Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Մայիսեան Հերոսամարտերը Ոչ Թէ Պատմական Փաստ, Այլ Ապագայի Առջեւ Պարտաւորութիւն Ունենալու Յիշեցում Մըն Է

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Սարդարապատի հերոսամարտը, մայիսեան հերոսամարտերու գագաթնակէտը, պատմութեան մէջ արձանագրուած մեր ամուր միասնականութեան ,  կամքի ուժի, ինքնամոռաց հայրենասիրութեան  պատմական եզակի իրադարձութիւններէն   է։ Սարդարապատի հերոսամարտի խրատական ոգիով դաստիարակուած են քանի մը հայ սերունդներ: Նժդեհ, Անդրանիկ, Դրօ ըսելով դաստիարակեցինք մենք մեզի մինչեւ Մոնթէ։ Ու վե՞րջ։ 

Սարդարապատը, Բաշ-Ապարանն ու Ղարաքիլիսան կը նմանին ընտանեկան այն հին լուսանկարներուն , որոնք բոլորը պահած են որպէս ընտանեկան մասունք։ Այդ հին լուսանկարները միշտ 2 բանի կը ծառայեն.  զուտ յիշողութիւններ կ’արթնցնեն, եւ հպարտութեան ու ներշնչանքի նիւթ կը դառնան։ Թէ որ՞ նպատակին կը ծառայեն լուսանկարները, պատմութեան էջերը, անձի մը ներքին արժեհամակարգէն կախուած կ’ըլլայ։

Այդպէս ալ, մայիսեան հերոսամարտերը ոչ թէ միայն անցեալով հպարտանալու առիթ պէտք է ըլլայ, այլ՝ յիշեցում եւ ազդանշան մեզի ու մեզ յաջորդող սերունդներուն, որ մենք պարտք ունինք կատարելու։ Մենք մեր հայրենիքի անվտանգութեան երաշխաւորն ենք։ Մենք կոչուած ենք անոր ծառայելու։ Մեր իւրաքանչիւր  օրը, որուն ընթացքին ինչ որ բան կը ստեղծենք, կը կերտենք, կ’արարենք, պէտք է ծառայէ մեր հայրենիքի բարօրութեանը։ Մեր իւրաքանչիւր ընտրութիւնը, որ մենք մեզի համար կ’ընենք, պէտք է ծառայէ հայրենիքի շահին ու անվտանգութեանը։

Մայիսեան հերոսամարտերը պէտք չէ որ միայն իբրեւ պատմական էջեր արձանագրուած ըլլան, այլ պէտք է եւ պարտաւոր է որ բոլոր սերունդներուն համար յիշեցում ու ազդանշան ըլլան. յիշեցում, որ դժուարութեան, քրտինքի ու արեան գինով կերտուած հայրենիքը պէտք է փայփայել, շէնցնել ու պաշտպանել։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ