Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ինչո՞ւ Թուրքիա Դարձակէտ Կը Տեսնէ Կիպրոսի Գագաթի Հանդիպումի Ձախողութեան Մէջ

ՄԵԹԻՆ ԿՈՒՐՔԱՆ

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Թուրքիա, յուսալով  Բրիտանիոյ նեցուկը ունենալ, կ՚որդեգրէ կարծր դիրքորոշում մը Կիպրոսի հակամարտութեան մէջ, աչքը առնելով ձգտում ստեղծելու Եւրոպական Միութեան հետ։ Քիչեր զարմացան, որ անցեալ շաբաթ, կիպրական հակամարտութեան կարգաւորման համար յատկացուած, ՄԱԿ-ի կողմէ ձեռնարկուած գագաթի ժողով մը ձախողեցաւ։ Սակայն, վերոյիշեալ ժողովը Թուրքիոյ համար «դարձակէտ» մը նկատուեցաւ, խաղաքարտերը խառնելու (reshuffle), բարելաւելու համար կղզիին բաժանումի նախագիծ գոյավիճակը:

Ապրիլ 27-29 Ժընեւի մէջ կայացած հանդիպումին, ամէնէն նենգամիտ կեցուածքը Բրիտանիան որդեգրեց, անուղղակիօրէն թելադրելով կիպրական կարգավիճակի բարեփոխումը ի նպաստ թրքական կողմին։

Բրիտանիան, Թուրքիոյ եւ Յունաստանի հետ, երաշխաւորներն են կիպրական պետութեան, որ բաժնուած է ցեղախօսական տուեալներու հիման վրայ, Թուրքիոյ զինուորական միջամտութենէն իվեր, 1974-ին, իբրեւ հակադարձութիւն յոյն-կիպրացիներու պետական հարուածին՝ կղզին միացնելու նպատակով Յունաստանի։

Եւրոպական Միութեան անդամակցութենէն դուրս գալէ ետք, Բրիտանիա որդեգրեց Թուրքիոյ հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ, եւ ապա աւելի ճկունութիւն՝ Կիպրական հարցով, վշտացնելու գնով միջազգայնօրէն ճանչցուած Կիպրական Կառավարութիւնը եւ Յունաստանը, որոնք կ՚ապաւինին Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, իբրեւ լծակ՝ կիպրական հակամարտութեան հարցով։ Եւրոպական Միութիւնը իրեն անդամ ընդունեց Կիպրոսը 2004-ին, եւ հետեւաբար կղզիին բաժանումը լքուած թողուցին թուրք կիպրացիները։ Միայն Անգարան կը ճանչնայ 1983-ին կեանքի կոչուած հիւսիսային Կիպրոսի թուրք հանրապետութիւնը։

Ժընեւի մէջ կայացած ժողովէն քանի մը օրեր առաջ, Կիպրոսի թուրք հանրապետութեան նախագահ Էրսին Թաթար, «Սանտէյ Էքսփրես»ին տրուած յայտարարութեան մը մէջ, կը խնդրէր Բրիտանական Կառավարութեան թիկունքը՝ կիպրական երկու իշխանութեանց գոյակցութեան ճանաչումին, Թուրքիոյ ալ նեցուկով։ Ըստ Թաթարի, դուրս ելած ըլլալով Եւրոպական Միութենէն, Բրիտանիա կրնար չէզոք երաշխաւորը դառնալ Արեւելեան Միջերկրականի կղզիին, յոյն ու թուրք կիպրացիները այսուհետեւ արժանանալով հաւասարակշռուած վերաբերումի։ «Սանտէյ Էքսփրես»ի համաձայն, Անգլիոյ նախարարները «հիւսիսային Կիպրոսը արդէն պաշտօնապէս կը նկատէին իբրեւ անկախ երկիր»։

Շատ մը դէտերու համաձայն, ձգտուածութիւնը Բրիտանիոյ եւ յոյն կիպրացիներու միջեւ ակներեւ էր Ժընեւի ժողովին, ուր կիպրացի յոյն ղեկավար Նիքոս Անասթասիատէս տեղ գրաւած էր Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Ռաապի հանդիպակաց կողմը։

Ժընեւի մէջ Թաթարի կողմէ ներկայացուած 6 կէտերէ բաղկացեալ առաջարկը, կոչ կ՚ընէր «հաստատելու համար գործակցութիւն կղզիին երկու պետութիւններուն միջեւ, հիմնուելով անոնց ունեցած հաւասարազօր գերիշխանութեան ու միջազգային գոյավիճակներուն վրայ»։ Առաջարկը հիմնականօրէն կը միտէր կղզիին վրայ երկու պետութիւններու գոյակցութեան։

Նման իրողութիւն մը լման անջատում պիտի նշանակէր, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի վերջին ամիսներուն յայտարարած երկարամեայ կեցուածքէն, թէ Կիպրոսը շրջանային երկու համայնքներու դաշնակցային իշխանութիւն մըն է։ Հարցին էութիւնը կը կայանար թրքական Կիպրոսի քաղաքական հաւասարութեան ճանաչումին մէջ։

Հակառակ նման իրողութեան մը Անասթասիատէսի կողմէ մերժումին, Կիպրոսի թրքական մասը պաշտօնապէս առաջարկ բերած կ՚ըլլայ երկու իշխանութեանց դրութիւնը ՄԱԿ-ի յիշեալ ժողովին, որուն ներկայ եղած են բոլոր կողմերը։ Այդ պատճառով ալ, Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Մեվլուտ Չաւուշօղլու, յիշեալ գագաթի ժողովը դարձակէտ մը նկատած է կիպրական հարցին կապակցութեամբ։

Անգարայի հիմնական առարկութիւնն ա՛յն է, որ յոյն – կիպրական կողմի գոյավիճակը միջազգայնօրէն ճանչցուած է իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւն, մինչդեռ թրքական Կիպրոսը ճանաչում չունենալով, հիմնականօրէն կը վնասէ կողմերու միջեւ հաւասարութեան գաղափարին, պատճառ դառնալով բանակցութեանց ընթացքին արդար որոշումի մը կայացման։

Անգարայի համար Ժընեւի գագաթի ժողովը յաջողութիւն մըն է։ Թուրքիոյ անդամակցութեան օրակարգը Եւրոպական Միութեան անելի առջեւ գտնուելով, Անգարա կը հաւաստէ, թէ Եւրոպական Միութիւնը աննշան ազդեցութիւն ունի մղելու Թուրքիան համակերպելու կիպրական այս հարցին մէջ։ Հետեւաբար, կիպրական հարցին կարգադրութեան հասնիլ կարելի է, միա՛յն կողմերուն համահաւասար իրաւասութիւններով մասնակցելու պարագային։

Ժընեւի մէջ, յոյն – կիպրական մերժումը դիմակալելու, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական իր վարկը բարձրացնելու համար, իր լրագրալուրերուն ալ օժանդակութեամբ, Անգարա կը ջանայ իրեն բարեկամ պետութիւնները  համոզել, որպէսզի ճանչնան Թրքական Կիպրոսը։ Իրենց ճանաչումը տուած էին արդէն Պենկլատէշն ու Փաքիստանը 1983-ին. բայց շուտով ետ առած էին միջազգային ճնշումի տակ։ Թրքական Կիպրոսի ճանաչումը Անգլիոյ կողմէ խիստ կարեւոր զարգացում մը պիտի հանդիսանար իր շօշափելի անդրադարձներով։

Զուգահեռաբար, Անգարա կը ծրագրէ դիւանագիտական արշաւի դիմել, բարեկամ երկիրներ՝ Ատրպէյճանն ու Քաթարը մղելու, որպէսզի օդանաւային ուղիղ երթեւեկութիւն հաստատեն Կիպրոսի թրքական բաժնին հետ։ Այս վերջնոյն քաղաքացիները կրնան ճամբորդել միայն թրքական օդանաւերով։

Աւելին. հաւանական է, որ ներկայիս, Անգարա պարզէ դրօշակը, յայտարարելով Կիպրոսի թրքական բաժնին կցումը կամ միացումը Թուրքիոյ։ Զարմանալու չէ, եթէ յառաջիկայ ամիսներուն միացումի վերոյիշեալ թէզը յառաջ քշուի Թուրքիոյ մէջ։

Ամփոփելով, յայտնենք, թէ գագաթի ժողովը Ժընեւի մէջ ցոյց տուաւ, թէ այսուհետեւ Կիպրոսը այլեւս ծրագիր չունի, բանակցութիւններ վարելու հարցի լուծման նկատմամբ, նկատելով թէ կողմերու տեսակէտները լայնօրէն կը տարբերին իրարմէ. Կիպրոսի թուրքերը կ՚առաջարկեն երկու պետութեանց լուծումը, մինչ յոյն կիպրացիները կը պնդեն միացումին վրայ։

Տակաւին, կողմերը համաձայնած են յառաջիկայ ամիսներուն, հնգօրեայ ժողով մը գումարել ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան տակ, դիւանագիտական երեւոյթները պահելու համար։ Նախ եւ առաջ, որեւէ կողմ չուզէր այպանուիլ բանակցութեանց խզումով։ Նմանապէս, Անթոնիօ Կութերեսը պիտի չուզէր յիշատակուիլ իբրեւ ՄԱԿ-ի այն ընդհանուր քարտուղարը որ ծածկեց Կիպրոսի հարցը, որ Իսրայէլ – Պաղեստին հակամարտութեան կողքին, երկարատեւ ժամանակով կը գտնուի ՄԱԿ-ի օրակարգին վրայ։ Վերջապէս, ո՛չ Անգարա եւ ո՛չ ալ Աթէնք չեն ուզեր բարկացնել Ուաշինկթընը, քանի որ Պայտընի վարչակազմը սկսած է զբաղուիլ այդ շրջանով։

Անգարա յոյսը դրած է Բրիտանիոյ վրայ, հակակշռելու համար Եւրոպական Միութեան ներցուկը յոյն կիպրացիներուն եւ Յունաստանի։ Այս վերջինները յաջողած են Արեւելեան Միջերկրականի մէջ ծովային շրջագայութեան իրաւասութիւնները վերածել Թուրքիա – Եւրոպական Միութիւն բանավէճի։ Անցեալ տարի Եւրոպական Խորհուրդը յիշեալ տարակարծութիւնները նկատած է որպէս Եւրոպական Միութեան քաղաքականութիւն, եւ սպառնացած է պատժամիջոցներու դիմելու Թուրքիոյ դէմ, եթէ այս վերջինը երկրախուզութիւններու դիմէ։ Եւրոպական Միութիւնը ուզած է մասնակցիլ Ժընեւի բանակցութեանց, հետեւելէ ետք թրքական առարկութիւններուն։

Պայտընի վարչակազմին կեցուածքը կենսական դեր կրնայ ունենալ։ Անհաւանական է որ Ուաշինկթըն նեցուկ կենայ երկու պետութիւն առաջարկին, կամ՝ թրքական Կիպրոսի ճանաչումին։ Ամերիկա տեւականօրէն յորդորած է Անգարան, որպէսզի պեղումները դադրեցնէ Արեւելեան Միջերկրականի ջուրերուն մէջ։ Իսկ անցեալ Հոկտեմբերին խարանեց թրքական Կիպրոսի որոշումը, վերաբանալու ծովեզերեայ հանգստավայր (resort) մը, որ Կղզիին բաժանումէն իվեր կը գտնուի անպատկանելի հողաշերտի (no man’s land) վրայ։

Անքարա կը շարունակէ յուսալ որ Անգլիոյ միջնորդութիւնը պիտի մղէ Պայտընի կառավարութիւնը աւելի հեշտ գտնուելու Անգարայի հետ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ