Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի Հանրապետութեան Շահը Գերադաս Արժէք Է

Հայաստանին սպասուող ցնցումները, ապագային, մեզի ժողովրդավար եւ զօրաւոր պետականութիւն պիտի բերե՞ն, թէ՞ Հայաստանը նորէն առիւծի բաժին պիտի դառնայ, Հայաստանի շահը պիտի ոտնահարուի՝ ոմանց շահին ծառայելու համար։ Վերջին երեք տասնամեակներուն մենք իբր թէ, կը կառուցենք ինքնիշխան եւ օրինական պետականութիւն մը, որ պարտի ծառայել երկրի բարգաւաճումին, կայուն դառնալուն, արցախեան հարցի լուծումին, Արցախի անկախութեան ճանաչումին ու երկրի սահմաններու ամբողջականութեան։ Բայց եթէ յետադարձ հայեացք մը նետենք, նոյնիսկ քաղաքականութենէն հեռու մարդը կը հաստատէ, որ մեր բոլոր բարձրագոչ գաղափարներն ու նախընտրական քարոզարշաւի խոստումները մի միայն խոստումներ եղած են, որոնք կեանքի չեն կոչուած, չեն իրականացած։ Մեր երկրին անկախութենէն ի վեր Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի շահը մանրադրամի վերածուած է եւ այդ խոստումները քանի մը օլիկարխի անհատական շահերը իրագործելու նպաստած են:

Ժամանակն է գիտակցելու, որ մենք՝ որպէս անհատներ եւ ժողովուրդ, պէտք է ծառայենք պետականութեան կերտման, ամրապնդումին ու հզօրութեան։ Մեր անձնական շահը պէտք չէ որ պետութեան եւ ժողովուրդի շահէն գերադաս ըլլայ: Մեր անձնական շահը պետութիւնը պէտք է չմասնատէ ու սեփական հայեցողութեամբ չգործածուի։ Մեր անձնական շահը ժողովուրդին մէջ պառակտում պէտք է չստեղծէ, բանակներու չբաժնէ ու իրարու դէմ չհանէ:

Հայաստանը շատ կնճռոտ ժամանակշրջան կ’ապրի՝ շատ պատասխանատու եւ ճգնաժամային։ Մինչեւ յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններու սկսիլը, բոլորս պարտաւոր ենք անգամ մը եւս կշիռքի նժարներուն դնելու երկրի, հայ ազգի, պետականութեան շահը եւ մեր անձնական փառասիրութիւնը, իշխանատենչ կուսակցականութիւնը. պարտաւոր ենք գիտակցելու, որ մե՛նք պէտք է ծառայենք պետութեանը եւ ո՛չ թէ՝ հակառակը։ Մէկդի պէտք է դնենք իրար դաւաճան կամ այլ ածականներով կոչելու պառակտիչ ընթացքը:

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները միայն Հայաստան բնակուող հայերուն յուզող խնդիրը չէ: Այն համահայկական խնդիր է. հայ ժողովուրդի՝ մաս-մաս եղած համայնքներու բարեկեցութեան ու հայապահպանութեան խնդիրն է եւս, հայրենադարձութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք կառուցողական խնդիրն է ։

Ազնուութեամբ ու գիտակցաբար մօտենանք այն հարցին, որ Հայաստանը պէտք է ներքին համերաշխութեան ուղիի վրայ դնել։ Մեզմէ իւրաքանչիւրս պատասխանատու է այդ նոր ուղիի համար։ Մենք պիտի որոշենք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ուղղենք այն նաւը, որուն մէջ ենք բոլորս: Ճիշդ է, դեռ ընտրութիւն կատարելու համար շաբաթներ կան, բայց այն ժամանակը, որ ունինք, ծառայեցնենք ճիշդ որոշումներ կայացնելու, ծառայեցնենք Հայաստանի ամուր պետականութեան ստեղծումին, ծառայեցնենք հայ ազգի բարեկեցութեան։ Ի վերջոյ ժողովուրդն է, որ պիտի ընտրէ եւ պէտք է մեծահոգութեամբ խոնարհիլ քուէատուփերու ցոյց տուած արդիւնքին դիմաց:

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ