«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք
Թող ողջ աշխարհը կարդայ հայուն նախատիք»
Աւետիս Ահարոնեան
Ապրիլ 24, 1968-ին Մոնթեպելլոյի քաղաքին մէջ, պետական հանրային պարտէզին վրայ բացումը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յուշարձանին, մօտ 100 հազար հայերու ներկայութեամբ։
Սոյն յուշարձանի կառուցումը եղաւ Լոս Անճելըսի հայութեան բոլոր միութեանց, կուսակցութեանց եւ հոգեւոր հաստատութեանց միացեալ ճիգերով։
Այդ թուականէն իվեր, ամէն տարի, մեր գաղութի բոլոր միութեանց միասնական աշխատանքով կ՚ոգեկոչուի մեր սրբադասուած նահատակներուն անմար յիշատակը։
Ապրիլ 24-ին բազմահազար հայերը, ամբողջ օրը իրենց զաւակներուն ձեռքէն բռնած, Մոնթեպելլոյի հայ նահատակներու Յուշարձան կ՚երթան ծաղկեպսակներ զետեղելով, իրենց յարգանքի տուրքը կու տան։
Այո այս Յուշարձանը Մեծն Լոս Անճելըսի հայութեան «Ծիծեռնակաբերդ»ն է։
2009-ին Լոս Անճելըսի մէջ գործող հայ հոգեւոր քաղաքական, մշակութային եւ երիտասարդական 52-է աւելի միութիւններու, միացեալ մարմին մը կազմուեցաւ համաատենապետութեամբ Դաւիթ Սամուէլեանի եւ Ժան Գոսաքեանին, որուն յաջորդեց վերջին տարիներուն Արթին Մանուկեան։
Շաբաթ, Ապրիլ 24, 2021 առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յուշարձանի մօտ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն մը, մեր նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։ Կրօնական արարողութիւնը կատարեցին գաղութի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Առաջնորդներ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ՝ Գերապայծառ Միքայէլ Եպս. Մուրատեան եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու Միութեան Պատուելի Վեր. Պերճ Ճամպազեան, մասնակցութեամբ՝ մեծաթիւ հոգեւոր հայրերու։՚
Հոգեհանգստեան հոգեխռով պաշտօնէն ետք, հոգեւոր Առաջնորդները իրենց կարճ հաւուր պատշաճի ելոյթներով մխիթարեցին ներկայ սգակիր ժողովուրդը եւ կոչ ըրի, որ միշտ վառ պահէ մեր նահատակներուն յիշատակը։
Ապա տեղի ունեցաւ միութեանց, կազմակերպութեանց եւ անհատներու ծաղկեպսակի զետեղման յուզիչ արարողութիւնը։
Ժողովուրդը մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերուն կը շարունակէր այցելել մեր Նահատակներուն յուշարձանը, իրենց բերած ծաղիկները աղօթքով եւ ծնկաչոք զետեղելով հոն։
Հազար փառք ու պատիւ մեր ժողովուրդին, ու մանաւանդ մեր նորահաս սերունդին, որ այսպիսի երկիւղածութեամբ եւ գիտակցութեամբ կը յիշեն իրենց մարտիրոսացեալ նահատակներուն յաւերժ յիշատակը։
Գնահատանքի յատուկ խօսք ունինք Լոս Անճելըսի Հայ Միացեալ Մարմնի բոլոր անդամներուն, որոնք 13 տարիէ իվեր այլազան ձեռնարկներով եւ միջոցառումներով վառ կը պահեն Հայոց Ցեղասպանութեան մեր թանկագին նահատակներուն անմոռանալի յիշատակը եւ մեր Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքները միշտ նշանաբան ունենալով՝ «ՊԻՏԻ ՅԻՇԵՆՔ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ»։