Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Ծաղկեպսակի Զետեղում Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յիշատակին

Լիբանան
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ

Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առիթով, Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ի առաւօտեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ անդամներ՝ Յակոբ Ճըղլեան, Հայկ Եսայեան ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի անունով ծաղկեպսակ զետեղեցին Անթիլիասի մայրավանքին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի մատուռին առջեւ: Արարողութեան մասնակցեցան ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական կազմը ներկայացնող անդամ-անդամուհիներ:

ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Վարչութեան ատենապետ տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի ներկայացուցիչներ, ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայ Կաթողիկէ համայնքի պատրիարքարանի Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, Աշրեֆիյէ , ուր յանուն պատիրարքարանին տէր Ռաֆֆի Յովհաննէսեան փոխանցեց օրուան պատգամը:

Նոյն պահուն, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներ Յակոբ Ճըղլեան եւ Հայկ Եսայեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ ծաղկեպսակ զետեղեցին Պիքֆայայի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ:

Զահլէի մէջ, ՀԵԸ-ի Զահլէի տեղական վարչութեան ատենապետ Ժորժ Տէյրմենճեան, պատուիրակութեան մը գլխաւորութեամբ ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ