Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրք լրագրողը 10 ամսուան ազատազրկման դատապարտած են՝ կրօնական արժէքները վիրաւորելու համար

Թրքական դատարանը 10 ամսուան ազատազրկման դատապարտած է լրագրող եւ ակադեմիկոս Էրոլ Մութերսիմլերը՝ «երկրի կրօնական արժէքները վիրաւորելու» մեղադրանքով: Այս մասին կը յայտնէ T24 լրատուական կայքը:

Մեղադրանքը կապուած է հեռուստածրագրի մը ժամանակ Մութերսիմլերի մեկնաբանութիւններուն հետ, ուր ան քննադատած է Իմամ Հաթիպի կրօնական դպրոցները: «Իմամ Հաթիպի շրջանաւարտներն այսօր կը յայտնուին մեր առջեւ՝ որպէս սեռական այլասերուածներ, գողեր եւ խարդախներ»,- ըսած է ան: Թուրքիոյ կրօնական գործերու գրասենեակի ղեկավար Ալի Էրպաշը անոր խօսքերը համարած է «անընդունելի»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը Իմամ Հաթիպի դպրոցներու աշխոյժ կողմնակիցն է, որոնք իսլամական հոգեւորականներ կը պատրաստեն: Նմանատիպ դպրոց աւարտածներու թիւը Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի 18-ամեայ ղեկավարութեան օրօք կտրուկ աճած է՝ 450-էն հասնելով աւելի քան 5000-ի:

Ընդհանուր առմամբ 16 մարդ, ներառեալ արդիւնաբերութեան եւ արհեստագիտութիւններու նախարարի որդին, որ նոյնպէս այս դպրոցի շրջանաւարտ է, Մութերսիմլերի խօսքերու կապակցութեամբ քրէական բողոքներ ներկայացուցած են Իսթանպուլի գլխաւոր դատախազութիւն, կը հաղորդէ T24-ը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ