Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Թրքական Քաղաքականութեան «Մաֆիոզացումը» Նեղի Մատնած Է Էրտողանը

ՄԵԹԻՆ ԿՈՒՐՔԱՆ
Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը լուրջ վատթարացում պիտի կրէ, եթէ Էրտողան չկարենայ սահմանափակել աննախընթաց գայթակղութիւն մը, բացայայտուած մաֆիոզի մը կողմէ, որ սերտ կապեր ունէր պետական դէմքերու հետ։

Թուրք մաֆիոզ Սետաթ Փեքէր,որ մինչեւ վերջերս նախագահ Ռեճէփ Թայյիպ Էրտողանի համար հաւաքներ կը կազմակերպէր, միաժամանակ շնորհը վայելելով կառավարական շրջանակներու, Մայիսէն իվեր շառաչիւն կշտամբանքներու ենթարկած է Թուրքիան, ցուցադրելով շարք մը վիտէոներ, ուր կը բացայայտուի Թուրքիոյ բարձր քաղաքականութեան սերտ կապը ենթաշխարհին (underworld) հետ, յատկապէս թմրեցուցիչներու, եղեռնագործութեան, ու նոյնիսկ՝ ոճիրի, իշխող կուսակցութեան անդամներուն կամ անոնց մտերիմներուն (cronies) հանդէպ։

Թէեւ ժողովուրդը տեղեակ է, թէ պետական պաշտօնատարներ կը գործակցին ոճրագործներու հետ, ծաւալը ամբաստանութիւններուն ու ծանրաբարոյութիւնը նման դէպքերու, լուրջ մտահոգութիւն յառա՚ջացուցած է Թուրքիոյ այլափոխութեան՝ Էրտողանի օրով։ Այս վերջինը մենավարած է (monopolized) պետութիւնը, համաշահելով (monopolized)  թրքական իշխանութիւնը, ստանձնելէ ետք լայնածաւալ գործադիր իրաւասութիւններ 2018-էն իվեր։

Ըստ դատապարտեալ ոճրագործ, խուլիգան առաջ՚նորդ Սետաթ Փեքէրի, ոստիկանական հետապնդումի ենթարկուած ըլլալով, Պոլիսէն հեռացած է 2019-ի վերջերուն։ Անիկա յայտնօրէն թիրախ դարձուցած է Ներքին Գործոց Նախարար Սուլէյման Սոյլուն, որ ենթադրաբար իրեն խոստացած էր ապահովութիւն, բայց չէր յարգած իր խոստումը, որուն իբրեւ հետեւանք Փեքէր հաշիւ կը մաքրէր։ Մինչեւ 6 միլիոն հոգի, Տուպայի You Tube-ին վրայ, դիտած են Փէքէրի կողմէ հայթայթուած վեց երկար վիտէոներ, որոնց իբրեւ հետեւանք, ընդդիմադրութիւնը պահանջած է խորհրդարանական քննութիւն բանալ կատարուած յայտնութիւններուն նկատմամբ։

Փեքէրի խուզարկումներուն ենթարկուած Սոյլուն եւ այլ անձեր կ՚ուրանան կատարուած մեղադրանքները։ Բայց շատերուն համար այնքան հատու են որ կարելի չէ անտեսել։ Մաֆիոզոն (mobster) կը հայթայթէ մանրամասնութիւններ՝ փաստելու համար իր ըսածները, ներառեալ՝ ձայնագրումներ, կառավարութեան կողմնակից լրագրողի մը հետ, որ միջնորդի դեր ունէր Սոյլուի հետ։ Անիկա խոստովանած է նաեւ իր սեփական դերը հանրայայտ դէպքերու առիթով, ինչպէս՝ հարուածելու համար նախկին իրաւաբան մը եւ յարձակում գործելու «Հիւրրիէթ» օրաթերթի գրասենեակներուն վրայ։ Կը կարծուի, թէ ի՛նք կազմակերպած էր յիշեալ յարձակումը, Էրտողանի «Արդարութիւն եւ Զարգացում» (AKP) կուսակցութեան պատուէրով։

Գերիրապաշտ թուացող վերոյիշեալ գայթակղելի դէպքի ընթացքին, միլիոնաւոր հեռուստադիտողներու դիմաց, Ներքին Գործոց Նախարարը ու մաֆիոզը կ՚անարգեն զիրար լուտանքներով։ Ասիկա գաղափար մը կու տայ Անգարայի «աղտոտ լաթերու» մասին։

Փեքէրի կարծեցեալ իրաւունքները (claims) կը վկայեն փտածութեան մասին AKP-ի շարքերուն մէջ, եւ հաւանականօրէն կ՚արձագանգեն Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս, որովհետեւ կ՚առնչուին թմրեցուցիչներու վաճառքին, դրամական միջազգային շրջանառութեամբ։ Փեքէրի ամբաստանութիւնները պետական համակարգի եղեռնագործութեան կ՚առաջնորդեն։ Այս «դրութիւն»ը կ՚օգտագործուի պետական ներքին պայքարներու, media-ի զանազան միջոցներուն վրայ ազդելու, քաղաքական քարոզչութիւն ծաւալելու համար։

Ինչ որ ըլլան հակամարտութեան մանրամասնութիւնները, Փեքէրի ամբաստանութիւնները երկու հիմնական ազդակներ կը բացայայտեն։

Առաջինը տնտեսական է, որ կապ ունի երկրին ստորերկրեայ (underground) տնտեսութեան հետ, որ մեծապէս զարգացած է վերջին տարիներուն։ Ապօրէն եկամուտները կու գան ոչ միայն ընդհատակեայ գործունէութիւններէ, ինչպէս՝ պոռնկագրութենէ, դեղանիւթերէ, մաքսանենգութենէ՝ այլազան ու քարիւղային, այլ՝ ազդեցութեանց փերեզակութենէ, ինչպէս՝ կաշառակերութիւն, մանաւանդ օտար ընկերութիւններու կողմէ, որոնք կ՚ուզեն առեւտուր ընել Թուրքիոյ հետ։

2016-ի պետական հարուածի փորձէն ետք, ապօրէն դրամի եկամուտները աւելցած են։ Անգարա ամբաստանեց Մ. Նահանգներ հաստատուած, ու բազմաթիւ հետեւորդներ ունեցող, քարոզիչ Ֆեթհուլա Կիւլէնը։ Որպէս հետեւանք Կիւլէնիսթ կազմակերպութիւնները գրաւուելով վաճառուեցան, մեծ մասամբ կառավարող կուսակցութեան (AKP) անդամներուն, կամ՝ անոնց մերձաւորներուն։ Բազմաթիւ գործավարներ, որոնք ամբաստանուած էին Կիւլէնիսթ հակումներով, ծանր կաշառքներ վճարեցին, խուսափելու համար հետաքննութիւններէ, կամ՝ դատերէ, ճանչցուած իբրեւ «FETO-ի շուկայ»։

Համաձայն ոստիկանական աղբիւրներու, ապօրէն դրամը, միայն Իսթանպուլի մէջ, կը հաշուէր մօտաւորապէս 10 պիլիըն տոլար 2020-ին, բաղդատած 2015 տարուան նոյնանման ապօրէն գումարի հետ, որ 3 պիլիըն տոլար էր։

Երկրորդ պատճառը քաղաքական է։ Թուրքիոյ վարչամեքենային փոխակերպումը 2018-ին գործադիր իշխանութեան, կառավարական լիազօրութիւնները բարձրացած են ի վնաս պատասխանատուութեան (accountability) ու թափանցկութեան (transparency), որոնք կ՚իշխէին արդարադատութեան ու media-ին վրայ, մինչ խորհրդարանը կը կորսնցնէր իր տեղական (oversight) պաշտօնը։

Յիշատակելի է  Նոյեմբերին Էրտողանին պատասխանը ընդդիմադրութեան հարցապնդումներուն, կառավարութեան Նոյեմբերին կատարուած ծախսերուն մասին։ Էրտողան յանդիմանական պատասխանած է, թէ «այլեւս ժամանակ չունէր տեղեկագրելու նման բաներու մասին»։ Անպատժութեան (impunity) այս կեցուածքը յաճախ տեսանելի է AKP-ի անմակարդակ պատգամաւորներուն եւ անոնց կողմնակիցներուն հանդէպ։ Համաձայն քննադատներու, կառավարութիւնը ծածկելու վրայ է անհաշիւ արարքներ գէշ ընթացքի ու կաշառակերութեան, զորս կարելի չէ լուսաբանել, այնքան ատեն որ Էրտողան պաշտօնի վրայ է։

Այսուհետեւ, AKP-ին համար իշխանութեան գլուխ մնալը մահ ու կենաց խնդիր դարձած է։ Կիւլէնին հետ թշնամանալէ ետք, Էրտողան դաշնակցած է «Ազգային Շարժում» կուսակցութեան հետ, որ իր կարգին քաջալերած է ոճրագործ խմբաւորումները, որոնց շարքին՝ Փեքէրինը։

Ուղիղ կապ մը կայ գայթակղութեանց եւ ազգայնականներու միջեւ. ձախող պետական հարուածէն ետք, ասոնց կողմնակիցները հայրենասէրներ են, ու մնացեալ բոլորը՝ թշնամիներ։ Նման մթնոլորտի մէջ, բոլոր անոնք որոնք իրենք զիրենք կը նկատեն պետութեան պաշտպաններ, ու կ՚անարգեն ընդդիմադրութիւնը, դիւրաւ կը վարձատրուին՝ այլազան դիրքեր գրաւելով, աննկատ ձգելով անոնց կոչումը կամ բարոյական անեղծութիւնը։

Փեքէրի վայրահաջութիւնները Սոյլուի կամ AKP-ի անդամներու հասցէին, անմիջական ազդեցութիւն մը չունեցան Էրտողանի դիրքին վրայ Խորհրդարանէն ներս, սակայն անխուսափելիօրէն պիտի նսեմացնեն իշխանութեան վարկը, եթէ դատախազները չհետազօտեն կարծեցեալ իրաւունքները (claims)։ Էրտողան մունջ կեցած է Սոյլուի հանդէպ կատարուած ամբաստանութիւններու դէմ, որ կը նշանակէ, ոմանց համար, թէ ենթակային հրաժարականը կրնայ պահանջել։ Սոյլուն, որ ապահովութեան հարցերու մէջ տիրակալ է, մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ կառավարական շրջանակներու մէջ, եւ որ Էրտողանի փեսային՝ Պետաթ Էլպայրաքի հետ մնայուն պայքարի մէջ է։ Սոյլուն, 2020 Ապրիլին, քորոնավայրըսի մէկ հարցով, ներկայացուցած է իր հրաժարականը, որ մերժուած էր սակայն։

Փեքէր խոստանալով կատարել նոր յայտնութիւններ, կառավարութիւնը կը գտնուի մեծ փորձութեան մը առջեւ, ցուցաբերելու համար իր մաքառումը փտածութեան ու կազմակերպեալ ոճրագործութեան դէմ։ Այս գայթակղութեան առաջքը չառնելու պարագային, Էրտողան, որպէս գործադիր նախագահ, պիտի դիմագրաւէ իր կեանքին մեծագոյն քաղաքական տագնապը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ