կերասիմովը նշած է, որ երկիրները կ’ամրապնդեն փոխգործակցութիւնը ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ միջազգային կառոյցներու, առաջին հերթին՝ ՀԱՊԿ-ի շրջագիծէն ներս:

Երկկողմ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակի ցուցանիշը, անոր խօսքերով, «Հայաստանի տարածքին գտնուող 102-րդ ռուսական ռազմակայանի գործունէութիւնն է»:

«Մենք կը շարունակենք որակեալ քատրեր պատրաստել Ռուսաստանի ՊՆ բուհերուն մէջ»,- ըսած է ՌԴ ԳՇ պետը: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրային համավարակի ընթացքին օգնութիւն ցուցաբերուած է Հայաստանի Զինուած ուժերու զինծառայողներու ախտորոշման հարցով: Ընդհանուր առմամբ, իրականացուած է աւելի քան 22 000 հետազօտութիւն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ