Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Դարձեալ Շուներու Մասին . . .

Գիտցած եղէք որ շուները իմ թշնամիս չեն, սակայն անոնց հոգատարութեան համար ծախսուած անհամար գումարներուն հետ չեմ կրնար հաշտուիլ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ այդ գումարները կրնան աւելի լաւ ծառայութիւն բերել՝ եթէ ծախսուին թերզարգացած (underdeveloped) երկիրներու չքաւոր ընտանիքներու կարօտեալ մանուկներուն համար, չէ՞ք խորհիր։

Անցեալ տարի ամերիկայի մէջ ծախսուած է 103 միլիառ տոլար ընտանի կենդանիներուն վրայ։ Օրինակ մը տալու համար թէ որքան շատ է այս գումարը, բաղդատենք զայն կարգ մը երկիրներու պետական տարեկան պիւտճէին հետ։ Հոլանտայի տարեկան պիւտճէն է 20.74 միլիառ տոլար, Հայաստանի տարեկան պիւտճէն է 4 միլիառ տոլար, իսկ Յորդանանին տարեկան պիւտճէն 1.7 միլիառ տոլար։

Հասկնալի է որ շուներու վրայ ծախսուած կարգ մը գումարները անհրաժեշտ են եւ տրամաբանական։ Օրինակ՝ անոնց կերակուրի ծախսերը, բժշկական խնամքի ծախսերը, մաքրութեան եւ առողջապահական ծախսերը եւ այլն։

Սակայն զանոնք մարդու տեղ դնելով շփացնելը, անհասկնալի է գէթ ինծի համար։ Առնենք Ֆլորիտայի Օրլանտօ քաղաքի բնակիչներէն 51 տարեկան Քրիսթին Պոյտը։ Ան ունի dachshund տեսակի երեք շուներ՝ Riley, Brody and Jasper։ Քրիսթին՝ Jasper-ին քաղցկեղէ բժշկուելուն առիթով ուզած է յատուկ ուտելիքներով տօնել այդ ուրախ լուրը։ Բայց, ի՞նչ ըրած է։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։

Քրիսթին իրենց տան մօտակայ Wolf Gang անուշավաճառի խանութէն ապսպրած է զանազան ուտելիքներով զարդարուած պնակ մը (տես նկարը) եւ զայն զետեղած իր շուներուն առջեւ։ Զարմանալի է որ շուները չեն դպչիր այդ պնակի ուտելիքներուն, կ՛երեւի հրամանի կ՛սպասեն՝ չէ՞։

Քրիսթին աւելցուցած է որ անոնք այնքան սիրեցին իրենց հրամցուածները որ կը ծրագրէ նոյն բանը կրկնել, անոնց ծննդեան տարեդարձներուն առիթով։

Կցուած երկրորդ նկարն ալ ցոյց կու տայ քաղցրաւենիքի ուրիշ պնակ մը, որ մեծ ընդունելութիւն գտած է շուն ունեցող բազմաթիւ ընտանիքներու մօտ։ Է՜հ, մարդիկ կը սիրեն զիրար կապկել եւ երբեմն ալ գերազանցել այդ երեւոյթին մէջ, չէ՞ք խորհիր!

Նաեւ Մեղուներու Մասին . . .

Դժբախտաբար մեղուներու մասին շատ չի խօսուիր, թէեւ անոնց տքնաջան աշխատանքը շատ կարեւոր է՝ թէ ծաղիկները բեղմնաւորելու, որոնք մեզի պիտի հայթայթեն պտուղ եւ թէ ալ մեղր պատրաստելու, զորս մեր սեղանները կը զարդարեն առաւօտեան նախաճաշին համար։

Մեղուներու մասին շատ չենք խօսիր՝ որովհետեւ կը վախնանք անոնցմէ, քանի անոնք կրնար մեզ խայթել եւ ցաւ պատճառել . . . Սակայն անհրաժեշտ են անոնք մեր առօրեայի կեանքին համար, վերեւ յիշուած շատ կարեւոր պատճառներուն համար։

Չես գիտեր ինչո՞ւ, երբեմն կը պատահի որ մեղուները շուարին եւ ծաղիկներու փոխարէն խմբուին ուրիշ տեղեր: Բայց չմոռնանք որ անոնք կը հետեւին իրենց Թագուհիին։ Ուրեմն կարելի է ըսել որ Թագուհին սխալած է այս պարագային եւ ահա նման պատմութիւն մը մեզի կու գայ Նիւ Մեքսիքօ նահանգի Լաս Գրուսըս քաղաքէն։ Բայց ի՞նչ է պատահածը։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Մարդ մը շուկայ կ՛երթայ տունին համար ապրանք գնելու։ Երբ ապրանքները ձեռքը ինքնաշարժ կը վերադառնայ, կը տեսնէ որ մեղուները ողողած են (տես նկարը) ինքնաշարժը՝ որուն ետեւի պատուհանը սխալմամբ բաց թողուած էր։ Ան անմիջապէս կը հեռաձայնէ 911, օգնութիւն հայցելով։

Հեռաձայնին կը պատասխանէ հրշէջներէն 37 տարեկան պաշտօնատար մը, որ խորոված կը պատրաստէր իր ընտանիքին համար։ Դուն մի՝ ըսէր, հաճոյքի համար (hobby) ան կ՛զբաղի եղեր մեղուաբուծութեամբ . . . Ուստի կը փութայ ինքնաշարժին վայրը եւ բծախնդրութեամբ ու համբերութեամբ 15,000 հաշուող մեղուներու խումբը՝ որոնք կը կշռեն մօտաւորապէս 3 ½ pound (1.6 քիլօկրամ), կ՛առաջնորդէ դէպի իր բնակարանը։

Իսկ հետաքրքրական կէտը այս պատմութեան ան է որ շուկայ գացող մարդը ինքնաշարժը փոխ առած է իր բարեկամէն եւ կ՛ուզէ զայն վերադարձնել առանց մէկ փորձանք մը բերած ըլլալու ինքնաշարժին, որը շատ բնական է, չէ՞ք խորհիր!

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ