Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Փասատենայի Շաբաթօրեայ Վարժարանը Յիշատակեց 24 Ապրիլը

Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը 1 Մայիս 2021, Շաբաթ օր յատուկ յայտագիրով մը յիշատակեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը: Նոյն օր նաեւ աղօթքի պահ նշանակուեցաւ հայ ռազմագերիներու համար:

Յայտագրի սկզբին աշակերտները Ծիծեռնակաբերդի ճարտարապետութեան նուիրուած կարճատեւ շարժանկարներ դիտեցին ու լսեցին «Մի Ուրանար» երգը, որ Հայաստանի 2015ի երգն էր Եւրոտեսիլ միջազգային մրցոյթի մէջ: Ապա աշակերտները եկեղեցւոյ բակի մէջ տեղադրուած խաչքարի վրայ ծաղիկներ խոնարհեցուցին: Այդ պահը առաւել յուզիչ եւ իմաստալից դարձաւ, երբ վարժարանի ծնողներէն սարկաւագ Արա Տաքէսեանը սկսաւ ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած «Հրաշացան պակուցմամբ» նահատակներու շարական օրհնութիւնը երգել:

Ապա եկեղեցւոյ հովիւ Հ. Սարգիս աւ. ք. Փէթոյեանը մանուկներու հասկնալի լեզուով եւ անմիջականութեամբ բացատրեց, թէ հայկական ինքնութեան կորուստն ալ ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է: Տէր հօր առաջնորդութեամբ ներկաները միաբերան երգեցին Տէրունական աղօթքը: Ապա Հայր Փէթոյեանը շնորհաւորեց վարժարանի աշակերտներն ու ծնողները, որովհետեւ անոնք «… Հայեցի դաստիարակութիւնը կարեւորած՝ ամէն շաբաթ օր դպրոց կու գան, ոմանք շատ հեռու տեղերէն, որպէսզի երեխաները ազգային եւ հայրենի սնունդ ստանան»:

Վարժարանի տնօրէն Նորայր Տատուրեանը իր խօսքին մէջ յիշեց, թէ «Դպրոց – հայրենիք – պատմութիւն» կապը ամրացնելու ու յաւերժացնելու համար իւրաքանչիւր աշակերտի անունով որոշած են Հայաստանի մէջ ծառ մը տնկել, որպէսզի վարժարանի բոլոր սաները խորհրդանշական արմատներ ունենան հայրենի հողի մէջ: Այդ ծառերը պատճառ պիտի ըլլան, որ պատանիները աւելի լաւ ճանչնան իրենց պատմութիւնը ու աւելի ամուր արմատներով կապուին մայրենի հողին: Ծառերը կը տնկուին Աշտարակ քաղաքի մօտ՝ սփիւռքահայ վարժարաններու նորաստեղծ պուրակի մէջ:

Յայտագրի վերջաւորութեան վարժարանի երգի ուսուցչուհի, մենակատար Մարալ Քիւրտեանը երգեց «Թռչէի մտքով տուն» երգը («Մարտիկի երգը»), որպէսզի Արցախեան երկրորդ պատերազմի աւարտէն ի վեր թշնամիի բանտերու մէջ գերի պահուող հայ զինուորները շատով, առողջ ու ապահով տուն վերադառնան:

Փասատենա քաղաքի շաբաթօրեայ վարժարանը վեց տասնամեակ է, որ հայորդիներուն կը մատուցէ հայեցի դաստիարակութիւն, ներառեալ՝ լեզու, մանկական գրականութիւն, պատմութիւն եւ երգ: Արձանագրութեան կամ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար գրել stgregorysaturdayschool@gmail.com հասցէին, կամ՝ հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակը- (626) 449-1523:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ