Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Լոյս Տեսաւ Հայկազեանի «Իրաքի Հայերը» Գիտաժողովի Նիւթերու Հատորը

Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատունը վերջերս հրատարակեց Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած «Իրաքի հայերը» գիտաժողովին (29-31 Մայիս 2017) նիւթերը:

770 էջնոց հատորը կը բովանդակէ հետեւեալ ուսումնասիրութիւնները.

  • Պետրոս Թովմասեան, «Աբբասեան Խալիֆայութեան Վերջին Շրջանը Եւ Հայկական Ծագումով Աբբասեան Խալիֆաները (991-1258)»,
  • Դոկտ. Գայիանէ Պօղոսեան, «Պաղտատում Գրուած Բժշկական Բնոյթի Ժողովածու»,
  • Դոկտ. Արտակ Մաղալեան, «Հայ Եւ Օտար Ուղեգիրներ՝ Իրաքահայութեան  Մասին (ԺԷ.-ԺԹ. դարեր)»,
  • Քրիսթոֆըր Եանկ, «Անգլօ-Հայկական Առնչութիւններ, ԺԹ. Դարու Իրաքի Մէջ»,
  • Դոկտ. Ուաֆա Մահմուտ, «Մուսուլի Չաքմաքճեանները (ԺԸ.-Ի. Դարեր)»,
  • Դոկտ. Հիլմար Քայզէր, «Մուսուլի Նահանգը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»,
  • Դոկտ. Սեդա Օհանեան, «1918ի Վանի Վերջին Նահանջը. Գաղթականներու Անցած Ուղին, Պաքուպայի Եւ Նահր Օմարի Գաղթակայանները (ակնարկ)» եւ «Պասրայի Հայ Համայնքը Անցեալին Եւ Ներկայիս (ակնարկ)»,
  • Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, «Պաքուպայի Որբանոցայինները Ժողովրդագրական Պատկեր Եւ Ցանկ»,
  • Փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեան, «Իրաքահայ Գաղթականութեան Ներգաղթը Խորհրդային Հայաստան (1921-1925)»,
  • Դոկտ. Ճոն Արմաճանի, «Իրաքի Սահմանադրութիւնը Եւ Հայերը»,
  • Պետրոս Թորոսեան, «Ակնարկներ Քերքուքի 20րդ Դարու Հայոց Պատմութեան»,
  • Եղիա Թաշճեան, «Իրաքի Քիւրտիստանի Հայերը»,
  • Մելիք Յովսէփեան եւ փրոֆ. Արման Եղիազարեան, «Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի եւ Իրաքի Հայ Համայնքի Գործակցութիւնը 1964-1991»,
  • Անուշ Բեժանեան, «Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութիւնը 2003ի Իրաքեան Պատերազմի Լոյսի ներքոյ»,
  • Դոկտ. Սոնա Տօնիկեան, «Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Մարմինների Քաղաքականութիւնը՝ ՀՀ Հաստատուած Իրաքահայերի Հանդէպ  (1991-2015)»,
  • Դոկտ. Վարդան Դեւրիկեան, «Իրաքի Հայոց Առաքելական Թեմը (Հիմնումից Մինչեւ Մեր Օրերը)»,
  • Ռաֆայէլ Ումուտեան, «Իրաքի Հայ Կաթողիկէ Համայնքը Ի. Դարուն (Ակնարկ)»,
  • Դոկտ. Գոհար Աւագեան, «Իրաքի Հայ Դպրոցները, 1918-1974ին (Ակնարկ)»,
  • Համբարձում Աղպաշեան, «Իրաքի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը»,
  • Շաքէ Աշճեան-Արծիւեան, «Իրաքի Հայ Կազմակերպութիւններ Եւ Միութիւններ Եւ Անոնց Ընկերային, Բարեսիրական, Մշակութային Դերը»,
  • Վարանդ Պետրոսեան, «Պաղտատի Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութիւնը»,
  • Նորա Բարսեղեան, ««Գոյամարտ» Թերթը` Հայելի Իրաքահայ Գոյերթին»,
  • Արամ Քեթենճեան, «Հայոց Ազգային Տարրական Երկսեռ Վարժարան» եւ «Պաղտատահայ Մշակութային Գոհարը. «Կոմիտաս» Երգչախումբը»,
  • Փրոֆ. Արտա Արսէնեան-Էքմէքճի, «Տիգրան Կարապետ Էքմէքճեան (1880-1951)»,
  • Արմինէ Չուքասըզեան, «Լուսանկարիչ Յովհաննէս Չուքասըզեան (1914–1994)»
  • Խմբագրութիւն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Բարեսիրական Գործունէութիւնը Իրաքի Մէջ (1957-1973)»,
  • Միհրան Մինասեան, «Արաբագիր Իրաքահայ Գրողներ (Համառօտ Ակնարկ)»,
  • Դոկտ. Արծուի Բախչինեան, «Իրաքահայութեան Նպաստն Իրաքեան Եւ Միջազգային Մշակոյթին»,
  • Արա Աշճեան, «Ի. Դարու Իրաքահայ Անձնաւորութիւններ Եւ Անոնց Նպաստը Իրաքի Պետութեան»,
  • Դոկտ. Վլադիմիր Պօղոսեան, «Աւագ Արք. Ասատուրեանի Առաջնորդական Գործունէութիւնը (1979-2019)»,
  • Սարգիս Քոթունեան, «Իրաքի Հայօճախը 2000-2017 Շրջանին», Խաչիկ Ճանոյեան, «Իրաքահայերը Միացեալ Նահանգներու Մէջ»:

Յաւելուածի բաժնին մէջ ընդգրկուած են.

  • Վարդան Մելքոնեանի, «Իրաքահայոց Հին Մշակոյթը»,
  • Մարլէն Մելքոնեան-Սեդրակեանի «Պաղտատցի Հայերու Դիմանկար Մը»,
  • Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային արխիւէն քաղուած նիւթեր, որոնք կը վերաբերին 1933-1986 տարիներուն,
  • Պաղտատի Ազգային Միացեալ Վարժարանի եւ Իրաքահայ 1950-60ականներու կրթական կեանքին վերաբերող նիւթեր,
  • Յովհաննէս Պօղոսեանի տպաւորութիւնները 1939ի իրաքահայ կեանքէն, եւ Կարինէն Մուսուլ աքսորեալներու պատմական լուսանկար մը:

Գիրքը կ՛ընդգրկէ նաեւ աշխատակիցներու համառօտ կենսագրականները, Իրաքի համառօտ պատմութիւն մը, Իրաքի հայօճախի համառօտ պատումը, ամփոփ մատենագիտութիւն մը Իրաքի հայօճախին նուիրուած, ներածական խօսք մը, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի բացման, առաջնորդ սրբազան Աւագ արքեպիսկոպոսի ողջոյնի եւ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի բարիգալուստի խօսքերը, գիրքին մասին արաբերէն եւ անգլերէն համառօտ ակնարկներ, եւ գիտաժողովին հաղորդագրութիւնը:

Գիրքը Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան կեդրոնի հրատարակած «Հայկական Սփիւռք» մատենաշարի հինգերորդ հատորն է եւ Միջին Արեւելքի հայօճախներուն նուիրուած չորրորդ հատորը՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի հատորներէն ետք:

Ներկայիս խմբագրումի աշխատանքներ կը տարուին՝ Եգիպտոս-Սուտան-Եթովպիա գիտաժողովի նիւթերու հատորին հրատարակութեան ուղղութեամբ:

Հատորը կարելի է ունենալ Հայկազեան համալսարանէն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ