Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Արուեստի Բացառիկ Փառատօն

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Կիրակի, Մայիս 9, 2021-ին կէսօրուայ ժամը 12։00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7։00, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ, տեղի պիտի ունենայ յիսունէ աւելի հայ մեծանուն նկարիչներու արուեստի բացառիկ գործերու բացօթեայ ցուցահանդէս-վաճառք մը։

Մեր համայնքի պատմութեան մէջ նման տարողութեամբ եւ որակաւոր նկարիչներու, մէկ տեղ նկարչական ցուցահանդէս մը չենք ունեցած այս քաղաքին մէջ։

Արուեստագէտներու եւ կազմակերպիչ միութեան պատասխանատուներուն փափաքն է, որ այս ցուցահանդէս-վաճառքէն մէկ մաս մը պիտի նուիրուի հայրենիքի Զինուժի հզօրացման համար։

Այս աննման ձեռնարկը կազմակերպուած է Լոս Անճելըսի մէջ երեք տարիէ իվեր գործող «Հայ-Ամերիկեան Արուեստի Միութեան» կողմէ, որուն արժանաւոր հիմնադիրը եւ նախագահն է՝ ողջ ԱՄՆ-ի տարածքին ապրող հայութեան քաջ ծանօթ, բազմաբեղուն արուեստի գործիչ, գրող, բանաստեղծ եւ մտաւորական գիւմրեցի Ռուբէն Գասպարեանն է, որ ծանօթ է «Գուրպան» անունով։

Մեր սիրելի «Գուրպան»ին 27 տարիէ իվեր ծանօթ ենք, Հայաստանէն Լոս Անճելըս հասնելուն պէս տակաւին տուն տեղ եւ գործ չգտած՝ կազմակերպել սկսաւ մշակութային եւ արուեստի նուիրուած բարձր մակարդակի ձեռնարկներ, այսպէսով անմիջապէս արժանացաւ Լոս Անճելըսի հայութեան սիրոյն եւ գնահատանքին։ Այդ գործերուն մէջ իր անփոխարինելի ներդրումը ունեցաւ իր տիկինը Տիկին Էլմիրա Գասպարեանը, 17 տարի այս համայնքին մէջ իր հեռատեսիլի «Ուրախ Գիւմրի» յայտագիրով, մեծ խանդավառութիւն ստեղծած էր մեր ազգային եւ մշակութային կեանքին մէջ։

Տէր եւ Տիկ. Ռուբէն եւ Էլմիրա Գասպարեաններու, բառին իսկական իմաստով օրհնութիւն մը եղան մեր համայնքի մշակութային կեանքին մէջ։ Անոնց միջոցաւ բազմաթիւ հայրենի արուեստագէտներ հրաւիրուած են Լոս Անճելըս, իրենց տաղանդներով խանդավառելու համար մեր համայնքը։

Հայաստանի, Գիւմրիի եւ Արցախի մեծ թիւով մտաւորականներ հիւրընկալուած են իրենց ջերմ ու սիրալիր ընտանիքի մօտ։

Ահա «Հայ-Ամերիկեան Արուեստի Միութիւնը», որ երեք տարիներու ընթացքին տասէ աւելի մշակութային եւ արուեստի փառաշուք ձեռնարկներէ ետք, այս անգամ ալ Կիրակի, Մայիս 9-ին նման արուեստի հրավառութիւն մը պիտի կազմակերպէ։ Միութիւնը ունի 200-է աւելի արուեստագէտ անդամներ։

Սիրով կը հրաւիրուի մեր ժողովուրդը իր հայ եւ ոչ հայ ծանօթներով եւ ընկերներով, ներկայ ըլլալու այս շքեղ ցուցահանդէսին։ Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնը վայելելու համար արուեստագէտներու բարձրորակ նկարները։

Մուտքը ազատ է։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ