ՄԵԹԻՆ ԿՈՒՐՔԱՆ
Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարին այցելութիւնը Թուրքիա, կը հաստատէ կողմերուն փափաքը զարգացնելու փոխադարձ կապերը, հակառակ խոչընդոտներու, որոնք գլխաւորաբար յառաջ կու գան երկրին մէջ, լայնատարած զօրակցութենէն Ույկուրներու հետ։
Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Ուէնկ Եիի (Yi) այցելութիւնը Թուրքիա, Մարտի վերջերը, կը յայտնաբերէր երկու կողմերու փափաքը զարգացնելու մանաւանդ տնտեսական կապերը, հակառակ Փեքինի դէմ գոյութիւն ունեցող աննպաստ կեցուածքին՝ Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ, Չինաստանի կողմէ գործադրուած խուժդուժ պայմաններուն համար Ույկուրներու հանդէպ։
Մարտ 25-ի հանդիպումը Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ Արտաքին Գործոց Նախարար Մեվլուտ Չավուշօղլուի հետ, Ուէնկի շրջանային այս շրջապտոյտը կ՚ընդգրկէր Իրանը, Սէուտական Արաբիան, Արաբական Էմիրութիւնները, Պահրէյնը եւ Օմանը։ Այլ խօսքով, Միջին Արեւելքը կարեւորութիւն կը ստանար Չինաստանի համար, ինչ որ կը նշանակէր տաք մրցակցութեան մտնել Մ. Նահանգներու հետ։
Թէեւ Չինաստանի հետաքրքրութիւնը Միջին Արեւելքի նկատմամբ մղուած է քարիւղէն, սակայն վերջին տարիներուն անիկա կը միտի ընդարձակելու իր գործակցութիւնը եւ ազդեցութիւնը շրջանին մէջ։ Վերոյիշեալ 6 երկիրները յանձնառու են գործակցելու Չինաստանի Մէկ Գօտի Մէկ Ճամբայ (OBOR – One Belt One Road) նախաձեռնութեան հետ, Միջին Արեւելքի այլ երկիրներու կողքին։ Այս շրջապտոյտին յաջորդեցին նաեւ բարձր մակարդակի բանակցութիւններ Ճօ Պայտընի վարչութեան հետ Մարտ 19-ին, թէեւ ձգտուած մթնոլորտի մէջ։
Անքարայի կողմէ տրուած կարեւորութիւնը Ուէնկի այցելութեան, սկիզբէն զգալի էր այն ճիգերէն, որոնք թափուած էին, սահմանափակելու Ույկուրներու ի նպաստ բողոքի ցոյցեր Թուրքիոյ մէջ։ Ոստիկանութիւնը խստօրէն կը հակակշռէր, Իսթանպուլի Պայազիտ հրապարակին վրայ, բողոքը հարիւրաւոր ցուցարարներու, որոնք մարտակոչելով կը դատապարտէին Ույկուր փոքրամասնութեան «ցեղասպանութիւնը» Xinjiang-ի մէջ, որ օրրանն է իսլամ Ույկուրներու (շուրջ 7.5 միլիոն) փոքրամասնութեան՝ ցեղակիցը թուրքերու։ Այս վերջինները ծածանեցին կապոյտ-ճերմակ դրօշակներ, որոնք կը խորհրդանշեն անկախութեան շարժումը արեւելեան Թուրքեստանի մէջ, որ այլապէս թուրք ազգայնականները կ՚ակնարկեն Xinjiang նահանգին։
Սեյյիտ Թումթուրք, Ույկուր գաղթաշխարհի երէց առաջնորդը, որ նպատակադրած էր մասնակցելու ցոյցի մը Անքարայի մէջ, արգելափակուեցաւ Covid 19-ի վարակումէ զերծ մնալու համար։ Իշխանութիւնները ոստիկանական հսկողութեան տակ պահեցին զինք, որ ըստ ենթակային շինծու պատրուակ մըն էր, զինք տան կալանքի ենթարկելու համար։
Մ. Նահանգներ – Չինաստան մրցակցութեան տեսանկիւնէն, Ուէնկի այցելութիւնը Թուրքիա կը հաստատէ այս երկրին կարեւոր դերը Ասիա-Խաղաղական շրջանին մէջ։ Պէյժինկ կը զգայ կարիքը ամրապնդելու իր փոխյարաբերութիւնները բարեկամ երկիրներու հետ, ընդդիմանալու համար Ուաշինկթընի որդեգրած տիեզերական ռազմավարութեան, որ սուր կերպով կը քննադատէ Չինաստանի ռամկապետական ու մարդկայնական իրաւակարգը։ Ցեղասպանութեան ամբաստանութիւնը Փեքինի դէմ յարաճուն կերպով կը ծաւալի, ոչ միայն Մ. Նահանգներու, այլ միաժամանակ՝ Մեծն Բրիտանիոյ, Քանատայի եւ Աւստրալիոյ կողմէ, նորագոյն այցելութեանց ընթացքին Ճափոն ու Քորէա, իբրեւ նշան ամերիկեան ճիգերուն՝ սահմանափակելու համար Չինաստանի այցելութիւնը, որ Պայտընի վարչակազմը «պիտի ետ մղէր որեւէ չինական ճնշում կամ նախայարձակում՝ իր նպատակին հասնելու համար»։
Համաձայն Չավուշօղլուի, թրքական կողմը Ուէնկի հաղորդեց զգայնութիւնն ու գաղափարները Ույկուրներու նկատմամբ, մինչ խորհրդակցութիւնները կը կեդրոնանային տնտեսական փոխանակումներուն, գործակցութեան զարգացման, քորոնավայրըսի դէմ պայքարի, ներառեալ՝ պատուաստումին վրայ։ Թուրքիա առաջին երկիրներէն էր որ գնեց ու գործադրեց չինական «Քորոնա վաք» պատուաստը։ Առեւտուրի ծաւալը Չինաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ, 2019-ին բարձրացաւ մինչեւ 22 պիլիըն տոլարի, մինչ Թուրքիոյ հաշիւի ամէնէն բարձր բացը 20 միլիոն էր անցեալ տարի։
Բանակցութեանց ընթացքին, Ուէնկի գլխաւոր նիւթը OBOR-ի ծրագիրներու մասին էր թուրք պաշտօնատարներու հետ։ Թուրքիան ռազմագիտական նշանակութիւն ունի, իբրեւ տնտեսական նրբանցք ծառայելու չինական ապրանքներու փոխանցման դէպի Եւրոպա։ Թուրքիան կը գտնուի վաճառականական ուղիներու վրայ, որոնք Արեւմտեան Չինաստանէն կ՚երկարին դէպի Կեդրոնական Ասիա, Կասպից Ծով եւ Եւրոպա, որ ձեւով մը կը ցոլացնէ անցեալի թաւշեայ ճամբան։ 2017-ին Ատրպէյճանը, Վրաստանն ու Թուրքիան բացումը կատարեցին երկաթուղիի մը, որ կ՚օգտագործուէր ճամբորդներու եւ ապրանքներու փոխադրութեան՝ Եւրոպայի ու Չինաստանի միջեւ։ Վերոյիշեալ տարուան վերջաւորութեան, օգտագործելով 5400 մղոնի այս նոյն երթուղին, Թուրքիա ուղարկեց իր առա՚ջին արտահանումը դէպի Չինաստան։ Ուէնկի այցելութեան նախօրէին, Էրտողան իր հաւանութիւնը տուաւ, ու Մայիս 2017-ին ստորագրած էր, ապրանքի առաքման ու ճամբորդներու համար համաձայնութիւն մը Չինաստանի հետ։
Չին-թրքական յարաբերութիւնները, այս վերջին տարիներուն, զարգացած են նաեւ ֆինանսական գործակցութեամբ։ Թուրքիոյ անգլիական ոսկիի ֆոնտը, Մարտ 2020-ին, ստորագրեց հասկացողութեան յիշատակագիր (memorandum) մը Չինաստանի Sinosure-ին հետ, որ նեցուկ կը կանգնէր 5 պիլիըն արժողութեամբ գործառնութիւններու։ Այս համաձայնութիւնը, այլ ձեռնարկներու կողքին, Sinosure պիտի յանձնարարէր չինական գործառնութեանց ներդրումներ կատարելու ֆինանսական կենսուժի (energy) հւ հանքային ծրագիրներու ուղղութեամբ։ Այս համաձայնութեան հետեւեցաւ մէկ պիլիըն տոլարի փոխանցում Թուրքիոյ, եւ որ կը զուգադիպէր երկրին ճգնաժամային, եւ Էրտողանի համար տագնապալի ընտրական շրջանի մը՝ Յունիս 2019-ին։
Թուրքիա կը յուսայ նաեւ, որ Ռուսիոյ հետ ձեռք ձգուած համաձայնութիւնը, Նոյեմբեր 2020-ին, վերջ մը դնելու հայ-ազերի հակամարտութեան՝ Նակորնօ-Ղարաբաղի հարցով, պիտի օգնէ խթանելու առեւտրական գործառնութիւնները Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն ու Չինաստանի հետ։
Այս համաձայնութիւնը կարելիութիւն պիտի ստեղծէր նաեւ շրջանին մէջ փոխադրական ուղիներու վերաբացումին, սակայն պատճառելով միաժամանակ վատ տրամադրութիւն Իրանի, որ մինչ այդ կ՚օգտուէր այդ շրջանէն դէպի Կեդրոնական Ասիա անցնող թրքական բեռնատարներու վրայ դրուած տուրքէն։
Խաղաղութեան վերահաստատման ընթացքը Աֆղանիստանի մէջ մէկ այլ օրակարգ էր Ուէնկի կողմէ արծարծուած։ Չինաստան ու Ռուսիա վերջերս առա՚՚ջարկած էին «շրջանային ապահովութեան ուղղութեամբ զրուցատրութիւն մը» յառա՚ջ՚ացնել, Աֆղանիստանի ալ մասնակցութեամբ։ Թէեւ այս առաջարկութիւնը կանխահաս է, Թուրքիան կարեւոր գործընկեր մըն է, որպէսզի Չինաստան իր վարկը բարձրացնէ Աֆղանիստանի մէջ։
Հաւանաբար Չինաստան արծարծած եղաւ արտայանձնութեան (extradiction) հակասական համաձայնագիր մը, որ ստորագրուած էր Թուրքիոյ հետ 2017-ին։ Թուրքիոյ խորհրդարանը տակաւին վաւերացնելու է յիշեալ համաձայնագիրը, զոր չինական օրէնսդիր մարմինը վաւերացուցած էր Դեկտեմբերին։ Այն առատ ըմբռնումը կայ ույկուր գաղթաշխարհի ու Թուրքիոյ կողմնակիցներուն մօտ, թէ Փեքին նման համաձայնագիր մը պիտի օգտագործէ առաջքը առնելու համար Ույկուրներու ապաստան գտնելուն Թուրքիոյ մէջ։ Վերջին երկու տարիներուն, տնտեսական ծաղկող կապերու ընթացքին Թուրքիոյ ու Չինաստանի միջեւ, Անքարա կը վարանի արտայայտուելու Ույկուրներու ի նպաստ։
Մարտ 25-ի հանդիպումին յաջորդ օրը, Էրտողան նախարար Ուէնկի ակնարկեց որոշումին ուղղութեամբ Քորոնավայրըսիչինական 50 միլիոն պատուաստներուն, որոնք ենթադրաբար ստացուած պիտի ըլլային 2020 Փետրուարի վերջաւորութեան։
Ամէն պարագայի, Էրտողանի կառավարութիւնը հետապնդելու վրայ է մօտիկ յարաբերութիւններ Փեքինի հետ, միւս կողմէ անվստահութեան խոր ճեղք մը յառաջացած ըլլալով արեւմուտքի աւանդական ընկերներուն հետ։ Մօտեցում մը այս վերջիններուն հետ հետզհետէ պիտի դժուարանայ, քանի Չինաստանի մրցակցութիւնը արեւմուտքին հետ կը սաստկանայ։