Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրքիոյ 1-ին Մասնագէտ Բռնցքամարտիկ Կարպիս Զաքարեանի Յիշատակին Նուիրուած Ցուցահանդէս

Պոլիս

Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ, Յունիս 3-ին, բացուած է Թուրքիոյ 1-ին մասնագէտ բռնցքամարտիկ, «Երկաթէ բռունցք» ծածկանունով յայտնի Կարպիս Զաքարեանի յիշատակին նուիրուած ցուցահանդէս։ Հանրութեան ներկայացուած են Զաքարեանի լուսանկարներն ու իրերը: Այս մասին կը տեղեկանանք Ermenihaber.am-էն։

Ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած են Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը, Պէյօղլուի համայնքապետ Հայտար Ալի Եըլտըզը, Թուրքիոյ բռնցքամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Էյուպ Կիոզկեչը, Զաքարեանի հարազատները եւ ուրիշներ:

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Յունիս 10:

Յիշեցնենք, որ Զաքարեանը մահացած էր 2020թ Յունուար 25-ին, 90 տարեկանին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ