Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Յունիսին Լոյս Պիտի Տեսնէ «Մեծ Այբուբենի Գիրքը»

ՍԹԸՐԼԻՆԿ ՀԱՅԹՍ, Միշիկըն․- ArmenianEasy LLC հրատարակչութիւնը 2019ին հաստատեցին աﬔրիկահայ քոյրեր՝ Քէթի Ճէյքըպզ Պրիթոյի եւ Ճենի Մըլլընի գործերուն հրատարակութիւնը։ Անոնք կը յայտարարեն, թէ իրենց առաջին գիրքը՝ «Մեծ Այբուբենի Գիրքը» պիտի հրատարակուի է  Յունիսին։ Այս աշխատագիրքը կազմուած է չորս տարեկան մանուկներու համար եւ կը ներկայացնէ այբուբենի 38 տառերը, բազմաթիւ հաճելի նիւթերով, օրինակ՝ ներկել, համրել, գտնել ճամբան, միացնել կէտերը, մարմինին մասերը սորվիլ, երգել եւ այլն։

ArmenianEasy.com կայքին եւ այբուբենի աշխատագիրքին գաղափարը սկսաւ երբ Ճենիին ամենէն մեծ զաւակը մանկապարտէզ կը յաճախէր։ Հայ դպրոցներէն հեռու բնակող Ճենին ստիպուած՝ տունը հայերէն կը սորվեցնէր իր զաւակներուն։ Ան կ՛ուզէր գտնել գիրքեր եւ նիւթեր, որոնք՝ 1) արեւմտահայերէնով գրուած էին, 2) այբուբենի տառերը կը սորվեցնէին,  3) շատ արագ չէին յառաջանար։

«Կ՛ուզէի անգլերէնի տառերու այդ մեծ գիրքերէն, զորս տեսած էի խանութներու մէջ, ﬕայն թէ հայերէնով գրուած։ Ուրեմն, քրոջս՝ Քէթիին, հարցուցի, եթէ կրնար սորվեցնելու նիւթեր պատրաստել ինծի համար», կը պատմէ Ճենին: Արուեստագիտուհի Քէթին շատ սիրով սկսաւ կազﬔլ այբուբենի աշխատանքային էջեր։ Շուտով՝քանի մը էջերը դարձան 328 էջնոց պատկերազարդ աշխատագիրք մը, որ մանուկներուն կը ծանօթացնէ տառերը, նոյն ատեն կը զարգացնէ իրենց բառամթերքը եւ ձեռքի համակարգութիւնը։ Թէեւ գիրքը հայերէնով գրուած է, անոր մէջ կան բացատրական էջեր անգլիախօսներուն համար։

Կրթական նիւթեր կազմելը նորութիւն չէր քոյրերուն համար։ Իրենց մայրը՝ Հուրիկը, Թուխանեան Ճէյքըպզ, հրաշալի հայերէնի ուսուցչուհի էր։ Անշուշտ իր զաւակներուն սորվեցուց հայերէն խօսիլ, նաեւ առաւել քան քառասուն տարիներ ան սորվեցուց ՝ փոքրիկներէն մինչեւ հասուն տարիքի աշակերտներու։ Պէյրութի Ճեմարանէն աւարտելէ ետք, նախ ան դասաւանդեց  Տիթրոյթի շրջանի ՀՕՄի ամէնօրեայ դպրոցին մէջ, ապա՝ ՀՕՄի միօրեայ դպրոցին, առաւել՝ ան ունեցաւ իր անձնական դասարանները։ Ընդհանրապէս դասանիւթերը իր յատուկ պատրաստութիւններն էին։

Քէթին՝ իր պատանութեան օրերուն արդէն, մօրը դասերուն համար գծագրութիւններ կը պատրաստէր։ Աւելի ուշ ան սկսաւ մօրը հայերէնի դասերուն մասնակցիլ՝ իբրեւ օգնական։ Դասաւանդելէ ետք, Հուրիկը եւ Քէթին ժամերով կը խօսէին աշխուժութեամբ սորվեցնելու մասին։ Անոնք իրենց մօրմէն իմացան, որ հայերէնի դասաւանդելու ատեն որքան կարեւոր են կրկնութիւնը եւ խաղը։ Այս գիտակցութիւնը Քէթիին եւ Ճենիին՝ այսինքն ArmenianEasy-ին, կը մղէ, որ գիրքեր եւ դասանիւթեր պատրաստեն այնպէս, որ հայերէն սորվելը հաճելի եւ դիւրին ըլլայ։

Աշխատագիրքը գնելու համար հաճեցէ՛ք այցելել ArmenianEasy.com կայքը:

(Հաղորդագրութիւնը՝ հրատարակչութենէն)

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ