Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Մտահոգ Ենք Բոլորս

Տեսակէտ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Որեւէ պետականութեան եւ քաղաքական կազմակերպութեան չափանիշը անոր ծնունդ տուող պայմանները եւ գոյութեան իրաւունքը հիմնաւորող գաղափարախօսութիւնն է: Ժողովուրդներու մեծամասնութեան առջեւ դրուած այս անգնահատելի հիմնադրոյթը իր խորքով եւ հետապնդումի ճանապարհներով կը դառնայ ազգային եւ պետականութեան ընկալումի խորհրդանիշ:

Կը յիշեմ ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ ընդհանուր պատմութիւն դասաւանդող իրլանտացի ուսուցիչիս սա խօսքերը. «Բրիտանիա չունի մնայուն բարեկամներ, ունի մնայուն շահեր»: Պատանեկութեան դուռերը նոր բախող մեր տարիքի ուսանողներուն համար քիչ մը խորթ էր ըմբռնել եօթը ծովերու վրայ իշխող կայսրութեան վարած արտաքին քաղաքականութեան բարոյական հաւատամքը: Իրլանտացի ուսուցիչս իւրաքանչիւրիս կը թելադրէր իբրեւ անհատ եւ ժողովուրդ սեփական տեսակէտ ունենալ: Մեզի յաճախ կը կրկնէր Ուինսթըն Չըրչիլի սա խօսքերը. «Որեւէ պետութեան տիրելու համար անհրաժեշտ են փոքրաթիւ դաւաճաններ եւ բազմաթիւ յիմարներ: Տէր փնտռող ժողովուրդը միշտ կը մնայ ծառայ…»:

Հետեւինք պատմութեան, դիտենք մեր շուրջի ժողովուրդները: Հզօրները մեծամասնութեամբ, ազգային-պետական շահերու թելադրութեամբ, ռազմավարական նպատակներ դրած են իրենց առջեւ եւ հետապնդած:

Մենք՝ հայերս, պատմութեան ընթացքին երբեւիցէ խորհա՞ծ ենք շահեր ունենալ կամ հետապնդել: Թերեւս անբարոյականութիւն սեպած ենք: Թերեւս չենք ալ խորհած: Թերեւս փորձած ենք ծածկել մեր ապիկարութիւնը: Մեծն Տիգրանի կողքին հազիւ մատի վրայ կը հաշուեն պետական գաղափարախօսութեան մտածողութեամբ թագաւորներ: Թափանցա՞ծ ենք արդեօք այսօրինակ գաղափարախօսութիւններու խորքը: Ինչո՞ւ արդեօք մենք չենք փորձած պահպանել մեր թագաւորութիւնները: Պատճառները միայն արտաքի՞ն են, թէ՞ նաեւ ներքին: Դարերէն եկած եւ մինչեւ օրս շարունակուող բարոյական գործօնը դարձած է հայ քաղաքական մտքի անխախտ բարեկամը: Մենք, դժբախտաբար, բարոյական յաղթանակներու առասպել մը հիւսած ենք մեր սերունդներուն: Դիւանագիտութիւնը իբրեւ դաւաճանութիւն դատապարտած ենք: Արատ սեպած ենք զայն: Ժողովուրդը առաջնորդած ենք «մնայուն թշնամի»-ի եւ «մնայուն բարեկամ»-ի միջեւ աւանդական համոզումներով եւ փակուղիներու առջեւ յայտնած ենք անոր ճակատագիրը: Ցաւալիօրէն մնայուն շահեր հետապնդող մեր «թշնամի»ները եւ «բարեկամ»ները բազմաթիւ հարուածներ հասցուցած են մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին: Այսուհանդերձ, տակաւին դասեր չենք քաղած մեր ցաւալի անցեալէն:

Հայ քաղաքական միտքը հազուադէպ վարած է սեփական ուժերուն ապաւինելու ռազմավարութիւն: Իր ընդհանրութեան մէջ կշռադատուած, ընդհանուր շահերով պայմանաւորած դաշնակիցներ ունենալու գաղափարախօսութիւնը մեղանչումի համազօր յանցագործութիւն նկատուած է մեր քաղաքական միտքին համար:

Մեր ժողովուրդի պատմութեան ամենացաւալի իրողութիւններէն մէկն ալ այն է, որ մենք, մեր ներկան աւելի յուսալի դարձնելու նպատակով, ո՛չ մեր, ո՛չ այլ ժողովուրդներու անցեալը ուսումնասիրելով փորձած ենք եզրակացութիւններ հանել, ուր մնաց ապագան…

Յաճախ կը լսենք, թէ հայոց արքունիքին մէջ նախարարներու, իշխանական տոհմերու միջեւ պայքարը թուլացուցած է հայոց պետականութեան հիմքերը: Բայց ո՞ր ժողովուրդին պատմութիւնը լեցուն չէ պալատական, իշխանական դաւադրութիւններով, խարդաւանքներով, դաւաճանութիւններով եւ սպանութիւններով՝ սկսելով ցարական Ռուսիայէն՝ հասնելու Բրիտանական կայսրութիւն եւ այլուր: Միշտ արդարացումներ փորձած ենք փնտռել: Մեր քաղաքական միտքը օրէն չէ ունեցած իր ինքնահաստատման դրոյթները եւ այդ պատճառով ալ կորսնցուցած ենք Արշակունեաց, Բագրատունեաց եւ Կիլիկիոյ թագաւորութիւնները: Նոյնանման վիճակ կը տիրէ նաեւ այսօր: Դժուար, թէ ոեւէ հայ անհատ իմանայ մեր 31-ամեայ նորանկախ պետականութեան ազգային, քաղաքական դրոյթները, հեռանկարները:

Պիտի չերթամ հեռաւոր անցեալ: Փորձեմ մօտիկ անցեալէն խօսիլ: Պատմութեան մէջ պատահած են դէպքեր, երբ ազատագրած ենք մեր հայրենիքի այս կամ այն մասը, բայց ետ կորսնցուցած:

Ոչ ոք կրնայ առարկել, որ մեր անկախ պետականութեան անցնող երեսունմէկ տարիներու մեծագոյն իրագործումը դարձաւ Արցախի ազատագրութիւնը: Տառապանքներով եւ արեան գնով ձեռք բերուած Արցախի անկախութիւնը զօրացնելու, Սփիւռք-հայրենիք հայ քաղաքական միտքին առջեւ նոր հեռանկարներ ձեւաւորելու փոխարէն՝ մեր ճակատագիրը ներքաղաքական, տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու զոհ դարձուցինք…: Չարաչար սխալեցանք եւ չքաղեցինք դասեր: Այո՛, հետեւութիւններ չկատարեցինք, երբ 2-5 ապրիլ 2016-ի քառօրեայ պատերազմը ապացուցեց, որ մեր «մնայուն դաշնակից»-ը, յանուն իր սեփական աշխարհաքաղաքական շահերուն, որեւէ մէկ պահու կրնար զոհաբերել ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Արցախը..: Չարթնցանք Քառօրեայ պատերազմի պատգամէն: Այսօր, տակաւին առանց ամչնալու, անհիմն բարոյական արդարացումներ եւ մեղաւորներ կը փնտռենք: Մեր սեփական թերութիւնները ուրիշներու վրայ բարդելու ծիծաղելի պատրուակներ կը փնտռենք տակաւին:

Եւ, ի՜նչ հեգնանք, մեր առջեւ ռազմավարական նպատակներ դնելու, պատրաստուելու փոխարէն՝ անցնող երեսուն տարիներուն մեզ ղեկավարեց ամբոխավարութեան, ինքնահաճութեան կեղծ քաղաքականութիւն մը, որ, աննկատ սողոսկելով մեր կառոյցներուն եւ հանրութեան մէջ, դարձաւ ինքնախաբէութեան յարուցիչ եւ մոլորեցուց ու մահաբեր թոյնով քնացուց մեր ժողովուրդը, ձեւաւորեց հանդուրժողական վերաբերմունք:

Հայ քաղաքական մտքի ոչ-ուղղորդուած ռազմավարութեան պատճառով ոմանց մէջ գերիրապաշտ, խոր լաւատեսութիւն յառաջացաւ սեփական ուժերու նկատմամբ, ուրիշներու մէջ՝ թերահաւատութիւն:Երեսուն տարի շարունակ, մեծախօսութիւնը, ռազմական անհպելիութեան առասպելական գերագնահատումը, մեծ կորուստներու գնով ձեռք բերուած արցախեան յաղթանակին հանդէպ անտարբեր վերաբերմունք ձեւաւորեց ժողովուրդին մէջ:

Այս բոլորը երէկ էր: Սուղ վճարեցինք գինը…: Իսկ այսօ՞ր:

Արմատական վերանայման հրամայականին առջեւ կը գտնուի հայ քաղաքական միտքը այսօր: Երկընտրանքի առջեւ կեցած ենք բոլորս՝ գոյատեւել անցեալի քաշքշուքներո՞վ, թէ՞ հեռանկարային, որակական նոր մակարդակի յանդգնութեամբ յագեցած, նպատակաուղղուած ռազմավարութիւն մշակենք մեր հայրենիքին եւ պետականութեան վերելքին համար:

Ամբողջ երեսունմէկ տարիներու գոյատեւման եւ իրավիճակի թելադրութեան տակ անհեռանկարային քաղաքական որոշումներու հետեւանք էր Արցախի 44-օրեայ պատերազմին մեր կրած պարտութիւնը: Անհրաժեշտ հետեւութիւններ չքաղելու պարագային պատանդ պիտի մնանք անցեալի սխալներուն գիրկը՝ աւելի վտանգաւոր դարձնելով հայրենիքի ապագան, անոր գոյութիւնը:

Ոչ մէկ հայ պիտի մոռնայ 44-օրեայ պատերազմէն մեր կրած մարդկային ու տարածքային կորուստները: Պիտի չմոռնանք նաեւ, որ հայ ժողովուրդը մէկ բռունցք դարձած իր բոլոր կարելիութիւններով դէմ դրաւ որակական, քանակական, արհեստագիտական առաւելութիւններ վայելող թուրք-ազերիական միացեալ բանակին: Այս իմաստով Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ ներքին ատելութիւնը խորացնելով մեծագոյն ծառայութիւնը մատուցած պիտի ըլլանք մեր թշնամիներուն: Մենք կորսնցուցինք ճակատամարտը, ոչ՝ պատերազմը: Իրապաշտ ըլլանք: Պարտուողը չի կրնար պայմաններ թելադրել: Այս է կացութիւնը ներկայիս: Վաղը կրնան յեղաշրջուիլ պայմանները: Պատրաստուինք վաղուայ օրին:

Այ’ս հրամայականին առջեւ կը գտնուի հայ քաղաքական միտքը այսօր Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ: Պետական շահերու առաջնայնութիւններէն մղուած՝ քաղաքական նոր գործելաոճ: Մեր հայրենիքին անհրաժեշտ են ռազմավարական մտածողութեան տէր քաղաքական եւ պետական գործիչներ: Անձնաւորութիւններ, որոնք քաղաքական, տնտեսական, ընկերային իրաւական, նպատակներ կը դնեն իրենց առջեւ եւ կ’իրականացնեն:

Դիտենք մեր շուրջ՝ Մ. Նահանգներու, Ռուսիոյ, Չինաստանի, Թուրքիոյ, Իրանի, Ազրպէյճանի, Եւրոպական Միութեան, միջինարեւելեան պետութիւններու եւ այլոց ռազմաքաղաքական-տնտեսական յաւակնութիւնները եւ ուղղենք համեստ հարցում մը. ինչպէ՞ս կը պատկերացնենք Հայաստանի ապագան համաշխարհային այս մրցավազքին մէջ համակողմնակիօրէն հիմնաւորուած քաղաքական հեռանկարային մտքի բացակայութեան: Ինչպէ՞ս պիտի թիավարէ մեր հայրենիքը կայսերապաշտական որոգայթներուն ընդմէջէն՝ առանց իրապաշտ, յստակ եւ հեռանկարային քաղաքականութեան:

Մտահոգ ենք բոլորս:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ