Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Նամակ Յղած Է Իսլանտիոյ Խորհրդարանի Նախագահին

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփը նամակ յղած է Իսլանտիոյ խորհրդարանի նախագահ Սդէյնկրիմուր Սիկֆուսոնին՝ խնդրելով չաջակցիլ խորհրդարան ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին։ Այս մասին կը գրէ Ermenihaber.am։

Շենթոփ նամակին մէջ նշած է, որ այդ օրինագիծը օրակարգ բերուած է «որոշ շրջանակներու դրդումով» եւ կրնայ ստուէր դնել թուրք-իսլանտական յարաբերութիւններուն վրայ: Նամակին մէջ ան շարադրած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող թրքական քարոզչական նիւթերը եւ փորձած զանոնք ներկայացնել պատմաիրաւական լոյսի ներքոյ։

Շենթոփ իր իսլանտացի գործընկերոջ հանգամանօրէն ծանուցած է պաշտօնական Անգարայի տեսակէտին մասին՝ մասնաւորապէս նշելով, որ առաջին աշխարհամարտի ժամանակ «ծայրայեղական հայերը, զինուելով Օսմանեան կայսրութեան թշնամիներու կողմէն, յարձակումներ գործած են օսմանեան բանակի եւ իսլամ բնակչութեան վրայ։ Ատոր համար ալ պետութիւնը ընդունած է «Տեղահանութեան եւ վերաբնակեցման մասին օրէնքը», որուն կիրառումով՝ ռազմական տեսանկիւնէ՝ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող վայրերու մէջ բնակող հայերը տեղափոխած են պատերազմէն հեռու գտնուող հարաւային նահանգներ»:

Թուրքիոյ խորհրդարանի ղեկավարը նամակին մէջ նաեւ նշած է, որ օսմանեան կառավարութեան յանձնարարութիւններուն չհետեւած ու հայերուն նկատմամբ յանցագործութիւն կատարած պաշտօնեաները եւ քաղաքացիները ռազմական դատարաններու կողմէ դատապարտուած են.1763-ը ազատազրկուած են, 67-ը՝ մահապատիժի ենթարկուած։ Շենթոփի նամակին մէջ խօսք կայ նաեւ այն մասին, որ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը սահմանուած է 1948թ. ՄԱԿ-ի «Ցեղասպանութիւններու կանխարգելման եւ դատապարտման խորհրդաժողովին», ըստ որուն՝ որեւէ գործողութիւն ցեղասպանութիւն անուանելու համար անհրաժեշտ է իրաւասու դատարանի որոշում: «Իսկ ահա  1915-ի վերաբերեալ որեւէ դատարանի որոշում չկայ»,- դիմած է Շենթոփը Իսլանտիոյ խորհրդարանի նախագահին:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ