Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Բարեկամին՝ Արա Ահարոնեանի Քաղցր Յիշատակին

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Հարաւային Գալիֆորնիոյ Հայկական գաղութին մէջ շատ քիչեր կան որոնք համատարած ճանաչում ստացած են։ Այդ քիչերէն մէկն էր ողբացեալ Արա Ահարոնեանը։ Արա Ահարոնեանը սիրուած եւ յարգուած էր բոլորին կողմէ եւ իր ցուցաբերած ազգային-քաղաքական բեղուն ու անշահախնդիր գործունէութեան համար՝ ան դարձած էր գաղութիս հայատրոփ բազկերակը։

Արա Ահարոնեանի սիրտը կը բաբախէր միայն ու միայն հայութեան եւ հայրենիքին շահերուն հետապնդման համար։ Ան՝ մանուկի մը նման կ՛ուրախանար երբ իր սիրած հայրենիքին համար յաջողութիւն մը արձանագրուէր, անկախ անկէ որ ինք անձամբ գործօն մասնակցութիւն մը բերած էր այդ իրագործման մէջ կամ ոչ։

Ընկերային սեղմ շրջանակներու մէջ՝ Արա Ահարոնեանը ճանչցուած էր որպէս «քալող համայնագիտարան», այսինքն՝ walking encyclopedia։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ իրեն ծանօթ անհատներու ծննդեան թուականները, անոնց հեռաձայնի թիւերը, կուսակցական երդում առած օրերը, դպրոցի շրջանաւարտութեան թուականները եւ այլն գոց գիտէր։

Առաւել՝ հայկական թէ օտար պատմական դէմքեր, դէպքեր, թուականներ եւ վայրեր ամբարած էր իր ուղեղին մէջ եւ անմիջապէս ու առանց վարանելու իրեն ուղղուած հարցումներուն կը պատասխանէր վստահութեամբ եւ ամենայն հեշտութեամբ։

Արա Ահարոնեանը Ճանչցուած էր նաեւ ամերիկացի պետական  պաշտօնատարներէն, ըլլան անոնք քաղաքային, նահանգային թէ դաշնակցային կառավարութեան ներկայացուցիչները։ Ան առաջինը հանդիսացաւ Գալիֆորնիոյ նահանգային նախկին Ծերակուտական Ճէք Սքաթը Հայաստան տանելու առաքելութեան մէջ։

Ան մօտէն ծանօթ էր Գալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակուտական Անթհընի Փորթանթինոյին, Ուաշինկթընի Ներկայացուցիչներու Տան անդամ Ատամ Շիֆին եւ դեռ շատ ուրիշներուն։

Արա Ահարոնեանը ունէր նաեւ բեղուն գրիչ, որը օգտագործած էր Նոր Օրի էջերէն հանրութեան ներկայացնելու կուսակցական երախտաւորներու փաղանգ մը, մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացնելով ամենուրէք։ Այդ էջերը դարձան արխիւային հարստութիւն եւ պիտի փոխանցուին սերունդէ-սերունդ, վառ պահելու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնն ու իրագործումները։

Արա Ահարոնեան հեղինակ էր նաեւ կարեւոր գիրքերու, ինչպիսին են Heroic Figures of ADL (2006) եւ The Republic of Mountainous Karabakh (2011): Կցուած՝ կողքի նկարները այդ զոյգ հրատարակութեանց։

Վերջերս Արային ամենամեծ ուրախութիւնն էր Հայ Դատի Խորհուրդի Կեդրոնական Գործադիր Մարմնի ստեղծումը, որուն Ընդհանուր Քարտուղարը նշանակուեցաւ ան։ Այդ մարմինը կ՛ընդգրկէր անդամներ Միացեալ Նահանգներէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Արժանթինէն, Աւստրիայէն, Աւստրալիայէն, Հայաստանէն, Լիբանանէն, Յորդանանէն եւ այլն։ համեստաբար ես ալ անդամ էի այդ մարմնին եւ ցարդ մեր ժողովները տեղի կ՛ունենային առցանց (zoom meetings)։

Իսկ այդ մարմնի առաջին գործունէութիւնը հանդիսացաւ նամակ մը յղել Նախագահ Պայտընին որ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ երբ այդ իրականացաւ, շնորհակալական նամակ մըն ալ յղուեցաւ Նախագահ Պայտընին։ Արան տակաւին շատ օրակարգեր ունէր այդ մարմնին համար, բայց աւա՜ղ զանոնք չիրագործած՝ մեկնեցաւ այս աշխարհէն . . .

Ինծի համար մեծ կորուստ է մեր շաբաթական հեռաձայնային զրոյցները։ Ան զիս տեղեակ կը պահէր գաղութային անցուդարձներէն, նաեւ քաղաքական թէ այլ իրադարձութիւններէն՝ զորս մեզ երկուստեք կը հետաքրքրէր։ Թող այս մի քանի տողերը ծառայեն որպէս խունկ ու աղօթք քու անթառամ յիշատակիդ համար։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ