Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ազգային Յուղարկաւորութիւն Ողբ. Ընկ. Արա Ահարոնեանի

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

«Գործն է անմահ լաւ իմացէք Որ մնում է դարէ դար»

Յ.Թ.

Չորեքշաբթի, Մայիս 5, 2021-ին անակնկալօրէն մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ հոգեւոր եղբայր մը, գաղափարի աննկուն զինուոր մը, մեր ժողովուրդի ամբողջանուէր ծառայող մը, հրապարակագիր, բանասէր, հրապարակախօս եւ ազգային հասարակական բեղուն գործիչ մը, հայրենասէր եւ եկեղեցասէր (ան տէր հայրի թոռնիկ էր), դասական երգերու կատարող՝ Ընկ. Արա Ահարոնեան, խոր սուգի մատնելով իր թանկագին կողակիցին Տայանային, զաւակներուն Ռիթային եւ Ալեքսին, փեսային եւ թոռնիկներուն, քրոջը Արփի Կանիմեանին եւ ամուսինին Շահէին եւ զաւակներուն։

Ռիթա Սարուխանեան եւ Զօհրապ Կանիմեան

Ողբ. Արա Ահարոնեան ծանօթ անձնաւորութիւն մըն էր ամերիկեան Գալիֆորնիոյ նահանգի ու մանաւանդ Կլենտէյլի քաղաքապետարանին, ուր տարիներէ իվեր մեր քաղաքի յանձնակատարն էր (commissioner) էր, եւ 13 տարի շարունակ կազմակերպիչն էր քաղաքապետարանի Ապրիլ 24 ձեռնարկներուն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 12-ին Արա Ահարոնեանի ընտանիքին փափաքով, ցաւակցական երեկոյ մը կազմակերպուած էր, ուր մեծ թիւով ազգայիններ հոն էին իրենց ցաւակցութիւնը յայտնելու ընտանիքին եւ  հարազատներուն, իսկ աշխարհատարած ՌԱԿ-ի եւ հայ մամուլի մէջ լայն արձագանգ գտաւ Ողբ. Արա Ահարոնեանի անժամանակ մահուան լուրը։

Հինգշաբթի, Մայիս 20-ին տեղի ունեցաւ Ողբ. Արային Ազգային Յուղարկաւորութիւնը։ Այդ տխուր առիթով, կազմուած էր ընտանիքի անդամներէ եւ ՌԱԿ-ի կուսակցականներէ բաղկացած Ազգային Յուղարկաւորութեան յանձնախումբ մը։

Ընկ. Փանիկ Քէշիշեան

Առաւօտեան ժամը 10։00-ին Պըրպէնքի Հայց. Առաքելական Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Ողբ. Արա Ահարոնեանի տան կարգը, մասնակցութեամբ չորս համայնքներու պետերու։ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի, Գերապայծառ Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի (Կաթողիկէ համայնքապետ), որուն կը ներկայացնէր Հոգշ. Տ. Արմենակ Վրդ. Պետրոսեան եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ պետ՝ Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեանի ներկայացուցիչ՝ պատուելի Ճօ Կարապետեան։

Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան

Այդ օր իրենց մխիթարական ներկայութեամբ հոն էին Արեւմտեան Թեմի նահապետ՝ Թեմի նախկին երկարամեայ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Թեմի բազմաբեղուն եւ վաստակաւոր նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ Ընկ. Արա Ահարոնեանի հետ մօտիկ բարեկամներ էին։

Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան խօսք առնելով յիշեցին հանգուցեալ Արային ազգասիրական, հայրենասիրական, հայ մշակոյթի, հայ եկեղեցւոյ մատուցած իր հսկայ ծառայութիւնները եւ մեր երեք հոգեւոր պետերը Աստուծմէ խնդրեցին որ երկնքի արքայութեան արժանացնէ անոր հոգին։

Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան

Խօսք առին հանգուցեալի դուստրը Ռիթա Սարուխանեանը, որ ԱՄՆ ծնած ըլլալով հանդերձ սքանչելի հայերէնով խօսեցաւ իր հօր ընտանեկան եւ ազգային օրերէն յուշեր պատմելով եւ վերջաւորութեան Ռիթան խոստացաւ որ իր հօր սկսած եւ կիսատ մնացած գործերը պիտի շարունակէ իրագործել։ Անոր յաջորդեց ողբ. Արա Ահարոնեանի քրոջ Արփիին զաւակը՝ Զօհրապ Կանիմեանին շատ յուզիչ անգլերէն խօսքով մը իր քեռիին հետ ունեցած քաղցր յիշատակներու պատառիկներ  յիշելով, ապա Ընկ. Փանիկ Քէշիշեան ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց։

Ժողովուրդը մօտեցաւ հանգուցեալի դագաղին, որուն վրայ դրուած էր ողբ. Արային այնքան սիրած եւ պաշտած կուսակցութեան՝ ՌԱԿ-ի դրօշակը, յարգանքի վերջին տեսակցութենէն ետք, բոլորը առաջնորդուեցան Կլենտէյլի Forest Lawn գերեզմանատունը։

Սալբի Քրքոնեան

Հոն թաղման կարգը կատարեցին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդի փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Մանուկ Քհնյ. Մարգարեան եւ Սրբ. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ Տէր Խաժակ Քհնյ. Աբովեան։ Թաղման կարգէն ետք խօսք առաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Գէորգ Հալէպլեան, ուր կարդաց Կեդր. Վարչութեան խօսքը, խօսք առաւ Կլենտէյլ քաղաքի նախկին քաղաքապետ եւ ներկայիս քաղաքապետարանի անդամ Վրէժ Աղաճանեան, սրինգով նուագ մը կատարեց Սալբի Քրքոնեան, բոլոր ներկաներուն մասնակցութեամբ երգուեցաւ կուսակցութեան քայլերգը եւ Կիլիկիա երգը, ղեկավարութեամբ Ընկ. Դաւիթ Սամուէլեանի։

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան

Թաղման կարգէն ետք սգակիրները գացին Ալթատինայի ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոն հոգեճաշի համար, որ պատրաստուած էր Ողբ. Արային ընտանիքին կողմէ։

Հոգեճաշին գործադրուեցաւ խօսքի յայտագիր մը, հանդիսավարութեամբ ծանօթ բանասէր մտաւորական՝ Դոկտ. Մինաս Գոճայեանին։

Խօսք առին.

  • Ելոյթ ունեցաւ ՌԱԿ. Արեւմտեան Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր՝ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան։
  • Աւօ Մակարեան կարդալով ՀԲԸՄիութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի խօսքը։
  • Մայտա Քիւրէճեան կարդաց ԹՄՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ատենապետ Երուանդ Ազատեանի խօսքը։
  • Մեծանուն իրաւաբան Թամար Փոլատեան Փերրոն անգլերէնով կարդաց ընտանիքի խօսքը։
  • Շուշան Պաղպուտարեան ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի ատենապետին խօսքը ըսաւ։
  • Լոս Անճելըսի մէջ գործող (Վերնատուն) միաւորի անունով խօսք առաւ Պրն. Պետրոս Անսրլեան։
Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան

Բոլոր խօսողները դրուատեցին եւ յիշեցին Ողբ. Արային արժանիքները, տաղանդները, բնաւորութեան գիծերը եւ ազգային ծառայութեան բազմերես աշխատանքները եւ վաստակը մեր կազմակերպութեան եւ հայ ժողովուրդի մօտ։

Մենք. Ընկ. Արա Ահարոնեանին մօտ 50 տարիէ աւելի ծանօթ եղած ենք, Պէյրութի Յովակիմեան Մանուկեան երկրորդական վրժ.ի տարիներէն իվեր ծանօթ էինք, միշտ կիրթ եւ քաղցրախօս աշակերտ մը եղած էր։ Կրակոտ, քաղցր ձայնով պատանի էր, մեր դպրոցէն ներս սիրուած եւ յարգուած աշակերտ մըն էր։

Մենք մինչեւ մահուան վերջին օրերուն մահուընէ 3 օր առաջ մօտ 55 վայրկեան խօսած ենք, ինչպէս յիշեցի այս 50 տարիներուն ընթացքին ոչ միայն մեր հանդէպ, այլ բոլոր իր ընկերներուն եւ ուսուցիչներուն հանդէպ բարեկիրթ եղած է։

Իր մահով մենք եւս ձեւով մը որբացանք իր ընտանիքի հարազատներուն նման։ ԱՄՆ այս օտար հողը թեթեւ գայ վրադ ով անհուն հայրենասիրութեամբ լեցուն ընկեր։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ