Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

«Հայկական Մշակութային Շաբաթ»-ուան Եզրափակիչ Համերգները Հալէպի Պետ. Համալսարանէն Ներս

Սուրիա

Հալէպի Պետական համալսարանէն ներս «հայկական Մշակութային Շաբաթ»ի եզրափակիչ համերգները տեղի ունեցան Երեքշաբթի, 8 Յունիս 2021-ի միջօրէին, Ճարտարապետական համալսարանի սրահէն ներս, ներկայութեամբ հայ եւ արաբ մեծաթիւ ուսանողներու եւ համալսարանի պատասխատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն։ Այս մասին կը տեղեկանանք «Գանձասար»-էն։

Նախ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, մեկնաբանելով՝ «Երեւան» «Պիսապահի Ալֆիթալէթ», «Աթլէք Նիրանաքա», «Եարխուշտա» եւ կոմիտասեան փունջ մը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի, ապա հանդէս եկաւ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Էսդրատային նուագախումբը իր մենակատարներով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ տոքթ. Ռաֆֆի Ապէճեանի:

Հուսկ հանրաճանաչ երգիչ Վահէ Յովհաննէսեան հայրենասիրական երգերով խանդավառեց մթնոլորտը: «Հայկական Մշակութային Շաբաթ»ին նպատակն էր սուրիացի համալսարանականներուն նախաճաշակ մը հրամցնել հայ ժողովուրդի ծագման, պատմութեան եւ մշակոյթին մասին:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ