Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

«Կեանքը Եւ Վէպի Ընդգրկումները» Խորագրով Միջազգային Գիտաժողով

Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական Պետական մանկավարժական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի, Վաչէ Պարտիզունու անուան հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի եւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կենտրոնի կազմակերպութեամբ, Մայիսի 27-ին կայացաւ «Կեանքը եւ վէպի ընդգրկումները. ազդեցութիւններ եւ զարգացման ուղենիշներ» խորագրով միջազգային գիտաժողով: Գիտաժողովի կազմակերպիչ փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանը նշեց, որ այն բացառիկ է թէ՛ նիւթի բազմաբովանդակութեան առումով, թէ՛ իր աշխարհագրական ընդգրկումներով՝ Հայաստան, Արցախ, Ամերիկա, Թուրքիա, Լիբանան, Ուկրանիա, Փորթուկալ: Ան հպարտութեամբ ընդգծեց, որ Մանկավարժական համալսարանին եւ անոր ղեկավարութեան՝ յանձինս տնօրէն, փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեանի, յաջողած է այս դժուար ժամանակաշրջանին մէկտեղել առաջատար գրականագէտներն ու գրականութեան տեսաբանները, որոնց զեկուցումները պիտի տպագրուեն առանձին ժողովածուով:

Մասնակիցները, նախ, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Արցախեան երկրորդ պատերազմին զոհուած երիտասարդ տղոց:

Ապա Սուրբ Էջմիածինէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան փոխանցեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ողջոյնները: Սրբազանը կարճ ակնարկ կատարեց վէպի զարգացումներուն, ապա նշեց, որ վէպը մեր կեանքի արտացոլանքը պէտք է ըլլայ:

Գիտաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՊՄՀ ուսումնագիտական գծով տնօրէնի տեղակալ, փրոֆ. Սրբուհի Գէորգեան: Ան նկատեց, որ այսօր կ՝ապրինք շատ իւրայատուկ եւ բարդ ժամանակահատուածի մը մէջ. տարբեր մշակոյթներու, հասկացութիւններու խաչմերուկին վրայ յայտնուելով՝ կը փորձենք գտնել «մեր ժամանակի հերոսը»:  Իւրաքանչիւրիս համար այսօր հերոսներ են Արցախեան պատերազմին մասնակցած տղաները՝ վկայ համալսարանի բակին մէջ մէկ օր առաջ տեղադրուած յիշատակի եւ խոնարհումի յուշարձանը:

Ներկաները ողջունեց Հայաստանի ԳԱԱ հայագիտութեան բաժանմունքի ակադեմիկոս քարտուղար Եուրի Սուվարեան, որ առանձնացուց վէպին վերաբերող կարեւոր յատկանիշները: Ան նկատեց, որ վէպը կ՝արտացոլէ ժողովուրդներու գեղարուեստական մտածողութեան մակարդակը, եւ այս առումով պատահական չէ հայ իրականութեան մէջ պատմավէպերու նկատմամբ առանձնայատուկ վերաբերմունքը:

«Կարդալ ինչ որ երբեք չէ գրուած (Վալթեր Բենիամին եւ Յակոբ Օշական)» զեկոյցով լիագումար նիստին խօսեցաւ յայտնի փիլիսոփայ, գրականագէտ, թարգմանիչ Մարք Նշանեան (Լիզպոն), որ իր կեանքի քառասուն տարիները նուիրաբերած է գրող Յակոբ Օշականի ստեղծագործական բարդ համակարգը վերծանելուն: Ան ուշագրաւ զուգահեռներ անցուց գերմանացի հրէայ փիլիսոփայ Բենիամինի եւ Օշականի ստեղծագործական վաւերական գործօններուն միջեւ:

«Վէպի ժանրի թարմացման ուղիով» զեկուցումով ԵՊՀ-ի գրականութեան տեսութեան լաւագոյն գիտակներէն փրոֆ․ Ժենիա Քալանթարեան ծանրացաւ ժամանակակից հայ վիպասանութեան նորագոյն դէմքերու յատկանշական կողմերուն վրայ:

Իր թարգմանչական գործունէութեան, հայ գրականութեան ընկալումներուն մասին արտայայտուեցաւ հայ ժողովուրդի բարեկամ, Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ երկարամեայ դեսպան Օլեքսանտր Պոժգոն («Հայ արձակը ձեւերու եւ գաղափարներու խաչմերուկին վրայ. թարգմանիչի տեսանկիւն»):
Երկու հանճարեղ գրողներու՝ Ֆ. Տոստոեւսկիի եւ Յ. Օշականի ստեղծագործական ընդհանրութիւններու, գրական ազդեցութիւններու շուրջ» նիւթով նիստը եզրափակեց Սուրէն Դանիէլեան («Տոստոեւսկի եւ Օշական. աղերսներ»):

Ապա, լսարանային եւ առցանց, գիտաժողովը շարունակեց իր աշխատանքը երկու մասնախումբերով՝ «Հայ վիպագրութեան սահմաններուն մէջ» եւ «Գրապատմական եւ տեսաբանական զուգահեռներու մէջ», որոնց մէջ քննուեցան վէպի ծագման ու զարգացման, կեանքի եւ վէպի յարաբերակցութեան շուրջ հարցեր:

Զեկուցումներ կարդացին Հայաստանի ԳԱԱ թղթակից անդամ, փրոֆ. Ալիտա Դոլուխանեանը («Վէրք Հայաստանի»ն իբրեւ առաջին վէպ հայ իրականութեան մէջ»), փրոֆեսըրներ Ալպերթ Մակարեանը («Արտադիպաշարային տարրերը Յ. Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկանները» վիպակին մէջ»), Ռուզան Թադէոսեանը («Դէպի հայ ընթերցող․ Լեւ Պոլսթոյի «Աննա Կարենինա» վէպի ճանապարհը»), Մարթին Գիլաւեանը («Պատմութեան հայեցակարգը քրոնոտոպի ընկալման կարեւոր միջոց»), Ազատ Եղիազարեանը («Հայ նորագոյն գրականութեան երկու մեծ վէպերը. Ե. Չարենցի «Երկիր Նաիրի»ն եւ Գ. Մահարիի «Այրուող Այգեստաններ»ը»), դոցենտներ Աշխէն Ջրբաշեանը («Կեանքի արտացոլման ձեւերի եղափոխութիւնը վիպական կառոյցներում»), Աշոտ Գալստեանը («Հայրապատումի մոդէլը խորհրդահայ ինքնակենսագրական վէպում»), Նայիրա Խաչատրեանը («Դիանա Համբարձումեանի «Կանաչ Մարգագետնի Հմայքը» վէպի պարունակներում»), Արմէնուհի Մուրադեանը («Ստ. Ալաջաջեանի վէպերն իբրեւ փաստագրական վկայութիւն»), Դաւիթ Մոսինեանը («Վէպի աւարտ. պատումի եւ կեանքի սահմանին»), Քնարիկ Աբրահամեանը («Նամակն իբրեւ հայ վէպի ժանրակազմիչ տարր (ազդեցութիւններ)»), Սեւան Տէյիրմենճեանը («Զոհն ու վկան` Զաւէն Պիպէռեանի «Լկրտածը» վէպում), Նոնա Դաւթեանը («Վերյուշը սփիւռքահայ վէպում»), Վարդան Մատթէոսեանը («Կոստան Զարեան, Լորընս Դարրէլ եւ տարագրութեան դրախտավայրը»), Աննա Սարգսեանը («Զապէլ Եսայեան. վիպական մտածողութեան հարցեր»), Նելլի Թադէոսեանը («Ինքնակենսագրական ժանրի դրսեւորումը Վ. Շուշանեանի արձակում»):

Գիտաժողովի աշխատանքներն ամփոփելով՝ Ս․ Դանիէլեան ընդգծեց յատկապէս նիւթերուն բովանդակային կողմը: Վէպը հայ գրականութեան ամէնէն դժուար տեղամասն է: Եւ տարբեր պատուհաններու առկայութիւնը խիստ կարեւոր է: Միաժամանակ գնահատուեցաւ ժանրի թռիչքը 20-րդ դարուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն, կազմակերպիչներուն եւ ունկնդիր ուսանողութեան, բոլոր անոնց, «որոնք ամբողջացուցին մեր պատկերացումները վէպի մասին, ընկալումներու նոր պատուհաններ բացին, իսկ ասիկա ամենամեծ նուաճումն է: Պահենք մեր մտածողութեան ինքնութիւնը. հայ վէպի զարգացման ուղենիշը թերեւս նոյնինքն այս է»:

(Քաղուած «Սփիւռք» կեդրոնի թղթակցութենէն)

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ