Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Ընդհանրական Պատգամը Ապրիլ 24-ի եւ Կազմակերպութեան 115-րդ Տարեդարձին Առիթով

ՀԲԸՄ 115-ամեակ

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Ընդհանրական Պատգամը Ապրիլ 24-ի եւ Կազմակերպութեան 115-րդ Տարեդարձին Առիթով

115 տարիներ, երկրագունտի տարածքին, Հ.Բ.Ը.Մ.ը հետեւողականօրէն ընդառաջած է հայ ժողովուրդի դիմագրաւած կարիքներուն, միաժամանակ ծառայելով հայրենիքին, հայոց պատմութեան տառապալի թէ խոստմնալի բոլոր ժամանակաշրջաններուն: Միութեան պատմութեան նշանակալի այս հանգրուանը, կը զուգադիպի Հայկական Ցեղասպանութեան Յուշատօնին նուիրուած Ապրիլ ամսուն, կրկին անգամ յիշեցնելով աշխարհին, մարդկային պատմութեան ամենամութ իրադարձութիւններէն մին:

Այս զոյգ առիթները, այս տարի աւելի եւս խորիմաստ են մեզի համար, երբ տակաւ կը սթափինք հայ ժողովուրդը հարուածած աւերածութեան ծանր պահէն, որուն ընթացքին ականատես եղանք մարդկային ողբերգութիւններու, որոնց նմանը մեր ժողովուրդը ապրած էր աւելի քան դար մը առաջ:

Արդ, երբ պահ մը կ’անդրադառնանք մեր անցեալ արհաւալի բայց եւ հարուստ պատմութեան, մենք մեր հայացքը կ’ուղղենք ապագային: Նոյնիսկ երբ կը դիմագրաւենք այժմու մեր ընդհանրական ծանր իրականութիւնը, մենք հաստատ կը կանգնինք, մեր ազգը միաւորելու, մեր վէրքերը ամոքելու, իրարու աջակցելու եւ թափով վերսկսելու ամուր կամքով: Այդ կամքը կը դրսեւորուի նաեւ մեր կազմաւորուող ժողովրդավարութեան թիկունք կանգնելու տրամադրութեամբ, արդար եւ մրցակցային ընտրութիւններու կայացումով: Կենսական անհրաժեշտութիւն մըն է ասիկա, որպէսզի կարենանք յառաջ ընթանալ միակամ եւ միանպատակ: Զօրավիգ կը կանգնինք նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին, որոնք 44-օրեայ Արցախեան Պատերազմին հետեւանքով ընտանեկան պարագաներ կորսնցուցին եւ որոնցմէ շատեր տակաւին կը սպասեն իրենց սիրելիներուն վերամիանալու յոյսով:

Հ.Բ.Ը.Մ.ը միշտ յանձնառու եղած է իր առաքելութեան հիմնասիւներուն – մարդասիրական օգնութիւն՝ կարիքի պահուն, ազգաշինութիւն Հայաստանի մէջ, նաեւ աջակցութիւն կրթութեան եւ մշակութային զարգացման լայն մարզերուն: Միութիւնը միշտ եղած է Հայ Եկեղեցւոյ կողքին, որպէս հաւատքի եւ համայնքի միջնաբերդ հազարամեակներու ընթացքին, նաեւ ապագային ընդառաջ: Իսկ երբ արդէն նոր վաղորդայնը կը ձեւաւորուի, Հ.Բ.Ը.Մ.ը դարձեալ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ առանցքային պահերու, ի շահ համայնական բարիքի, ինչպէս ըրած է վերջին տարիներուն Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Արցախի մէջ, պատերազմի, աղէտի, տնտեսական եւ առողջապահական տագնապներու իբր հետեւանք ստեղծուած մարդասիրական կարիքներուն ընդառաջ:

Կոչ կ’ուղղենք մեր ղեկավարութեան, կամաւորներուն, զօրակիցներուն եւ բարեկամներուն, երկրագունտի տարածքին, միանալու մեզի, դիմագրաւելու համար մեր դէմ ցցուող հսկայական մարտահրաւէրները, օգտագործելու ներկայացող առիթները, ամենուրէք հայութեան համար աւելի լաւ ապագայի կերտումին ի խնդիր: Մենք յատկապէս բարձր կը գնահատենք մեր աւելի երիտասարդ սերունդի քաղաքացիական բարձր գիտակցութիւն ցուցաբերող առաջնորդները, որոնք կը ոգեշնչեն մեզ, մեր համընդհանուր համայնքին ծառայելու իրենց եռանդով, նաեւ կը քաջալերենք, որ այլ երիտասարդներ եւս միանան ծաւալող այս շարժումին: Հ.Բ.Ը.Մ.ը պիտի շարունակէ իր օրինակով առաջնորդել, իր համաշխարհային մեծ ընտանիքէն ներս ընդգրկելով բոլոր անոնք, որոնք կը բաժնեն իր արժէքները եւ կը հաւատան իր առաքելութեան:

Կայուն ծրագիրներ նախաձեռնելու եւ զարգացնելու ճիշտ մտասեւեռումով եւ տեսլականով, մենք պիտի յաջողինք փակել հայոց պատմութեան այս դառն էջը եւ Հայաստանը պիտի կանգնի աւելի հզօր, ինքնավստահ եւ լաւապէս դիրքաւորուած, գրաւելու իր արժանի տեղը համաշխարհային բեմահարթակին վրայ:

Միութեամբ միշտ հզօր:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ