Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Վազգէն Շուշանեանի Գրական Ստեղծագործութիւնները

Վազգէն Շուշանեանի Գրական Ստեղծագործութիւնները*

(Մահուան 80-ամեակին առիթով)

Փրոֆ․ ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Վազգէն Շուշանեանի գրականութիւնը կը բաղկանայ  վիպակներէ, վէպերէ եւ խոհագրական,  յուշագրական   օրագիրներէ։ Գրական սքանչելի ոճով արտայայտած է իր կարծիքները եղելութիւններու  մասին ՝ գեղեցիկ  ու տեղին գործածելով հայ լեզուին հարուստ  բառամթերքը։

       Մինչեւ 1927 թուականը քիչ թիւով բանաստեղծութիւններ ստեղծագործած  է, նոյնիսկ քանի մը հատ արեւելահայերէն , ապա անցած է  արձակի՝  հայ մշակոյթի մակարդակը բարձրացնելով  իր բազմաթիւ երկերուն  շնորհիւ։

       Գործածած է Յովհաննէս Թրակացի, Վրիժակ, Վազգէն ու մանաւանդ Վարոս Զաքարեան գրչանունները՝  վերջինը  առաւելաբար «Հայրենիք» ամսագիրի մէջ։

          Կարճ,  դաժան եւ փոթորկալի կեանք մը ապրելով հանդերձ, քանի մը համալսարաններ  յաճախեց եւ  20  տարուան ընթացքին գրեց  30-ի մօտ  հատորներ, որոնց չորսը տպագրուեցան  իր ողջութեան, մնացեալները  լոյս տեսան  յետ մահու։ 

        Հարուստ գրական վաստակ մը թողուց մեզի իբրեւ հրիտակ։  Նոյնիսկ ժամանակ գտաւ, այս բոլորին կողքին, հայերէնի թարգմանել Անտրէ Ժիտի “Les  Nourritures Terrestres”  – “Երկրային Սնունդներ»:

       Շուշանեան իր սկզբնական առաջին գործերը  հրատարակած է Նիւ Եորքի «Հայաստանի Կոչնակ» ին մէջ, ապա Ռումանիոյ  «Նաւասարդ» ի մէջ լոյս տեսած են Իր գրականագիտական նախափորձերը, ներկայացնելով Ֆրանսահայ գրողներ – Շաւարշ Նարդունին, Ոստանիկը,  Օհան Կարօն, Զարդարեաններ եւ ուրիշներ։  Իր բազմաթիւ  գործերը լոյս տեսան «Հայրենիք»  ամսագիրի մէջ։ Փարիզի «Յառաջ»ը նոր սկսած էր հրատարակուիլ եւ աշխատակցեցաւ նաեւ այդ թերթին։

Կը Սիրեմ քեզ, Հայ Լեզու

     Այս շրջանին ան մխրճուեցաւ Ֆրանսական գրականութեան մէջ, ամէն օր կը կարդար, բարձրացնելով  նաեւ իր գրական մակարդակը։   խորացաւ  հայ լեզուին մէջ։ Սկսաւ այնքան սիրել  զայն որ գրեց։ «Իմ տունս է ան, իրաւազուրկ եւ դառնութիւններ  ճանչցած թափառական մարդու իմ ապաստանս։ Անոր կ՜ապաւինիմ՝ յուսահատ ու փոթորկալի  բոլոր պահերուս։  Վահան Թէքէեանին հետ կը կրկնեմ– Քեզ, հայ լեզու, կը սիրեմ մրգաստանի մը նման։»

          Պէյրութ հրատարակուող Վահէ-Վահեանի «Անի» ամսագիրի 1949 Մարտ-Ապրիլ, Մայիս  Թիւերուն մէջ խորունկ ուսումնասիրութիւններ գրած է Ֆրանսայի մէջ Վազգէն Շուշանեանի մտերիմ  Պետրոս  Մինասեան լոյս սփռելով անոր անձնական, ընկերային  եւ գրական կեանքին մասին։

       Շուշանեան իր ձեռագիրներուն մէկ մասը ղրկած էր Վիեննայի Մխիթարեան Վանքը ի պահ դրուելու  եւ ապա հրատարակուելու նպատակով։  Օր մը Լիբանանահայ  բանաստեղծ, գրագէտ ու խմբագիր Անդրանիկ Ծառուկեան պատմեց քանի մը հոգիներու  (որոնց մէջ ես ալ կայի) թէ տարիներ ետք երբ այցելած էր Վիեննա՝  Վանքէն «գողցած» էր Շուշանեանի որոշ  ձեռագիր գործերէն  եւ  բերեր էր Պէյրութ, Լիբանան։  Ապա բոլորն ալ հրատարակեց իր «Նայիրի» գրական թերթին մէջ՝ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացնելով եւ անշուշտ մանաւանդ շատերն ալ  զարմացած էին եւ չէին գիտեր թէ ձեռագիրները ո՞ւրկէ եւ ի՞նչպէս գտած էր։

         Բացի «Նայիրի»էն, իր գործերէն ոմանք տպագրուած են նաեւ տարիներ առաջ Պէյրութի մէջ լոյս տեսնող  «Անի» , «Բագին»  եւ այլ  ամսագիրներու մէջ

        60-ական թուականներուն Շուշանեանի ձեռագիրներուն մէկ մասն ալ ղրկուեցաւ  Եղիշէ Չարենցի Գրական Թանգարանը Հայաստան

Առաջին Վէպը Լոյս Տեսաւ 1925-ին    

          Իր առաջին վէպը հրատարակուած է 1925 թուականին։  

          Շուշանեանի գործերէն 17-ը լոյս տեսած են Պէյրութ, Լիբանան,  եօթը՝ Հայաստան, միւսները Եգիպտոս, Քանատա, եւ այլուր։ Գործերէն ոմանք տպագրուած են քանի մը անգամ, ինչպէս «Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաք»ը հինգ անգամ, ոմանք ալ  երկու անգամ։

           Հայաստանի մէջ 2010 թուականին լոյս տեսաւ ստուար  հատոր մը բաղկացած 390 էջերէ ՝ «Ընտրանի»ն որ կը պարունակէ  հինգ գործեր – «Առաջին Սէր», «Մահուան Առագաստը», Սիրոյ եւ Արկածի Տղաք»։, «Ճերմակ Վարսենիկ» եւ «Դառն Հաց»ը, Փրոֆ․ Սուրէն Դանիէլեանի յառաջաբանով, եւ Լոս Անճելըսաբնակ  Տէր եւ Տիկ․ Յովսէփ Նալպանտեաններու մեկենասութեամբ ։

        2014-ին Քանատայի Համազգայինը հրատարակեց   Շուշանեանի «Ալեկոծ Տարիներ»  415  էջերէ բաղկացեալ  բազմակողմանի նորութիւններով  լիցքաւորուած  հատորը, որուն պատճէնահանուած ձեռագիրը տրամադրուեցաւ  Երեւանի Չարենցի  անուան գրականութեան թանգարանին կողմէ, եւ լոյս տեսաւ մեկենասութեամբ  Վիգէն Թիւֆէնքճեանի։  Հատորը, թէեւ 1920-1932 տարիներու իր ապրած կեանքին մանրա-մասնութիւններ կը ներկայացնէ, սակայն փոփոխութիւններու ենթարկած է եւ որոշ  նորութիւններ աւելցուցած։  Իր քննադատական անկնարկները  արտայայտած է յստակ կերպով  թիրախ  ունենալով, օրինակ Կարօ Սասունին, Երուանդ Քոչարը, Շահան Շահնուրը եւ ուրիշներ։ Բացի անհատներէն, երեւոյթներու մասին ալ լայնօրէն անդրադարձած է – քաղաքագէտներու պակասը,  համայնքի  ներքին քայքայումը,  երիտասարդութեան անտարբերութիւնը,  կեղտոտ հայերը, ։ Ակնարկած է նաեւ Դուրեան Սրբազանին սպանութեան մասին։

          Իսկ 2016-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ Համազգայինի Վահէ Սեթեան Հրատարակչատունէն 191 էջերէ բաղկացած «Գարնանային Սիրոյ Հեզ Նամակներ» հատորը ՝ Վազգէն Շոուշանեանի մահուան 75-ամեակին առիթով։ Գիրքը  կը պարունակէ պատանեկան սիրոյ նամակներ ուղարկուած Աստղիկին, երբեմն «աղուոր հպարտ Աստղիկին», երբեմն ալ «չար Աստղիկին» իսկ Աստղիկն ալ կը գործածէ  «չար», «խենթ» ածականները։   

         Իր վէպ ու վիպակներէն «Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաք», «Օրերը Գեղեցիկ Չեն», «Ճերմակ Վարսենիկ», «Բանաստեղծը Եւ Կինը» եւ «Գարնանային»ը  գործերուն վրայ աշխատած էր Համալսարան յաճախած տարիներուն։ 

         Քսանական թուականներու վերջաւորութեան Սփիռքահայ վիպագրութիւնը հիմնաւորուեցաւ եւ «Սիրոյ եւ Արկածի Տղաք» վէպը լաւագոյն օրինակներէն  մէկը եղաւ, որովհետեւ չստեղծեց պատմութիւնը՝  այլ   իր կեանքը ցոլացուց  բնական վերի-վայրումներով ու ապրումներով՝ միշտ ենթապատկեր  ունենալով հայ ժողովուրդի տանջանքներն  ու յաջողութիւնները`  Հայրենիքի գաղափարն ու գոյութիւնը ընկալելու առաջադրութեամբ։ Այս ստեղծագործութեան մէջ եւս իր եւ Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանի  փորձառութեան վրայ հիմնուած է։

     “Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաք»  գեղարուեստական վիպակը գրասէրներու ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրեց որովհետեւ  գրած էր երբ տակաւին 23 տարեկան էր եւ գրական արժանիքներով  առլցուն։  Կեդրոնական նիւթը շատ յստակ է – Հայրենիք ըսելով ի՞նչ կը հասկնանք եւ ու՞ր է հայրենիքը։ Ժամանակաշրջանը կը ներկայանայ իր դպրոցէ-դպրոց անցուցած տարիները։

Եթէ Ներաշխարհդ Լեցուն է Պիտի Արտադրես

         Եթէ գրողի, նկարիչի կամ ոեւէ առուեստգէտի  մը ներաշհարհը  լեցուն է․ անպայման պիտի արտայայտուի եւ որեւէ մէկը չի կրնար կասեցնել  այդ գործընթացը։ Շուշանեան կ՝ըսէ – «Ո՜չ մէկ կառավարութիւն, ո՜չ մէկ իշխանապետութիւն,ոչ մէկ բռնութիւն ընդունակ են վերջնականօրէն զգետնել մարդուն հոգւոյն խորը գեղեցկութեան արարչական կայծը։»

        Իր օրագիրներուն  եւ խոհագրութիւններուն մէջ ունի թէ գնահատական եւ թէ քննադատական արտայայտութիւններ, միշտ փաստեր ներկայացնելով եւ առանց բառերը  ծամծմելու։ Դրական երեւոյթներ գնահատող անձ մը եղած է։ Իր օրագիրներէն շատերը կը ներկայացնեն իր ապրած շրջանի հայ կեանքի առօրեան իր բոլոր թոհուբոհներով, ժխտական ու դրական կողմերով։

         Համայնավարական ու ֆաշիստական շարժումներուն  հակառակ էր եւ յաճախ կ՜անդրանար  անոնց  սակայն միշտ Ի մտի ունենալով Հայրենիքի գաղափարը՝  իր ընկերվարական սկզբունքներէն  երբեք  չշեղեցաւ, եւ այդ առիթով ալ աւ կը գրեց – ՝՝Կեանքիս  է՜ն կարեւոր հանգրուաններէն մէկն ալ ընկերվարութեան յարումս է;՝՝։       «Առաջին Սէր» վիպակին մէջ իր եւ Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանի Արմաշի ուսումնական կեանքէն առնուած ուշագրաւ դէպքերն  են, իրենց ունեցած դժուարութիւններն ու հաճելի արկածախնդրութիւնները, Հայաստանի որոշ վայրեր  շրջելով՝ Հայրենիքի գաղափարի ամրապնդման հաստատաումը կը շեշտեն։ Հետքրքրական է որ տիպարները անուն չունին, սակայն ընթերցողը կը հասկնայ թէ ովքեր են այդ անձերը։ 

        “Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաք»  գեղարուեստական վիպակը գրասէրներու ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրեց որովհետեւ  գրած էր երբ տակաւին 23 տարեկան էր եւ գրական արժանիքներով  առլցուն։  Կեդրոնական նիւթը շատ յստակ է – Հայրենիք ըսելով ի՞նչ կը հասկնանք եւ ու՞ր է հայրենիքը։ Ժամանակաշրջանը կը ներկայանայ իր դպրոցէ-դպրոց անցուցած տարիները։

      Եթէ գրողի, նկարիչի կամ ոեւէ առուեստգէտի  մը ներաշհարհը  լեցուն է․ անպայման պիտի արտայայտուի եւ որեւէ մէկը չի կրնար կասեցնել  այդ գործընթացը։ Շուշանեան կ՝ըսէ – «Ո՜չ մէկ կառավարութիւն, ո՜չ մէկ իշխանապետութիւն,ոչ մէկ բռնութիւն ընդունակ են վերջնականօրէն զգետնել մարդուն հոգւոյն խորը գեղեցկութեան արարչական կայծը։»

      Իր օրագիրներուն եւ խոհագրութիւններուն մէջ ունի թէ գնահատական եւ թէ քննադատական արտայայտութիւններ, միշտ փաստեր ներկայացնելով եւ առանց բառերը  ծամծմելու։ Դրական երեւոյթներ գնահատող անձ մը եղած է։ Իր օրագիրներէն շատերը կը ներկայացնեն իր ապրած շրջանի հայ կեանքի առօրեան իր բոլոր թոհուբերով, ժխտական ու դրական կողմերով, առաւելաբար կեդրոնանալով ժխտականին վրայ եւ բարելաւելու ճանապարհ ցոյց տալով՝ միշտ հայ ազգին մշտնջենականութիւնը  նկատի առնելով։

         Համայնավարական ու ֆաշիստական շարժումներուն  հակառակ էր եւ յաճախ կ՜անդրանար  անոնց  սակայն միշտ Ի մտի ունենալով Հայրենիքի գաղափարը՝  իր ընկերվարական սկզբունքներէն  երբեք  չշեղեցաւ, եւ այդ առիթով ալ աւ կը գրեց – ՝՝Կեանքիս  է՜ն կարեւոր հանգրուաններէն մէկն ալ ընկերվարութեան յարումս է;՝՝ 

    Հակիրճ մեկնաբանութիւններէն ետք, քանի մը մէջբերում՝ իր հայրենասիրութեան մասին, քաղուած օրագիրներէն –

«Ոչի՜նչ աւելի թանկագին է երկրի վրայ քան հայրենի հողը։ Կ՝անցնին բոլոր փառքերն ու բոլոր որոտընդոստ երգերը, երբ անոնք չեն բխիր  հայրենի երկրի ընդերքներէն ․․․․Որքան ատեն որ կանգուն ք մեծ լեռը, եւ անոր արքայական ստուերին տակ  ազգը կ՜ապրի, հոգ չէ թէ տուայտանքով, կարելի են բոլոր զարթօնքները․․․Աւելի լաւ է սողալ այստեղ՝ քան թէ գլուխ ցցել ուրիշին սահմաններուն վրայ։ Ո՜չ մէկ նոր ելք այլեւս այս հողերէն։ Ճակատագիրդ հոս է եւ սրբութիւնդ, վասնզի հոսկէ է միայն, որ վաղը բոլոր փառքերը կրնան արթննալ եւ բոլոր ցորենները բարձրանալ  գեղուղէշ, բոլոր ակօսներէն․․․․․    

                                                                                                      Լոս Անճելըս   

* Շուշանեանի փոթորկալի կենսագրականը հրատարակուած էր Մարտ 24, 2021 թիւին մէջ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ