Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեր Կորուստները. Մահացած է Գրող, Հրապարակախօս Թորոս Թորանեանը

3 Յունիս 2021-ին Հայրենիքի մէջ իր մահկանացուն կնքեց գրող, հրապարակախօս, արձակագիր, հասարակական գործիչ, բժիշկ Թորոս Թորանեանը: Այս մասին գուժեց Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան՝ յիշեցնելով, որ Թորանեանը միութեան անդամ էր եւ վերջին տարիներուն կ՝ապրէր Հայաստանի մէջ:

Թորոս Թորանեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ  4 Յունիսի երեկոյեան, Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա, Սբ. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ, ժամը 17:30 – 19:30. Իսկ յուղարկաւորութիւնը՝ Յունիսի 5-ին, ժամը 14:00-ին, Շահումեանի գերեզմանատան մէջ։

Թորոս Թորանեան ծնած է 1928-ին, Հալէպ։ Յաճախած է տեղի Կիւլպէնկեան դպրոցը, այնուհետեւ՝ ստացած բժշկական կրթութիւն։

Հեղինակի գործերէն են՝ «Աստղերու ճամբան», «Կանաչ տառեր», «Երգ արեգական», «Վերստին կարդալով Շահան Շահնուրը», «Ուր կը տանին ճամբաները» եւ այլն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ