Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ինչպէ՞ս Էրտողան Հանդուրժեց Պայտընի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

ՄՈՒՐԱՏ ԵԹՔԻՆ
Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Ապրիլ 24-ի ճանաչման փոթորիկը հարուածեց Թուրքիան, երբ նախագահ Ճօ Պայտըն իր անունով կոչեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, գործադրուած 1915 Ապրիլէն սկսեալ, Ա. Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին։ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական նպատակներէն մէկը եղած էր, տարիներու ընթացքին արգելք հանդիսանալ, որ Մ. Նահանգներու նախագահները գործածեն «Ցեղասպանութիւն» բառը, Հայոց Մեծ Եղեռնին ակնարկելու ատեն։

Կ՚ակնկալուէր որ նախագահ Թայյիպ Էրտողան բրտօրէն հակազդէր, եթէ նախագահ Պայտըն անգլերէն «Genocide» բառը օգտագործէր, օրինականացնելով հաւանականօրէն Թուրքիոյ դէմ բացուելիք դատերը ամերիկեան դատարաններու մէջ։՝Համաձայն այլազան մեկնաբանութեանց, Էրտողան պիտի հակազդէր, օրինակի համար, փակելով Ինճիրլիքի օդանաւային ռազմակայանը, ինչպէս որ ատենին, հանգ. վարչապետ (ու նախագահ) Սուլէյման Տեմիրէլ կատարած էր 1975-ին, հակազդելով Ուաշինկթընի կողմէ զինամթերքի նաւարգելին (embargo)։

Ուրիշներ ալ նոյնիսկ ցաւակցեցան, թէ Էրտողան, իբրեւ հակազդեցութիւն, կրնայ նոյնիսկ դադրեցնել «Missile Shield» ռատարի խարիսխը Մալաթիա-Քիւրեսիքի (Արեւելեան Թուրքիա) մէջ։

Այսուամենայնիւ, առաջին ընդդիմագործութիւնը Էրտողանի կողմէ գործադրուեցաւ երկու օր ետք, մեղմ ձեւով՝ «Պրն. Պայտըն»ով։ Թուրքիա տակն ու վրայ  եղած էր։ Անոր բառերը նոյնիսկ չ՚օգտագործեցին ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան խորհրդատուին ու ներկայացուցիչին՝ Իպրահիմ Քալընի նախընթաց սպառնալիքները,՛որոնք պիտի գործադրուէին յառաջիկայ ամիսներուն։ Ընդհակառակը, անիկա յուսաց որ Մ. Նահանգներու հետ փոխյարաբերութիւնները նոր ընթացք մը պիտի առնէին Պայտընի հետ, ՆԱԹՕ-ի մէկ հանդիպումէն ետք յառաջիկայ Յունիսին։

ՔՈՎԻՏ-19-Ի ԱՄՐԱՓԱԿՈՒՄԻՆ ՄԷՋ ՔՕՂԱՐԿՈՒԱԾ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Էրտողանի քօղարկուած յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Քովիտ-19-ի ամրափակումի առիթով։ Նման յաջող միջոցառումի դիմելը անիկա կը պարտի հաղորդակցութեանց տնօրէն Ֆախրետտին Ալթունի։ Լրագրալուրերը, բնականօրէն, կեդրոնացած էին համավարակին դէմ նոր միջոցառումներու որդեգրումին եւ արգելափակումին ուղղութեամբ։ Ազգայնական Կուսակցութեան (NHP) ղեկավար Տեվլէթ Պահչելի, Էրտողանի ընտրական ընկերը եւս, հակազդեց Պայտընի, որուն խօսքերը նոյնպէս կաղապարուած էին խորհրդարանի իր ելոյթի ընթացքին, անդրադառնալով Քորոնավայրըսին, խմիչքի վաճառքին, «Հայոց Ցեղասպանութեան» հարցը ներկայացնելով, որպէս արտաքին քաղաքականութեան մաս կազմող տարիներու աննշան օրակարգ։ Արդեօք Էրտողանը յանկարծական շրջափոխութի՞ւն մը ունեցած էր, անգղէն աղաւնիի վերածուելով, կամ, հարցին ա՛յլ տարբերակնե՞րը կային։

Խնդրեմ, մի աճապարէք, կարծիք յայտնելով, թէ կ՚ուզէք արտայայտուիլ Հոլպէնքի դատաքննութեան, երբ իրանցի թուրք գործակատար մը բռնադատած էր ամերիկեան պատժամիջոցները Իրանի դէմ, խոստովանելով իր ունեցած կապերը Խորհրդարանի «Արդարութիւն ու Զարգացում» (AKP) կուսակցութեան հետ։ Հարցը նոյնիսկ աւելի կնճռոտ է։

Այլազան աղբիւրներու դիմեցի, հասկնալու համար, թէ ինչպէ՞ս AKP-ի կառավարութիւնը, եւ անոր դաշնակից MHP կուսակցութիւնը այնքան արագօրէն գլուխ ելան, նախագահ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ, ու մերժեցին իրենց անունները յայտնել, ու նոյնիսկ չընդունեցին անուղղակի վերագրումներ։ Այնպէս որ, ազնուաբար պիտի հարցնեմ, մեկնաբանելու համար իմ հետեւեալ «զօրաւոր տպաւորութիւններս»։ Ահաւասիկ բեմին ետեւի պատմութիւնը։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ԷՐ

Ամերիկեան լրատուութիւնները ամիսներ առաջ սկսած էին տեղեկագրել, թէ Պայտընը պիտի յարգէր ընտրական իր խոստումը, «ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրութիւնը Ապրիլ 24-ին»։

Վերոյիշեալ լրագրալուրերը նախապատրաստեցին  հանրային կարծիքը Թուրքիոյ մէջ՝ նման նախաձեռնութեան մը համար։ Վիճարկումը կեդրոնացած էր ոչ թէ Պայտընի կողմէ Ցեղասպանութեան բառին կոչումին վրայ, այլ՝ Էրտողանի հակազդեցութեան։

Քաղաքացիները գիտէին թէ Էրտողանի յարաբերութիւնները Պայտընի հետ ոչինչ էին, բաղդատած Տանըլտ Թրամփի։ Պայտըն նոյնիսկ չէր պատասխանած Էրտողանի ատենի շնորհաւորական խօսքին։ Յաւելուածաբար, Մ. Նահանգներ վտարած էր Թուրքիան F35 ճէթի ծրագրէն, ու նոյնիսկ գրաւած ա՛յն օդանաւերը, որոնց վճարումը կատարուած էր յի կողմէ։ Ամերիկա այս վերջին միջոցառումին դիմած էր, Թուրքիոյ կողմէ գնումին համար ռուսական S400 հրթիռներուն։ Միւս կողմէ, Ֆեթհուլլա Կիւլէնը, իսլամ քարոզիչը, որ 15 Յուլիս 2016-ին Թուրքիոյ պետական հարուածին օժանդակողներէն էր, Ամերիկայի մէջ կը շարունակէր իր գործունէութիւնները։ Լրացուցիչ կերպով, ամերիկեան զինուորականութիւնը իր փոխյարաբերութիւնները կը պահէր PYD / YPG սուրիահպատակ, զինեալ քիւրտ կազմակերպութիւններու հետ, որոնք Թուրքիոյ PKK քիւրտ զինեալ կազմակերպութեան գործակիցներն էին։

Այնպէս որ թուրք հանրութիւնը սկսաւ խորհիլ, թէ Էրտողան չէր կրնար արգելք հանդիսանալ Պայտընին՝ ճանչնալու «Հայոց Ցեղասպանութիւնը», եթէ ա՛յդ էր իր մտադրութիւնը։

ՊԱՅՏԸՆ ՇԱՔԱՐԱՊԱՏԵՑ ՀԱՐՑԸ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

Առաջին հերթին, Ամերիկա առաջարկեց որ Աֆղանիստանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւնները ընթանան Թուրքիոյ միջնորդութեամբ, նախաձեռնութիւն որ կը միտէր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները չխզել, հակառակ ռուսական S400 հրթիռներու գնումի իրողութեան։ Այս ժեսթը ձեւով մը հեշտացուց Էրտողանի կեցուածքը։ Կը նշանակէ թէ Պայտըն կը զգար Թուրքիոյ կարեւորութիւնը, ՆԱԹՕ-ի հետ ունեցած հարցէն դուրս։ Ապա, Ամերիկա ետ կեցաւ երկու ռազմանաւեր ղրկելէ դէպի Սեւ Ծով, դիւրացնելով Թուրքիոյ դիրքորոշումը Ռուսաստանի դէմ՝ Ուքրանիոյ՛ տագնապին առիթով, երբ տեղի կ՚ունենար Մոնթրէօյի պայմանագրութեան (20 Յունիս 1936) քննարկումը։

Ապրիլ 23-ին, Պայտընի Ազգային Ապահովութեան խորհրդական Ճէյք Սալիվըն հեռաձայնեց Իպրահիմ Քահնի, անոր հաղորդելով թէ Ապրիլ 24-ի յայտարարութիւնը ապահովաբար պիտի կատարուէր, թէ Էրտողան վստահ կրնար ըլլալ, որ Թուրքիա թիրախ պիտի չհանդիսանար։ Ամերիկեան կառավարութիւնը, միաժամանակ կը մատնանշէր նաեւ, թէ Թուրքիոյ գլխաւոր մտահոգութիւնը պիտի ըլլային դատական հարցերը, որոնք հաւանականօրէն պիտի արծարծուէին 1915-ի եւ յաջորդող տարիներու հայ գաղթականներուն ժառանգորդներուն կողմէ։

Սալիվըն – Քահնի հրապարակուած հաղորդագրութիւնը թրքական մամուլին մէջ, այպանումի թիրախ ունէր Օսմանեան Կայսրութիւնը, եւ ոչ թէ՝ Թուրքիան։

Ապա Պայտըն հեռաձայնած է Էրտողանի, անոր յայտնելով թէ կ՚ուզէ տեսնուիլ իրեն հետ, եւ թէ ՆԱԹՕ-ի գագաթի հանդիպումը յառաջիկայ Յունիսին կրնար յարմար առիթ մը ըլլալ։

Հանդիպումի վերոյիշեալ կարելիութիւնը թեթեւցուց Էրտողանի հակազդեցութիւնը։ Նաեւ, ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Մերալ Աքշեների ալ դրական կեցուածքը նպաստեց, որ Էրտողան կողմնակից դառնայ Պայտընի առաջարկած հանդիպումին։

Երրորդ հեռախօսը Ուաշինկթընէն Անգարա եկաւ Մ. Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընէն՝ ուղղուած Մեվլուտ Չավուշօղլուի, յայտնելով որ Ամերիկա պիտի գնահատէր եթէ Թուրքիա խուսափէր կոպիտ պատասխան մը տալէ։

Ամփոփելով, Պայտընի վարչակազմը Ապրիլ 23-ին, երկու ժամուան մէջ, դէպի  կատարած եղաւ, բարձր մակարդակի երեք հեռաձայններ որոնք արդիւնաւորուեցան, Ապրիլ 24-ին «Ցեղասպանութիւն» բառին յարուցանելիք փոթորիկը կանխարգիլելով։

ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԱՏՐԱ՞ՍՏ ԷՐ ԴԻՄԱՒՈՐԵԼՈՒ

ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՇՐՋԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՑՆՑՈՒՄԸ

Նախագահ Պայտըն, կռահելով թէ Էրտողանի ընթացիկ կարելիութիւնները նուազագոյն գոյավիճակի մէջ են, այս վերջինը պիտի խուսափէր աւելի վատթարացնելու փոխյարաբերութիւնները Ուաշինկթընի հետ։ Այլ խօսքով, Պայտըն առաջքը առած եղաւ Էրտողանի ժխտական փոխադարձութեան։

Բաց աստի, զուգահեռաբար, ամերիկացի ֆինանսի մասնագէտները Սպիտակ Տան յայտնած էին, թէ Թուրքիոյ՛օտար դրամանիշերու պահածոն սպառած էր, եւ երկրին Կեդրոնական Դրամատունը դժուարութիւն ունէր օտար դրամանիշերու փոխանակման։ Այս պատճառով, եթէ Էրտողան զինուորական կամ քաղաքական զօրաւոր պատասխան մը տար, դրամանիշային շուկան աւելի պիտի վատթարանար։ Այն ատեն, Թուրքիոյ Կեդրոնական Դրամատան պահեստները պիտի չկարենային գոցել ստեղծուած բացը՝ տոլարին դիմաց։

Ընդդիմադրութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը հարցապնդէր արդէն կառավարութիւնը, իր պահեստի գումարէն 128 պիլիըն տոլարի ծախսերու մասին՝ 2018-2020 շրջանին։ Այս կացութենէն յոյժ տեղեակ էին ամերիկացի դրամատնային մասնագէտները։ Ասոնք հաստատեցին իրենց այս կարծիքը Ապրիլ 26-ին։ Թրքական լիրային տատանումը՝ ամերիկեան տոլարին դէմ, բարձրացաւ 5 առ հարիւրի, նախագահ Պայտընի Ցեղասպանութեան ճանաչումի յայտարարութենէն 20 ժամ առաջ։ Մէկ խօսքով, ոչ միայն Պայտընի խոստումը՝ հանդիպումի մը համար Էրտողանի հետ, այլ Թուրքիոյ Կեդրոնական Դրամատան տկարութիւնը, զգալի դերակատարութիւն ունեցան, մղելու Թուրքիոյ նախագահը, վրայէն անցնելու Պայտընի Ապրիլ 24-ի Ցեղասպանութեան յայտարարութեան։

Սխալ չհասկցուինք։ Չեմ ուզեր ակնկալել, որ ըսուի թէ ինչո՞ւ փոթորիկ չփրթաւ, Թուրքիան մղելով ֆինանսական նոր ճգնաժամի մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին իբրեւ հետեւանք։ Ֆինանսական ամէն տագնապ տնտեսական դժուարութիւններ պիտի յարուցանէ թուրք քաղաքացիներուն, դիւանագիտական ճնշումն ալ աւելցնելով։

Ուզեցի պարզապէս անդրադառնալ բեմին ետեւ զարգացող իրողութեանց, որոնք վարագուրուած են քաղաքական մոլեռանդութեամբ եւ ազգայնամոլութեամբ, եւ որոնք ցարդ որեւէ լաւութիւն չեն բերած հասարակութեան։

Մայիս 3, 2021

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ