Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Տօնական Անխառն Ուրախութեան Օր Մը Հայց. Առաքելական Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն Ներս

Մուշեղեան Եղբայրներ 250 Հազար Տոլար Նուիրեցին

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

«Ի՞նչ է հոգին հայու հոգին հարցուցի մերթ ինքզինքիս»

Վ.Թ.

Կիրակի, Մայիս 16, 2021-ին մեծն Լոս Անճելըսի հայութիւնը ընդհանրապէս եւ Փասատինայի հայերը մասնաւորապէս տօնական անխառն ուրախութեան եւ ցնծութեան անմոռանալի օր մը եւս ապրեցան, որ այս եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ ոսկէ տառերով պիտի գրուի։

Այդ օր մեր հաւատացեալները կրօնաբոյր մթնոլորտի մէջ, անգամ մը եւս վայելեցին ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի եւ Մեքսիքոյի Թեմի արժանաընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։

Սուրբ Սեղանին պատարագիչ Առաջնորդին սպասարկեցին Արեւմտեան Թեմի վաստակաշատ կղերականներ՝ Արժ. Տ. Մուշեղ Քհնյ. Թաշճեան, որ սոյն եկեղեցւոյ երկարամեայ նախկին հովիւն էր, ներկայի ժրաջան հովիւ Արժ. Տ. Սարգիս Ա.Ք. Փեթոյեան եւ սարկաւագներու հոյլ մը։

Այդ Կիրակի մեր բազմադարեան եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն, Մայիս 16-ին մեր եկեղեցին կը տօնէ երկրորդ Ծաղկազարդը, եւ Քրիստոսի Համբարձման Կիրակին։

Հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր եկեղեցւոյ Տաճարէն ներս եւ նոյնքան բազմաթիւ ազգայիններ եւս եկեղեցիէն դուրս էր, չկրցաւ եկեղեցի մտնել պսակաձեւ ժահրի պարտադրած սահմանափակումներուն պատճառաւ։

Պատմական այդ օրուան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ հիմնարկէքը կատարուեցաւ համալիրէն ներս կառուցուելիք Մուշեղեան Տաղաւարին։

Ս. Պատարագի ամբողջ տեւողութեամբ եկեղեցւոյ երգչախումբի ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Պարթեւ Կիւլիւմեանի եւ երգեհոնահարութեամբ երկարամեայ դաշնակահար՝Կիւրեղ Մանկրեանի շատ միստիք մթնոլորտ մը  ստեղծեցին եկեղեցիէն ներս։

Սրբազան Հօր պատարագէն, քարոզէն, հաղորդութիւն տալէն եւ հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարելէն ետք, Սրբազան Հայրը «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ եկեղեցիէն դուրս ելան Մուշեղեան Տաղաւարի հիմնարկէքի յուզիչ արարողութիւնը կատարելու, անոր հետեւեցան ժողովուրդէն հոծ բազմութիւնը, որմէ ետք ժողովուրդը Կիրակոս սրահ անցաւ ներկայ ըլլալու համար աշխարհիկ հանդիսութեան եւ ճաշկերոյթի մը։ Հոն գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր մը։

Եկեղեցւոյ վարիչ տնօրէն՝ Վահէ Սարկաւագ Չարխուտեան բարի գալուստի ջերմ խօսքով ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց Տոքթ. Գուրգէն Մատթէոսեան վարելու համար սիրոյ այդ սեղանը։ Ճաշի օրհնութիւնը կատարեց Տէր Մուշեղ Ա. Ք. Թաշճեան եւ այդ յիշարժան օրուան առիթով սրտի խօսքով շնորհաւորեց Մուշեղեան եղբայրները իրենց իշխանական նուիրատուութեան համար եւ որոնց հետ Տէր Հայրը երկար տարիներ գործակցած է Ռիչըրտ Մուշեղեանին հետ։ Ապա հանդիսավարը կենաց խմեց օրուան բարերարներուն, անոնց առողջութիւն եւ ամենայն բարիք մաղթելով։

Խօսք առաւ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Ասպետ Թաթուլեան, գաղութիս տաղանդաշատ եւ սիրուած երգչուհի Անահիտ Ներսիսեան չորս երգեր երգելով արժանացաւ ներկաներուն երկարատեւ ու ջերմ ծափահարութեան, եկեղեցւոյ ժրաջան եւ սիրուած հովիւի սրտի խօսքէն ետք հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որուն փակման խօսքով եւ օրհնութիւններով վերջ գտաւ այս յիշարժան հանդիսութիւնը։

Արդարեւ, այս ձեռնարկը անգամ մը եւս կը վկայէ հայ ժողովուրդի շինարար, ստեղծագործ, Աստուածասէր, հայրենասէր հոգին։ Մեր ժողովուրդը դարերու ընթացքին միշտ ալ Աստուծոյ տուներ կառուցած է իր ստեղծիչին փառքին համար, եւ որքան ալ անհաւատներ փորձած են քանդել մեր եկեղեցիները, դպրոցները կամ մշակոյթի կեդրոնները, հայը անկոտրում հաւատքով եւ կամքով վերակառուցած է զանոնք։

Հազար փառք ու պատիւ մեր շինարար հայ ժողովուրդին եւ այս պարագային Մուշեղեան եղբայրներուն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ